Երանացման եւ Սրբադասման Դատ Ծառայ Աստուծոյ Լատին Սուրբ Եկեղեցւոյ Ծիրանաւոր Պատրիարք Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ Գրիգոր Պետրոս ԺԵ. Աղաճանեանի (աւազանի անունով՝ Ղազարոս) ՀՐԱՄԱՆԱԳԻՐ

Երանացման եւ Սրբադասման Դատ Ծառայ Աստուծոյ Լատին Սուրբ Եկեղեցւոյ Ծիրանաւոր Պատրիարք Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ Գրիգոր Պետրոս ԺԵ. Աղաճանեանի (աւազանի անունով՝ Ղազարոս) ՀՐԱՄԱՆԱԳԻՐ

1971 թուականի Մայիսի 16-ին, Հռոմի մէջ վախճանեցաւ Ծառայ Աստուծոյ Գրիգոր Պետրոս ԺԵ. Աղաճանեան, Ծիրանաւոր Լատին Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ եւ Պատրիարք Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ։

Աստուածաբանական եւ հոգեւոր խորաթափանց մշակոյթի մարդ, Աստուծոյ Ծառան իր կեանքը նուիրեց Տիրոջ եւ Սուրբ Եկեղեցւոյ ծառայութեան՝ զանազան պաշտօններով, որոնց կոչուած էր։

Իմաստութեամբ եւ սիրով առաջնորդեց Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցին, յառաջ մղելով անոր հոգեւոր եւ նիւթական զարգացումը։

Ան, նոյն սէրը, խոհեմութիւնն ու եռանդը ցոյց տուաւ աւետարանական պատգամի տարածումին համար, երբ իրեն յանձնուեցաւ Հաւատոյ Տարածման Ժողովի ղեկավարութիւնը։ Կեանքի բոլոր պարագաներուն մէջ իր մեծ հաւատքը վկայեց Աստուծոյ հանդէպ, Անոր նուիրեալն ըլլալու ուրախութեամբ եւ զԱյն եղբայրներուն հաղորդելու յարատեւ ցանկութեամբ։

Տրուած ըլլալով, որ անոր սրբութեան հռչակը տարիներու ընթացքին շատ աւելի աճած է, եւ օրինաւոր կերպով հաստատուած Աղերսարկուն պաշտօնապէս դիմում կատարած է անոր Երանացման եւ Սրբադասման Դատին ընթացք տալ, Եկեղեցւոյ հասարակութեան տեղեկացնելու նպատակով՝ կոչ կ’ուղղենք բոլորին եւ իւրաքանչիւր հաւատացեալի մեզի հաղորդել ուղղակի կերպով, եւ կամ Հռոմի Փոխանորդութեան Թեմական Ատեանին փոխանցել բոլոր այն տեղեկութիւնները, որոնցմէ որեւէ ձեւով յիշեալ Աստուծոյ Ծառային սրբութեան հռչակին նպաստաւոր կամ հակառակ տարրեր կարելի ըլլայ մակաբերել: Բաց աստի, ըստ օրինական կարգաւորութեան, պարտաւոր ըլլալով հաւաքել անոր վերագրուած բոլոր գրութիւնները, ներկայ Հրամանագիրով կը պատուիրենք, որ բոլոր անոնք, որոնք իրենց սեփականութեան ներքեւ որեւէ գրութիւն ունին, որուն հեղինակը Աստուծոյ Ծառան ըլլայ, պատշաճ խնամքով զայն յանձնեն սոյն Ատեանին, եթէ ցարդ չեն յանձուած դատի Աղերսարկութեան: Կը յիշեցնենք, թէ գրութիւններ կոչելով՝ չենք հասկնար միայն տպագրուած երկերը, որոնք արդէն հաւաքուած են, այլ նաեւ՝ Աստուծոյ Ծառային ձեռագիրները, օրագրութիւնները, նամակները եւ որեւէ այլ անձնական գրութիւն։ Անոնք, որոնք կը փափաքին պահել բնօրինակները, կարող են ներկայացնել պատկանաբար վաւերացուած պատճէնը։ Վերջապէս, կը սահմանենք, որ այս ՀՐԱՄԱՆԱԳԻՐԸ երկու ամսուան տեւողութեամբ կցուած մնայ Հռոմի Փոխանորդութեան դարպասներուն, ինչպէս նաեւ՝ հրատարակուի Հռոմի Թեմական Պարբերականի «Rivista Diocesana di Roma» եւ «Osservatore Romano» եւ «Avvenire» օրաթերթերուն մէջ եւ Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքարանի «Աւետիք» պաշտօնաթերթին մէջ:

Տրուած՝ Հռոմ, Փոխանորդութեան Աթոռէն, 4 Փետրուար 2020

 

ՄԱՐՉԵԼԼՕ ԹԵՐՐԱՄԱՆԻ                         Կարդինալ ԱՆՃԵԼՕ ՏԷ ՏՈՆԱԹԻՍ

                Նօտար                                                        Ընդհանուր Փոխանորդ