ՀԱՅՐ ՊՕՂՈՍ ԱՐԻՍ՝ ՄԵԾԱԳՈՐԾ ՄԱՐԴՆ ՈՒ ՔԱՀԱՆԱՆ

ՀԱՅՐ ՊՕՂՈՍ ԱՐԻՍ՝ ՄԵԾԱԳՈՐԾ ՄԱՐԴՆ ՈՒ ՔԱՀԱՆԱՆ

ՍԱՐԳԻՍ ՆԱՃԱՐԵԱՆ

—————————

Չափազանցութիւն չէ մեծագործ որակել սքեմաւոր այն մարդը՝ որ իր բազմարդիւն ներդրումը ունեցաւ լիբանանահայ գաղութի կազմաւորման վրայ եւ որուն շատ բան կը պարտի լիբանանահայութիւնը, որ անոր կատարած ազգաշէն գործին արդիւնքը կը վայելէ ցայսօր, իր մահուընէ վեց տասնամեակ ետք։

Հայր Պօղոս Արիսն է ան։

Մեծագործ Մարդն ու Քահանան, որու անձին եթէ ծանօթ չէք, բայց անպայմանօրէն հեռուէն կամ մօտէն ծանօթացած պիտի ըլլաք գործին, որովհետեւ այդ գործին բարիքները ցայսօր վայելելու վրայ ենք՝ թերեւս առանց նոյնիսկ իմացած ըլլալու գործի հեղինակի մասին, որովհետեւ ան եղաւ այնքան համեստ, նիւթապէս ու բարոյապէս այնքան անշահախնդիր որ կնիքը կամ իր ստորագրութիւնն անգամ չդրաւ իր ձեռակերտին վրայ՝ իր վարձատրութիւնը փնտռելով միայն Աստուծոյ կամքը կատարած ըլլալու հոգեկան բաւարարութեան մէջ։

Թող զարմանալի չթուի որ անոր յուղարկաւորութիւնը, ասկէ ուղիղ վաթսուն տարի առաջ տեւեց երեք օր, որովհետեւ անոր մահը սգացին ո՛չ միայն ազգականներ ու բարեկամներ, ո՛չ միայն հոգեւոր եղբայրները իր, ո՛չ միայն իր Միաբանութիւնը եւ համայնքը, այլ համայն լիբանանահայութիւնը իր բոլոր համայնքներով ու խաւերով. աւելին՝ համայն Լիբանանը իր ժողովուրդով ու պետական աւագանիով։

Վկա՛յ, 1961-ի Յունուարի 26-ին մինչեւ Սուրբ Փրկիչ եկեղեցին հասնող եւ Պուրճ Համուտի փողոցներէն ուսամբարձ տարուող դագաղին հետեւող սկաուտները ո՛չ միայն Մեսրոպեանի կամ Հ.Մ.Ը.Մ.ի, այլ լիբանանեան տարբեր կազմակերպութեանց, աշակերտները ո՛չ միայն կաթողիկէ վարժարաններու՝ Մեսրոպեանի, Սրբուհի Ագնէսի կամ Սրբուհի Շուշանի, այլ հայկական բոլոր վարժարաններուն՝ Նուպարեանի, Աբգարեանի, Արամեանի, Կիլիկեանի, Ահրամճեանի, Թէքէեանի, Լուսինեանի, Քառասուն Մանկանց, Պօղոսեանի, Թրատի եւ Մարաշի աւետարանական վարժարաններու եւ դեռ աշակերտները տարբեր համայնքներու վարժարաններուն։

Նշանակալից է, որ նորակազմ հայկական գաղութի ազգային երեւելի դէմքերու, քրիստոնեայ համայնքապետերու կողքին անոր ուսամբարձ դագաղին ետեւէն Պուրճ Համուտի շրջանը ըրին իսլամ համայնքներու ներկայացուցիչները իրենց շէյխերով, որովհետեւ Հայր Պօղոս Արիսի ժողովրդանուէր բազմօգուտ աշխատանքին ծանօթ էր ամբողջ Լիբանանը։

