ՄԵՐ ՄԱՅՐԸ

ՄԵՐ ՄԱՅՐԸ

Այս բոլոր նշուած հանգամանքներէն զատ եւ անոնցմէ շատ աւելի մօտ է մեր սրտին, սա՝ որ ամենասուրբ Կոյսը, Մայր Աստուծոյ, է՛ միանգամայն մեր Մայրը, հոգեւոր մայրը բովանդակ մարդկութեան։

Մայր անունը բնական կարգին մէջ մանուկին, երիտասարդին, ծերին հոգւոյն մէջ կ’արծարծէ ամենամաքուր սիրոյ եւ անվերապահ վստահութեան զգացումներ։

Մեր երակներուն մէջ կը հոսի մեր մօր արիւնը, անոր հոգւոյն բերումները եւ դիմագիծը յաճախ կը վերանորոգուին մեր մէջ։ Յաճախ սուրբերուն մայրերը իրենք ալ սրբուհիներ եղած են։ Տարիներու հոլովոյթին մէջ կը ստուերանան ամենագեղեցիկ յուշերն անգամ, կը պաղին ամենաբուռն սէրերը կեանքի տարուբերումներուն մէջ, միակ ու միակ յաղթական կը մնայ տարիներու եւ մոռացութեան դէմ, սէրն ու յիշատակը մայրենի։

Ո՜րքան շնորհակալ ըլլալու ենք Յիսուսի, որ երկրաւոր եւ բնական մօրմէ զատ, տուաւ մեզի երկրաւոր եւ գերբնական մայր մը, մայր մը աննման, մայր ամենասիրելի, մայր անարատ, իր իսկ Մայրը, Մարիամ Աստուածածինը։

ԿԱՐԴԻՆԱԼ ԳՐԻԳՈՐ-ՊԵՏՐՈՍ ԺԵ.

ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ

«Թուղթ Հովուական» – 1954