«ԼԻԲԱՆԱՆ ԿԱՐԻՔՆ ՈՒՆԻ ՇՏԱՊ ՕԳՆՈՒԹԵԱՆ» … Ո՞Վ Է ԼՍՈՂԸ․․․

«ԼԻԲԱՆԱՆ ԿԱՐԻՔՆ ՈՒՆԻ ՇՏԱՊ ՕԳՆՈՒԹԵԱՆ» … Ո՞Վ Է ԼՍՈՂԸ․․․

«Լիբանան կարիքն ունի շտապ օգնութեան»։

Ահազանգողը Œuvre d’Orient-ի ընդհանուր տնօրէնն է, Փասքալ Կոլնիշ եպիսկոպոսը։ Դժբախտաբար սակայն ո՞վ է զինք լսողը․․․։

Œuvre d’Orient-ը՝ 160 տարիէ ի վեր Արեւելքի քրիստոնեաներուն ծառայող ընկերակցութիւն մըն է։ Անոր տնօրէնը կը հաստատէ որ լիբանանեան պետութիւնը տարիներէ ի վեր ոչ մէկ յատկացում կատարած է ո՛չ ձրիավարժ դպրոցներուն, որոնցմէ շատեր իրենց աշակերտներուն սննդառութիւնն անգամ կը հոգան, ո՛չ բժշկական հաստատութիւններուն՝ որոնք կը ծառայեն խնամքի կարօտ չքաւորներուն։

«Բնակչութեան շուրջ 40 առ հարիւրը անգործ է եւ բնակիչները սովահարութեան մատնուելու վրայ են։ Ամէն օր սննդանիւթեր բաշխելու օգնութեան դիմումներ կը ստանանք» կը յայտարարէ Եպիսկոպոսը 5 Մայիսին տեղի ունեցած մամուլի ասուլիսի մը ընթացքին, որ նուիրուած է «Արեւելքի Քրիստոնեաներու Օր»ուան (17 Մայիս)։

Գերապայծառ Կոլնիշ կը նշէ որ «Լիբանանի դրամատնային եւ տնտեսական տագնապին հետեւանքով երկրին տնտեսութիւնը, ճարտարարուեստը եւ հողագործութիւնը գոյութիւն չունին այլեւս, ինչ որ հսկայական անգործութեան պատճառ դարձած է։ Աղքատութիւնը եւ անօթութեան խնդիրը կը վերաբերին ոչ միայն աղքատ դասակարգերուն, այլ նաեւ միջին դասակարգերուն»։ Ըսելով որ իր կազմակերպութիւնը այլեւս ի վիճակի չէ բոլորին օգնելու, ան շտապ օգնութեան կոչ կ՛ընէ։ «Ի՞նչ կրնանք ընել մեր կազմակերպութեան 20 միլիոն եւրոյի պիւտճէով, ինչ որ քիչ չէ բայց շատ հեռու է ամբողջ բնակչութիւն մը կերակրելու համար անհրաժեշտ պետական պիւտճէէն» կ’ըսէ ան։

Գերապայծառ Կոլնիշ կ՛անդրադառնայ նաեւ Իրաքի, Սուրիոյ եւ Լիբանանի կաթողիկէ դպրոցներուն, որոնք առանց խտրութեան կ՛ընդունին իսլամ եւ քրիստոնեաներ եւ որոնց աշակերտութեան թիւը կը հասնի 400․000-ի։ «Քրիստոնեաներ եւ իսլամներ, աղքատներ եւ հարուստներ, աղջիկ եւ տղաք ընդունող այս դպրոցները, որոնցմէ ոմանց աշակերտները թէեւ քաղքենի դասակարգի զաւակներ են, սակայն ուրիշներ ձրիավարժ են աղքատներուն համար եւ ասոնց գոյութիւնը վտանգուած է»։

Դժբախտաբար Գերապայծառ Կոլնիշին ահազանգն ու կոչը դադրած են պէտք եղած արձագանգը գտնելէ, ոչ այնքան անոր համար որ միջազգային կառոյցները սկսած են անտարբեր ըլլալ, այլ մանաւանդ անոր համար որ պետական ղեկավարները վստահութիւն չեն ներշնչեր։

Ռատիօ Վատիկան