Իր հօտին օգնութեան փութալու պատրաստ, արագահաս հովիւն էր ան, որուն կեանքին ու գործին հպանցիկ ակնարկ մը նետելու համար անոր ո՞ր յատկանիշը կարելի է լուսարձակի տակ բերել ու ներբողել.Զտարիւն եւ նախանձախնդիր հա՞յը, օրինապահ լիբանանցի՞ն, անխոնջ շինարա՞րը, ձեռնհաս տնտեսագէ՞տը, շրջահայեաց հասարակական եւ քաղաքական գործի՞չը, անձնուրաց ընկերային ծառայո՞ղը, ներհուն մտաւորակա՞նը, գորովագութ հոգատա՞րը որբերու, անձնուէր դաստիարա՞կը, թէ՞ այս բոլորին հետ, այս բոլորէն առաջ եւ վեր, անբասիր Քահանան, Սուրբ Վարդապետը, ինչպէս կը սիրէին զինք կոչել Պուրճ Համուտի բնակիչները։ Անոր քահանայական առաքելութիւնն ու մարդկայնական արժանիքները իրարու լրացուցիչներ ըլլալով, ժողովուրդը մարդուն մէջ կը տեսնէր իր սրբակենցաղ առաքեալը։

Դժուար է Մարդն ու Աստուծոյ Առաքեալը, Հայն ու Լիբանանցին իր անձին մէջ միաձուլող մեծագործ տիպարի մը, անոր կեանքին ու գործին մէկը միւսէն հարուստ ու բովանդակալից երեսներու գնահատութիւնը խտացնել քանի մը էջերու մէջ։

Փորձե՛նք։

 

1912-ԻՆ՝ ՔԱՀԱՆԱՅ ՅԱՒԻՏԵԱՆ

Հալէպէն մինչեւ Պոլիս, վեղարաւորներու վարժարանը, իր ծնունդէն՝ 1889-էն մինչեւ երիտասարդութեան առաջին տարիները զինք հալածած քահանայական կոչումին իբրեւ արդիւնք, զինք 1909-ին կը գտնենք Զմմառու վանքին ընծայարանը։ 1912-ին՝ Քահանայ յաւիտեան։

Կարճատեւ պաշտօնավարութենէ մը ետք, իր ծննդավայր Հալէպի մէջ, 1914-ին զինք դարձեալ կը գտնենք Պէյրութ, Սբ. Եղիա եկեղեցւոյ ժողովրդապետի պաշտօնով։

Իրեն վստահուած առաջին իսկ առաքելութիւնները առիթներ կ’ըլլան բացայայտելու անոր արտակարգ յատկանիշները իբրեւ նախաձեռնող, խիզախ ու անխոնջ, բացառիկ յիշողութեան ու փայլուն իմացականութեան տէր անձնաւորութիւն։

Հայկական ջարդերն ու տեղահանութիւնները կը մորմոքեն երիտասարդ Քահանային հայատրոփ սիրտը։ Կը փութայ Կիլիկիա, Այնթապ, Մարաշ, նուիրուելու համար խուճապահար հայ ժողովուրդը կազմակերպելու աշխատանքին որպէսզի ան պատրաստ ըլլայ դիմագրաւելու իր գոյութեան սպառնացող ամէն նոր վտանգ։ Իր արդէն իսկ փխրուն առողջութիւնը աւելի քայքայելու գնով կը դառնայ համակ նուիրում ահաւոր կոտորածի խլեակներուն։

Առողջութիւնը վերագտնելու համար իրեն ընծայուած հանգիստի առիթները լաւապէս կը ծառայեցնէ ինքնազարգացումի։ Այսպէս, Կիլիկիայէն վերադարձին, երբ առողջութիւնը վերագտնելու համար կ’ուղարկուի Եւրոպա, Գերմանիոյ եւ Աւստրիոյ մէջ կը տիրապետէ նաեւ գերմաներէնի՝ ֆրանսերէնի կողքին։

Կիլիկիոյ հայութեան արտագաղթի լուրը զինք դարձեալ կը մղէ Լիբանան, ուր կը նշանակուի Ազգային Միութեան քարտուղար եւ վարիչ՝ Քարանթինայի հայկական հիւղաւանին՝ քեմփին։ Կ’ապրի ու կը բաժնէ տառապանքը մնացորդացին։ Կը նուիրուի այդ տառապանքը մեղմելու աշխատանքին։

1931-ին, երբ հրդեհ մը մոխիրի կը վերածէ Քարանթինայի հայկական հիւղաւանը, Հայր Պօղոս Արիս կը գտնուի աղէտեալներու օգնութեան գործի առաջին գիծին վրայ։ Հրդեհահար մեր ժողովուրդը առաւելաբար իրեն կը պարտի իր տեղաւորումը Պուրճ Համուտի շրջանին մէջ, ինչպէս աւելի ուշ 1938-ին, Սանճագի պարպումի ժամանակ, իր ազդու աջակցութիւնը կը բերէ հայ գաղթականներու տեղաւորումին Այնճարի եւ Սուրի մէջ։

ՀԻՄՆԱԴԻՐԸ ԵՒ ՔԱՂԱՔԱՊԵՏԸ ՊՈՒՐՃ ՀԱՄՈՒՏԻ ՀԱՅԱՒԱՆԻՆ

Շնորհիւ հեռատեսութեան, գործնապաշտութեան, տնտեսագիտութեան, օրուան իշխանութեանց մօտ վայելած բարի համբաւին, վստահութեան ու վարկին, ան կ’ապահովէ բնակեցումին անհրաժեշտ պայմանները, կ’ապահովէ հողաշերտեր, որոնց բաշխումի պատասխանատու գործը կը վստահուի իրեն. բաշխումը կը կատարէ հայրական հոգածութեամբ, իմաստութեամբ, անաչառութեամբ ու տնտեսագիտութեամբ, յաջորդող տարիներուն դառնալ հիմնադիրը Պուրճ Համուտի հայաւանին, որուն արժանընտիր քաղաքապետը կը դառնայ 1952-ին։

Այս ընտրութիւնը պատահականութեան արդիւնք չըլլար բնականաբար եւ ոչ ալ Հայր Պօղոս Արիսի կողմէ կատարուած ընտրական քարոզչութեան, այլ գնահատականը այն հանրօգուտ ու ժողովրդանուէր նախաձեռնութիւններուն ու աշխատանքին, որուն վկան եղած էր մեր ժողովուրդը։

Ինքնավար քաղաքապետութեան ստեղծումը մեծ մասամբ Հայր Պօղոս Արիսի ճիգերով կը հանդիսանայ սկզբնաւորութիւնը լիբանանահայ գաղութի կազմաւորման այն հանգրուանին, որուն ընթացքին գաղթական մեր ժողովուրդը իր հաւատարմութեան, նուիրումի, ձեռներէցութեան, ստեղծագործ միտքին ու շինարար բազուկին վկայութիւնը հանդիսացող ձեռնարկներով պիտի արժանանար պետական, համայնքային թէ ժողովրդական բոլոր շրջանակներու գնահատանքին ու հիացումին։ Իսկ հայ մարդու յատուկ այդ արժանիքները իր անձին մէջ խտացուցած ըլլալու շօշափելի փաստը կու տայ Հայր Պօղոս Արիս մանաւանդ Պուրճ Համուտի քաղաքապետ ընտրութեան յաջորդող տարիներուն՝ ճահճատարած, ժահրասփիւռ միջատներու ու մժեղներու բոյն դարձած, մալարիայի եւ այլ համաճարակներու վատառողջ մթնոլորտով պատուած, առանց կոյուղիներու, ցեխածածկ ճամբաներով, մարդավայել միջավայրի մը ամէնէն տարրական պայմաններէն զուրկ շրջանի դիմագիծի հիմնովին բարեփոխումին համար չխնայելով ոչ մէկ ճիգ։

Պուրճ Համուտը 1930ականներուն

Քաղաքաշինութեան ու շրջանի բարգաւաճումին ճիգերը չեն շեղեցներ զինք կարօտեալին, անօթեւանին, աղքատին օգնութիւնը առաջնահերթ մտահոգութիւն դարձնելու սկզբունքէն, որով կը ձեռնարկէ բանուորական աւանի մը կառուցումին ընդարձակ շէնքերով Նոր Սիսի, Նոր Ատանայի եւ Նոր Մարաշի թաղերուն մէջ, աւելի քան 100 յարկաբաժիններով։ Այսպէսով, Հայր Պօղոս Արիս կը հանդիսանայ ժողովրդային բնակարաններու պետականավայել ծրագիրը յղացող եւ իրագործող առաջին անձնաւորութիւնը Լիբանանի մէջ։ Ան կ’առաջադրէ բազմացնել բանուորական աւանները՝ ջնջելու համար հիւղաւաններու ազգային ամօթը։

Հայու աշխատասիրութեան գործնական ապացոյցը տալով, ինք՝ Հայր Պօղոս Արիս, Քահանան ու Քաղաքապետը, անձա՛մբ կ’օգնէ քարերու փոխադրութեան եւ որմնադրումին։ Ասիկա ոչ միայն իմացած եմ, այլեւ տեսած եմ, որ ինչպէս ան ջրուղիները կը բանար, թեւերը սոթթած եւ փէշերը հաւաքած՝ հակառակ կրօնաւորի եւ քաղաքապետի իր հանգամանքին…։

Բազմօգուտ գաղափարը կը յղանայ մինչեւ իսկ ագարակներ հաստատելու, բանջարանոց մշակելու, հողամշակութիւն զարգացնելու, Տըքուէնիի շրջանին մէջ գործ հայթայթելու համար անգործներուն, միաժամանակ՝ իր բարեսիրական ծրագիրներուն անհրաժեշտ գումարները ապահովելու։

ՄՏՔԻ ՈՒ ՄՇԱԿՈՅԹԻ ՄԱՐԴ

Շինարար Վարդապետը է՛ր նաեւ մտքի ու մշակոյթի մարդ։ Կը գիտակցէր հացին, աշխատանքին ու երդիքին հետ մշակոյթ ջամբելու ու տարածելու անհրաժեշտութեան։ Այս գիտակցութեամբ ալ ամէն ձեւով կը քաջալերէ ուսումնառութիւնը նորահաս սերունդին։ Կ’ապահովէ ու կը հայթայթէ կրթաթոշակներ։ Առաւելաբար իրեն կը պարտինք վարժարանի մը կառուցումը Տըքուէնիի մէջ, Զմմառու վանքի սեփականութիւն որպէս։ Մեսրոպեան վարժարանը նուազ պարտական չէ իրեն։

Կու տայ շահեկան դասախօսութիւններ ոչ միայն համայնքի զաւակներուն համար, այլ տարբեր կազմակերպութեանց հրաւէրով, այն ալ այլամերժութեամբ յատկանշուող այդ տարիներուն։ «Իր ազգասիրական, կրօնաշունչ զգացումներով ու ապրումներով, ունկնդիրները խանդավառելու գաղտնիքը ունէր, պարզ ոճով, եռանդուն շեշտով, սրտբաց զրոյցով», կը վկայէ իր որդեգիր սաներէն լուսահոգի Մեսրոպ Եպիսկոպոս Թէրզեան։

Զինք կը գտնենք նոյնիսկ հրատարակչական գործերու վրայ, «ՄԱՍԻՍ»ի խմբագրական կազմին մէջ։ Մշակոյթի, գիրի, գրականութեան ու պատմութեան հմտութեան վկայութիւնը կը տեսնենք ՄԱՍԻՍ-ի մէջ ստորագրած յօդուածներուն ընդմէջէն։

Նորահաս սերունդներուն հանդէպ իր բացառիկ հոգածութիւնը, որբահաւաքէն զինք կը հասցնեն Հ.Կ.Ե.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան վարիչի պաշտօնին։

