Նկարի Մը Պատմութիւնը ԷՏՈՒԱՐՏ ՄՈՒՆՉ ԵՒ «ՃԻՉԸ»

Նկարի Մը Պատմութիւնը  ԷՏՈՒԱՐՏ ՄՈՒՆՉ ԵՒ «ՃԻՉԸ»

Ն.Է.Ն.

——–

Նորվեկիացի գեղանկարիչ Էտուարտ Մունչի «Ճիչը» (The Scream) աշխատանքը կը նկատուի աշխարհի ամենանշանաւոր արուեստի գործերէն մէկը, ժամանակակից արուեստի խորհրդանիշ եւ մեր ժամանակներու Մոնա Լիզան: Երբ Լէոնարտօ դա Վինչին յառաջացուց զարթօնքի (Renaissance) իտէալական հանդարտութիւնն ու ինքնազսպումը, Մունչ 1893-ին ձեւաւորեց այն չափանիշը, թէ մենք ինչպէս կը տեսնենք մեր սեփական ժամանակաշրջանը` կքած անձկութեան եւ անորոշութեան տակ։

19-րդ դարու աւարտին, երբ Զիկմունտ Ֆրէօյտ կ’ուսումնասիրէր մանկութեան ժամանակ տեղի ունեցած դէպքերու ազդեցութիւնը մարդու հոգեբանութեան վրայ, դեռ ոչ այդքան յայտնի նորվեկիացի նկարիչ Էտուարտ Մունչ (1863 – 1944) իր աշխատանքներուն մէջ սկսած էր արտայայտել մանուկ հասակին իր ներքին աշխարհը քաոսի վերածած դաժան դէպքերը: Ասոնց միջոցով ալ ինքնին նկարիչը հիմք դրաւ ուղղութեան մը, որ հետագային կոչուեցաւ արտայայտչապաշտութիւն (Expressionisme):

Նկարիչը, որ մինչև մահ չամուսնացաւ, իր նկարները կը համարէր իր երեխաներն ու չէր դիմանար, երբ կը բաժնուէր անոնցմէ: Օսլոյի մէջ մեկուսացած ու միայնակ ապրող Մունչ ինքզինք շրջապատած էր իր ստեղծած արուեստի գործերով, որոնց կենդանութիւն տուած էր իր ասպարէզի սկզբնական ժամանակահատուածին: Անոր մահէն յետոյ լիազօրուած անձեր նկարիչի տան երկրորդ յարկի կղպուած դուռին ետեւը գտան 1008 նկար, 4.443 գծագրուած աշխատանք եւ 15.391 տպագրութիւն, ինչպէս նաեւ շարք մը լուսանկարներ: Սակայն այսքան աշխատանքներով հանդերձ, Էդուարտ Մունչ աւելի ծանօթ է, որպէս ստոյգ մէկ նկարի հեղինակ՝ «Ճիչը»:

Նորվեկիացի արուեստագէտի՝ ուրուական յիշեցնող այս կերպարը, որ ձեռքերով կը փակէ ականջներն ու կարծես սարսափած կը ճչայ, հաւանաբար ժամանակակից արուեստի ամենաքննարկուող ու սիրուած աշխատանքներէն մէկն է, որմէ ոգեշնչուած, մտայղացած են նաեւ բազմաթիւ ֆիլմեր, որոնցմէ մին կը կրէ նաեւ իր անունը (Scream):

Սակայն այստեղ հարց կը ծագի՝ նկարը պատմութիւն ունի՞:

Էտուարտ Մունչի կեանքը դեռ փոքր տարիքէն եղած է ծանր: 5 տարեկանին ան թոքախտի պատճառով կորսնցուցած է մայրը, 14-ին՝ նոյն հիւանդութեան պատճառով կորսնցուցած է քոյրերէն մէկը՝ Սոֆին: Շատ չանցած նկարիչի հայրը, որ ֆիզիքոս էր, ընտանիքին մէջ տեղի ունեցած այս դժբախտութիւններէն յետոյ սկսած է ընկճախտով տառապիլ, իսկ երբ նկարիչը արդէն 25 տարեկան էր, հայրը ևս մահացած է: Որոշ ժամանակ անց միւս քոյրը՝ Լաուրան, նոյնպէս կը դժբախտանայ՝ որուն հետեւանքով կը խելագարի ու կը տեղափոխուի հոգեբուժարան:

«Ճիչը» կը ներկայացնէ Մունչի այս բոլոր կորուստներն ու ապրումները, որոնց մէջէն անցած է դեռ մանուկ հասակին: Սակայն դէպք մը եղած է, որ ներշնչած է նկարիչին՝ ստեղծելու այս գործը: Դէպքը տեղի ունեցած է 1892-ին, ու անոր մասին կը պատմէ անձամբ Մունչ՝ իր գրութիւններուն մէջ:

«Օր մը երկու ընկերներուս հետ կը քալէի Քրիստիանայով (այն ժամանակ այդպէս կը կոչէին Օսլօն): Այդ ժամանակ կեանքը հոգիս աւերած էր: Արեւը մայր կը մտնէր, իսկ ծովը հորիզոնին վրայ կ’անհետանար: Կը թուէր՝ որ արեան կրակոտ սուր մը կը կտրէր երկնակամարը: Օդը վերածուած էր արեան՝ կտրող հուրէ երակներով…: Ընկերներուս դէմքերը դարձան դեղնասպիտակ: Կանգ առի ու յենուեցայ կամուրջի ձողին, մինչ անոնք շարունակեցին քալել: Կը զգայի, որ ահռելի ճիչ մը կը գոյանայ մէջս, ու ես իսկապէս լսեցի բարձր ճիչ մը: Բնութեան գոյները կոտրեցին բնութեան գիծերը: Գիծերն ու գոյները կը դողային շարժումներու հետ: Լոյսի այս դողը նպաստեց, որ ականջներս նոյնպէս սկսին դողալ: Ես իսկապէս ճիչ լսեցի՝ բնութեան ճիչը»:

Հեղինակ Սիւ Փրայտուքս, որուն մեծ մայրը Մունչի բնորդուհիներէն մէկն էր, հնարաւոր կը նկատէր որ նկարիչը պատկերած է «Ճիչը» որպէս անձնասպանութեան փորձի նկարագրում: Ան հաւատացած է՝ որ կամուրջը, որ պատկերուած է նկարին մէջ, յայտնի վայր էր, ուր բազմաթիւ անձնասպանութիւններ տեղի կ’ունենային, ուստի հնարաւոր է, որ նկարիչը ինքն ալ այդ օրը փորձած է ցատկիլ: Այս վարկածը սակայն ոչ մէկ հիմնաւորուած ապացոյց ունի, ուստի  նկարի ստեղծման առիթը կը համարուի Էտուարդ Մունչի նկարագրած դէպքը:

 

Ո՞ւր է «Ճիչը» այսօր

Գոյութիւն ունի այս յայտնի պատկերի եւս 3 տարբերակ՝ նկարուած մատիտով, իւղամատիտով, գունամատիտով: 1994-ին քանի մը յանցագործներ գողցած են «Ճիչի» վերջնական յայտնի տարբերակը: Բարեբախտաբար «Ճիչը» գտնուած է «առեւանգում»էն ընդամէնը 3 ամիս անց: Այսօր այն կը գտնուի Նորվեկիոյ մայրաքաղաք Օսլոյի ազգային պատկերասրահին մէջ: