ԻՍԼԱՄՆԵՐ ԿԸ ՀԱԿԱՌԱԿԻՆ ԱՅԱՍՈՖԻԱՅԻ ՕՐԻՆԱՎԻՃԱԿԻ ՓՈՓՈԽՈՒԹԵԱՆ

ԻՍԼԱՄՆԵՐ ԿԸ ՀԱԿԱՌԱԿԻՆ ԱՅԱՍՈՖԻԱՅԻ ՕՐԻՆԱՎԻՃԱԿԻ ՓՈՓՈԽՈՒԹԵԱՆ

Պոլսոյ Այա Սոֆիայի կոթողային համալիրի օրինավիճակը կրնայ փոխուիլ։ Արդարեւ, 2 Յուլիսին, Թուրքիոյ Պետական Խորհուրդը հրաւիրուած է քննարկելու Այա Սոֆիան դարձեալ իսլամական պաշտամունքի վայրի վերածելու կարելիութիւնը, ինչ որ կը նշանակէ յետս կոչումը 1934-ի այն որոշումին, որով թրքական կառավարութիւնը թանգարանի վերածած էր բիւզանդական պատմական տաճարը, որ 1451-ին Կոստանդնուպոլսոյ օսմանեան գրաւումէն ետք մզկիթ դարձած էր։

Վատիկանեան Ֆիտես գործակալութիւնը կը նշէ որ Տար էլ Իֆթա Ալ Միսրիյան (Ֆաթուայի Տունը), արտայայտուած է թրքական իշխանութիւններու վերոնշեալ հաւանական որոշումին դէմ։ Նշենք որ Ֆաթուայի Տունը՝ Եգիպտոսի Մեծ Միւֆթիի նախագահութեամբ, պարտականութիւնն ունի Ղուրանի կանոններու գործադրութեան վերաբերեալ ուղղութիւնները թելադրելու եւ անոնց գործադրութեան վերաբերեալ տարակուսանքները լուծելու։ Եգիպտական այս Հիմնարկը բռնագրաւում որակեց Կոստանդնուպոլսոյ գրաւումը եւ նաեւ քննադատեց Սուրբ Սոֆիայի պազիլիքային մզկիթի վերածումը։

Թրքական որոշումը ներկայիս բուռն ժխտական հակազդեցութիւններ յառաջացուց ոչ միայն համայն աշխարհի, այլ Թուրքիոյ մէջ, կը նշէ Ֆիտես։ Քաղաքական վերլուծաբան եւ թրքական «Ճումհուրիյէթ» օրաթերթի խմբագիր Օրհան Պուրսալ հաւաստիացուց որ «Սուրբ Սոֆիայի հարցը» թուրք պատասխանատուներու կողմէ կ’օգտագործուի որպէս յատկապէս «արտաքին թշնամիները» ծանօթացնելու ծառայող «ընտրական գործիք»։

Բենեդիկտոս ԺԶ․ Սրբազան Քահանայապետը Թուրքիա այցելած էր 1 Դեկտեմբեր 2006-ին, իսկ Ֆրանչիսկոս Պապը՝ 28-30 Նոյեմբեր 2014-ին, երկու պարագաներուն ալ, Կոստանդնուպոլսոյ յոյն ուղղափառ Եկեղեցւոյ Սուրբ Անդրէասի տօնին առիթով եւ դարձեալ երկու պարագաներուն ալ, Պապերը այցելած էին մզկիթ մը։

Ֆիտես կը նշէ որ ռուս Հիլարիոն Ալֆէեւ մեթրափոլիթը յայտարարեց որ «ներկայիս թանգարան հանդիսացող Սուրբ Սոֆիայի օրինավիճակը փոխելու փորձերը կրնան ցնցումներ եւ կրօնքներուն միջեւ հաւասարակշռութեան խախտում յառաջացնել»։

Ֆիտեսին համաձայն, Թուրքիոյ նախագահը, Էրտողան թելադրած է գտնել այնպիսի տարազ մը որ պազիլիքային օրինավիճակին փոփոխութիւնը կարելի կը դարձնէ հաշուի առնելով որ Այա Սոֆիայի իսլամական պաշտամունքի վայրի մը վերածումը կրնայ կատարուիլ առանց համալիրը փակելու զբօսաշրջիկներուն առջեւ։