Իրաւացիօրէն նկատուած էր հայրը որբերու, քաջալերը աղքատ սաներու։ Բոլոր հանգամանքներէն ու պաշտօններէն անկախ ան ինքզինք գերազանցած էր Հայ Կաթողիկէ որբանոցի վարիչի պաշտօնին մէջ, յայտնուելով իբրեւ դաստիարակ ու տնտեսավար, տնօրէն ու հոգատար, հոգեւոր վարիչ եւ ուսուցիչ։ Հակառակ անբացատրելի դժուարութիւններուն, որբանոցի գործը առաջ կը տանի 1923-էն մինչեւ 1935. կը դասաւանդէ, բազմաթիւ որբեր կը դաստիարակէ, զանոնք կը մարզէ, անոնց գործ կը ճարէ, կը հասցնէ ինքնաբաւութեան վիճակին։ Հայր Պօղոս Արիսի դաստիարակութեամբ ու խորհուրդներով զօրացած երբեմնի որբերը կը նետուին կեանքի ասպարէզ, շատեր դառնալով յաջողակ մարդիկ։ Որբերէն յառաջ կը բերէ հայ ընտանիքներ։ Սակայն իր մեծագոյն վարձատրութիւնը կը հանդիսանայ քահանայական կոչումներու փթթումը որբանոցին մէջ։ Իրեն նմանելու ձգտումը, իր բարի օրինակը տարբեր ուղի ցոյց չէր կրնար տալ պատանիներուն։

Իր բոլոր գործերուն մէջ, Քահանայութիւնն ու Եկեղեցին մնացին տիրական, եղան ներշնչման աղբիւր։

1952-էն սկսեալ, Քաղաքապետի պաշտօնին զուգահեռ պիտի վարէր Զմմառու Փոխման Վանքին Մեծաւորի պաշտօնը, վանքը դարձնելով իր յատուկ գուրգուրանքին եւ ուշադրութեան առարկան, հոգեւոր կրթութեան իտէալ օճախ մը, դարբնոցը Աստուծոյ առաքեալներու։ Հոս եւս, Հայր Պօղոս Արիս կը դնէ իր շինարար եւ աղքատասէր մարդու դրոշմը։ Վանքը կը դառնայ ապաստան աղքատ աշակերտներուն։ Իր մեծաւորութեան շրջանը նաեւ կը յատկանշուի վանապատկան շէնքերու ու կալուածներու ընդարձակումով։

Զմմառեան Միաբանութեան կանոնագրութիւնը արդիւնք է նաեւ Հայր Պօղոս Արիսի աշխատանքին։

Հայր Պօղոս Արիս մինչեւ վերջին շունչը մնաց Զմմառեան Միաբանութեան մեծ զաւակը եւ առիթ չփախցուց Միաբանութիւնը բարգաւաճեցնելու ու անոր առաքելութիւնը ընդարձակելու համար՝ ինչպէս իր բարոյական քաջալերութեամբ, նոյնպէս նիւթական յատկացումներ ապահովելով։

 

ՀԱՄԱՅՆ ԼԻԲԱՆԱՆԻՆ ԾԱՌԱՅՈՂ ԳՈՐԾԻՉԸ

Ինչպէս ցոյց կու տան իր կեանքն ու գործը, 30-ական թուականներէն սկսեալ մինչեւ իր վախճանումը Հայր Պօղոս Արիս տիրական, երեւելի եզակի դէմքերէն էր ոչ միայն լիբանանահայութեան, այլ համայն Լիբանանի, լիբանանեան պետական շրջանակներէն ու տարբեր համայնքներէն ներս։ Եւ պատահական չէր ասիկա։ Վեր կանգնելով հատուածամոլ հոսանքներէն, ան եղաւ հոգածու Հայրը անխտիր բոլորին, ազգին բոլոր զաւակներուն։ Դարձաւ կենդանի օրինակը համերաշխութեան։ Իր կեանքով ու գործով արտայայտեց իր այն հաւատքն ու համոզումը, թէ մեր ժողովուրդին փրկութիւնը իր միասնականութեան, իր հաւաքական ճիգին մէջ է։

