Եւս մէկ մշակ՝ Տիրոջ պարտէզին մէջ – ՔԱՀԱՆԱՅԱԿԱՆ ՆՈՐ ՁԵՌՆԱԴՐՈՒԹԻՒՆ Տ. ՄԻՔԱՅԷԼ ՔՀՆՅ. ԴՈՄՊՈՒՐԵԱՆԻ

Եւս մէկ մշակ՝ Տիրոջ պարտէզին մէջ – ՔԱՀԱՆԱՅԱԿԱՆ ՆՈՐ ՁԵՌՆԱԴՐՈՒԹԻՒՆ Տ. ՄԻՔԱՅԷԼ ՔՀՆՅ. ԴՈՄՊՈՒՐԵԱՆԻ

Շաբաթ, 23 Մայիս, 2020, ժամը 11:00-ին՝ Երեւանի Սուրբ Գրիգոր Նարեկացի Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ եւ տեղի ունեցաւ նորընծայ Արմէն Դոմպուրեանի Քահանայական ձեռնադրութեան եւ օծման կարգը՝ ձեռամբ,  Հայաստանի, Վրաստանի, Ռուսաստանի եւ Արեւելեան Եւրոպայի Կաթողիկէ Հայոց  Առաջնորդ Արհի. Տէր Ռաֆայէլ Արքեպս. Մինասեանի, առընթերակայութեամբ՝ Գերյ. Հայր Գառնիկ ծ. վրդ. Յովսէփեանի եւ Գերպ. Հ. Նարեկ վրդ. Մնոյեանի, խարտաւիլակութեամբ Գերպ. Հայր Մաշտոց վրդ. Զահթերեանի:

Օծման արարողութեան աւարտին նորընծայ քահանայ Տէր Միքայէլին ձեռամբ Արհի. Սրբազան Հօր շնորհուեցաւ «զսկիհն և զմաղզմայն հանդերձ կենարար Մարմնով և Արեամբ, վասն կենդանեաց և ննջեցելոց», այսպիսով՝ ստացաւ Սուրբ Պատարագ մատուցելու իշխանութիւն եւ դառնալով ներկաներուն՝ տուաւ իր անդրանիկ քահանայական օրհնութիւնն ու խաղաղութիւնը:

Տէր Միքայէլ քհնյ. Դոմպուրեան նշանակուեցաւ Ազատան եւ Ձիթհանքով գիւղերու հոգեւոր սպասաւոր:

Կիրակի, 24 Մայիս, 2020 թուականի առաւօտեան ժամը 10:00-ին Տէր Միքայէլ քհնյ. Դոմպուրեան իր անդրանիկ Սուրբ եւ Անմահ Պատարագը կը մատուցէ Ազատանի Սուրբ Աստուածածին Հայ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ մէջ:

Տէր Միքայէլ քհնյ. Դոմպուրեան ծնած է 8 Յունուար, 1981 թուականին՝ Պէյրութ, Լիբանան:

1984-1994 նախնական կրթութիւն ստացած է Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ ճեմարանին մէջ (Ժայթաուի, Պէյրութ):

Խորանի ծառայութեան կոչումը արթնցած է շնորհիւ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ ճեմարանի  տնօրէն Հայր Սահակ վրդ. Քեշիշեանի:

2007 թուականին Տէր Յիսուս կանչած է խորանի ծառայութեան, ինչը հիմնովին փոխած է կեանքը՝ առաջնորդելով զինք խաւարէն դէպի լոյս:

2010 թուականին վերանորոգած է իր ուխտը:

Արմէն դիմած է Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Կաթողիկոս Պատրիարք Ամենապատիւ Տէր Ներսէս Պետրոս 19-րդ Հոգեւոր Տիրոջ, որպէսզի ընդառաջէ եւ թոյլատրէ պատրաստուելու քահանայական ծառայութեան:

2011-2015-ին ուսանած է աստուածաբանութիւն եւ փիլիսոփայութիւն՝ Պէյրութի Անթունիէ համալսարանին մէջ:

2013 թուականին՝ Պէյրութի Սուրբ Եղիա, Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ մէջ, ստացած է Քահանայական փոքր կարգերը եւ կիսասարկաւագութիւնը՝ ձեռամբ երջանկայիշատակ Հոգեւոր Տէր Ներսէս Պետրոս 19-րդ Կաթողիկոս Պատրիարքին:

Մինչ հոգեւոր կրթութիւն կը ստանար եւ կը պատրաստուէր ձեռնադրութեան՝ 25 Յունիս, 2015 թուականին, սրտի կաթուածէ կը վախճանի Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը:

2016 թուականին՝ օգնութեամբ Տէր Կարապետ քհնյ. Թաթէոսեանի կը դիմէ Հայաստանի, Վրաստանի, Ռուսաստանի եւ Արեւելեան Եւրոպայի Կաթողիկէ Հայոց Առաջնորդ Արհի. Տէր Ռաֆայէլ Արքեպս. Մինասեանին: Արհիապատիւ Սրբազան Հայրը կ’ընդունի զինք՝ ծառայելու իր թեմին մէջ: