ՄԵՐ ԸՆԹԵՐՑՈՂՆԵՐՈՒ ՆԱՄԱԿԱՆԻԷՆ

ՄԵՐ ԸՆԹԵՐՑՈՂՆԵՐՈՒ ՆԱՄԱԿԱՆԻԷՆ

ՄԱՍԻՍ-ի առ ցանց լոյս ընծայման առթիւ մեր արտասահմանի ընթերցողներէն ել-նամակներով եւ հեռախօսակապերով ստացուած շնորհաւորութիւններէն եւ յաջողութեան բարեմաղթանքներէն քաջալերուած, որոշեցինք ՄԱՍԻՍ-ին առ ցանց լոյս ընծայումը շարունակել  տպագիրին զուգահեռ զոր պիտի վերսկսինք հրատարակել։

Massis Magazine <[email protected]>

***

Our Lady of Armenia

Չորեքշաբթի, 10 Յունիս 2020

Սիրելի Հայր Սեպուհ և պր.ն Սարգիս,

Սրտագին շնորհակալութիւն ՄԱՍԻՍ-ի Ապրիլի և Մայիսի օրինակներուն համար:

Կը շնորհաւորենք յօդուածներու և նկարներու ընտրութիւնը:

Յուսանք ամէն ամիս կը ստանանք:

Յաջողութեան լաւագոյն մաղթանքներով,

Քոյր Արուսեակ – Հռոմ

Տիրամայր Հայաստանի   

***

 Zepur Tamerian

Երեքշաբթի, 4 Յունիս 2020

Յարգելի պրն. Նաճարեան,

Յարգելի խմբագրական կազմ,

Շատ շնորհակալութիւն:

Մեծ ուրախութեամբ ստացայ «Մասիս»ի հերթական թիւը:

Բարձր կը գնահատեմ ձեր  աշխատանքը, որ կը կատարէք հակառակ ներկայ դժուարին պայմաններուն եւ կը մաղթեմ յարատեւ յաջողութիւն:

Կրկին շնորհակալութիւն կը յայտնեմ:

Սիրով՝

Զեփիւռ Թամերեան

***

Anahit Gevorgyan

Հինգշաբթի, 30 Ապրիլ, 2020

Սիրելի Պարոն Սարգիս,

Յուսամ, ամէն ինչ լաւ է ձեզ մօտ:

Շնորհակալ եմ Մասիսի ելեկտրոնային տարբերակը մեզ հետ կիսելու համար:

Թոյլ տուէք յայտնեմ հիացմունքս՝ այս դժուարին պայմաններու մէջ ջանք չխնայելու եւ այսպիսի բովանդակալից համար թողարկելու համար:

Այսպիսով Հայաստանում եւս մենք անմասն չենք մնում մեր Լիբանանահայ հայրենակիցների, ինչպէս նաեւ Հայ Կաթողիկէ եկեղեցու նորութիւններից:

Մաղթում եմ ձեզ բեղմնաւոր աշխատանք:

Սիրով՝

Անահիտ Գեւորգեան

«Հայկական Կարիտաս»ի Ծրագրերի ղեկավար,

Կազմակերպական զարգացում Ռազմավարական Ուղղութեան պատասխանատու

***

 Chake Grogan <[email protected]>

Հինգշաբթի, 30 Ապրիլ, 2020

Շնորհակալ եմ եւ վարձքերնիդ կատար սիրելի խմբագրական կազմ

Աղօթենք որպէսզի ամենակարողն Աստուած, իր ողորմածութեամբ եւ Տիրամօր բարեխօսութեամբ, փրկէ աշխարհը այս աղէտալի վիճակէն։ 

Շաքէ Մանկասարեան

***

Levon Sharoyan

Ուրբաթ, 5 Յունիս 2020

Կը փափաքիմ կարդալ ՄԱՍԻՍ-ի թիւերը:

Շնորհակալութեամբ՝ Լ. Շառոյեան (Հալէպ)

***

Hagop Assadrian

Ուրբաթ, 5 Յունիս 2020

Յարգելի գործընկերներ,

 Շնորհակալութիւն Մասիս ամսագրի PDF տարբերակն ուղարկելու համար։ Սիրով կը սպասեմ յաջորդ համարներին։ Մաղթում եմ, որպէսզի ամէն ինչ կարգաւորուի եւ նաեւ շարունակէք լույս ընծայել։ Տպագիր խօսքն առյաւէտ է։ Մեր ՕՐԵՐ կայքէջի վրայ էլ յարձակում կատարուեց, ամբողջ 15 տարուան աշխատանքը ջնջուեց։ Այնպէս որ, տպագիր խօսքն աւելի մնայուն է, քան առցանցը։

Ձեզ յաջողութիւններ եմ մաղթում եւ բարի ողջոյններս պարոն Սարգիս Նաճարեանին։

Յարգանքով՝ Յակոբ Ասատրեան

ՕՐԵՐ եւրոպական ամսագրի գլխաւոր խմբագիր

Պրահա – Չեխիա