Հարուստ մշակոյթի տէր, տեղական օրէնսդրութեան նրբութիւններուն քաջածանօթ, ազգային ու հասարակական կեանքի փորձառութեամբ զօրացած, աղքատին ու որբին հոգատար, քաղաքական ու պետական մարդուն խորհրդատու, բանուորին պաշտպան, գործատիրոջ թելադրող, երիտասարդին առաջնորդ եւ ծերին օրհնաբեր, ազգային մտահոգութիւններով տագնապող, անոնց դարման որոնող, Լիբանանի զարգացումին ու բարգաւաճումին նուիրուած Հայրը եղաւ ան, Մարդ Հայրը, Քահանայ Հայրը, Հայր Սուրբը, ժողովուրդին Հայրը, Հովիւը բարի եւ իմաստուն։

Արդարեւ, է՛ր այդ բոլորը, կը գործէր այդ բոլորը ըլլալու անշահախնդիր առաջադրանքով, այն հաւատքով ու համոզումով, որ կը կատարէ միայն Աստուծոյ սուրբ կամքը, ինչպէս կը սիրէր կրկնել անողոք հիւանդութեան հետեւանքով տակաւ քայքայուող իր առողջութեան կորստեան ու տառապանքին մէջ։

«Ի՞նչ պիտի պատահի ինծի, Աստուած իմ, չեմ գիտեր։ Գիտեմ միայն որ պիտի չպատահի բան մը, զոր դուն կարգադրած, նախատեսած եւ հրամայած չըլլաս» ըսած էր իր տառապանքին մէջ անտրտունջ, ինչպէս կեանքին, նոյնպէս մահուան պահուն համեստ՝ հակառակ իր բարձր դիրքին ու տրամադրութեան տակ ունեցած գումարներուն։ Շռայլ եղաւ միայն ուրիշներուն հանդէպ։ Ինքն իր անձին հանդէպ՝ չարքաշ ու խստակեաց։ Իր այդ համեստութիւնը յարգելու պարտաւորութեան առջեւ դրին զինք, իր բարիքները, մեծղի վաստակն ու ժառանգը կամայ-ակամայ մոռացութեան տալ փորձողներն անգամ։ Իրեն հանդէպ ժողովուրդին սէրն ու երախտագիտութիւնը վկայող պատմութիւնը՝ անոր յիշատակը յաւերժացնող յուշակոթողը եղաւ։

Ինչքան իրաւացի եղած է Լեռնալիբանանի երբեմնի կառավարիչ Ֆաուզի Պէյ Պարտաուիլի վկայութիւնը մինչ հիւանդանոցին մէջ, անոր ցաւատանջ կուրծքին յանուն Հանրապետութեան նախագահին կը զետեղէր արժանեաց շքանշանը՝ ըսելով.«Վարդապետ, չենք կրնար ըստ բաւականին վարձատրել ձեր մեծամեծ արժանիքները»։

Իսկ այսօր, պարզապէս պիտի կրկնենք այն ինչ որ դարձեալ այդ շքանշանի տուչութեան առիթով ըսած ենք մենք՝ հայերս.«Հայր Սուրբ, Հայ ազգը տալիք շքանշան մը անգամ չունի, սակայն ան կ’ընծայէ ու պիտի ընծայէ իր խորին յարգանքն ու սէրը Ձեզի, Ձեզի մնալով ընդմիշտ երախտապարտ»։ Պիտի կրկնենք ու պիտի աւելցնենք.«Ձեր մեծահոգութեանց վրայ մեր ժողովուրդը փոխան բոլոր շքանշաններուն, որոնք կրնային տրուիլ Ձեզի, իր մտքին ու սրտին մէջ կոթողուած պիտի պահէ Սուրբ Վարդապետի, Սրտի Մարդու, Մեծ Հայու եւ արժանաւոր լիբանանցիի պատմական անջնջելի տիպարը»։

 

ՊՈՒՐՃ ՀԱՄՈՒՏԸ՝ ԱՅՍՕՐ