Մեծայարգ Տիար Արայիկ Յարութիւնեան
Նախագահ Արցախի Հանրապետութեան
Ստեփանակերտ
Իբրեւ Արցախի Հանրապետութեան Նախագահ Ձեր հանդիսաւոր երդմնակալութեան առիթով անգամ մը եւս կու գանք ջերմ զգացումներով շնորհաւորել եւ Հայրապետական օրհնութեամբ ողջունել Ձեզ։
Պարոն Յարութիւնեան, մինչ կը լծուիք Ձեր խիստ պատասխանատու պաշտօնին Ձեզի պարտաւորեցնող պատասխանատուութիւններու եւ պարտաւորութիւններու կենսագործման աշխատանքին, Ձեզ կը վստահեցնենք որ պիտի վայելէք մեր անվերապահ զօրակցութիւնը ի խնդիր յաջողութեամբ պսակումին այն յանձնառութիւններուն զորս կատարեցիք ի սպաս Արցախի Հանրապետութեան հզօրացման, միջազգային ճանաչման, զարգացումին եւ Արցախի մեր ժողովուրդի բարօրութեան։
Մեր բարեմաղթանքներուն կը միացնենք մեր աղօթքը, Զմմառու Ցաւագին Տիրամօր բարեխօսութեամբ հայցելու համար Ամենակալին օգնութիւնը եւ Անոր հովանաւորութիւնը Ձեր հայրենանուէր եւ ժողովրդանուէր աստուածահաճոյ նախաձեռնութիւններուն։
Քաջառողջութեան եւ յաջողութեան մաղթանքներով՝
Հայրապետական օրհնութեամբ
ԳՐԻԳՈՐ ՊԵՏՐՈՍ Ի․
Կաթողիկոս Պատրիարք Տանն Կիլիկիոյ
Կաթողիկէ Հայոց
Պէյրութ, 22 Մայիս 2020