Քահանայական փոքր կարգերու, կիսասարկաւագութեան եւ սքեմի շնորհում՝ երկու ճեմարանականներու – ԴԷՊԻ ՔԱՀԱՆԱՅԱԿԱՆ ԿՈՉՈՒՄ՝ ԱԶՆՈՒՈՒԹԵԱՄԲ ԵՒ ՀԵԶՈՒԹԵԱՄԲ

Քահանայական փոքր կարգերու, կիսասարկաւագութեան եւ սքեմի շնորհում՝ երկու ճեմարանականներու – ԴԷՊԻ ՔԱՀԱՆԱՅԱԿԱՆ ԿՈՉՈՒՄ՝ ԱԶՆՈՒՈՒԹԵԱՄԲ ԵՒ ՀԵԶՈՒԹԵԱՄԲ

2020  Յունիսի 13-ին՝ Սբ. Գրիգոր Լուսաւորիչ վիրապէն ելքի տօնին, Երեւանի Սուրբ Գրիգոր Նարեկացի Հայ կաթողիկէ մատռան մէջ տեղի ունեցաւ քահանայական փոքր կարգերու եւ կիսասարկաւագութեան տուչութեան կարգ՝ Նարեկ Մկրտչեանին եւ սքեմի տուչութեան կարգ՝ Սիմաւոն Մկրտչեանին: Արարողութիւնը կատարեց Առաջնորդ Հայր Արհի. Ռաֆայէլ Արքեպս. Մինասեանը՝ Սուրբ Պատարագի ընթացքին, առընթերակայութեամբ Հ. Նարեկ վրդ. Մնոյեանի եւ Տ. Կոմիտաս քհն. Դաւէյեանի, խարտաւիլակութեամբ Սրբոց Հրեշտակապետաց Հայ կաթողիկէ միացեալ ճեմարանի տեսուչ Հ. Մաշտոց վրդ. Զահթերեանի, ներկայութեամբ թեմի վաստակաւոր Առաջնորդ Արհի. Տ. Նշան Արքեպս. Քարաքեհէյեանի, Մխիթարեան միաբանութեան հայրեր Հ. Եղիա ծ.վրդ. Քիլաղպեանի եւ Հ. Գէորգ վրդ. Սարգսեանի, եւ նուագակցութեամբ Հ. Պետրոս վրդ. Մարաշլեանի:

Արհի. Տ. Ռաֆայէլ Արքեպս. Մինասեան իր հայրական խօսքին մէջ ճեմարանականներուն ըսաւ.«Ձեզի համար ամէն օր կ’աղօթեմ  որ Աստուած ձեզ պահէ այն կոչման մէջ, որուն դուք ընդառաջեցիք ազատօրէն եւ հոգիի ազնուութեամբ՝ ծառայելու Քրիստոսին: Ունիք դժուարութիւններ, խոչընդոտներ, որոնք կը հարթուին  աղօթասիրութեամբ, հեզութեամբ, խոնարհութեամբ եւ աշխատելու սիրով»:

***

Նարեկ Մկրտչեան (30/09/1998) ծնունդով Մեծ Սեպասարէն է, սերած է քահանայական ընտանիքէ՝ Կիւմրիի հայ կաթողիկէներու ժողովրդապետ Տ. Գրիգոր Աւագ Քահանայ Մկրտչեանի որդին է: Նարեկը մանկութենէն դարբնուած է հոգեւոր արժէքներով, տեսած է քահանայական ծառայութեան օրինակը՝ յանձին իր հօր, ծառայած է Սուրբ Խորանին, մասնակցած է եկեղեցական պատանեկան, երիտասարդական ձեռնարկներուն, հոգեւոր կոչում  զգացած եւ վճռականօրէն որոշած է հետեւիլ Աստուծոյ կանչին շատ փոքր տարիքէն: Նարեկը մշտապէս նկատուած է աղօթքի եւ սրբակենցաղ կեանքի հանդէպ սիրով, օրինակելի նուիրուածութեամբ: Նարեկ Մկրտչեան ուսանած է Մխիթարեան միաբանութեան դպրանոցը, ապա՝ 2017-ին բարձրագոյն հոգեւոր ուսումը սկսած է Վարշաւայի Քահանայապետական հոգեւոր ճեմարանին մէջ: Այժմ կ’ուսանի աստուածաբանութիւն:

Սիմաւոն Մկրտչեան (50/11/1998) ծնունդով Շիրակի մարզի Ազատան համայնքէն է: Վաղ տարիքէն սկսած է Սուրբ Խորանի ծառայութիւնը հարազատ գիւղին մէջ, աշխուժօրէն մասնակցած է Հայ կաթողիկէ պատանեկան միութեան գործունէութեանը եւ հարստացած հոգեւոր արժէքներով, զգացած հոգեւոր ծառայութեան կոչումը: 2018-ին ընդունուած է Սրբոց Հրեշտակապետաց Հայ կաթողիկէ միացեալ հոգեւոր ճեմարան: