ՀՀ վարչապետի աշխատակազմի տեղեկատուութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութիւնը տեղեկացուց, որ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Ուրբաթ, 8 Մայիսին հեռախօսազրոյց ունեցած է Նորին Սրբութիւն Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին հետ։
Վարչապետը շնորհակալութիւն յայտնած է քորոնավիրիւսի սոցիալ-տնտեսական հետեւանքներու մեղմացման և խոցելի խաւերուն օգնութիւն տրամադրելու կապակցութեամբ Կաթողիկէ Սրբազան Եկեղեցւոյ եւ անձամբ Ֆրանչիսկոս Պապի ջանքերուն համար եւ ներկայացուցած է համավարակին դէմ Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութեան կողմէ ձեռնարկուող քայլերը:
Երկուստեք ընդգծուած է այսօր աշխարհի վրայ խաղաղութեան պահպանման, սպառազինման դադրեցման եւ ժողովուրդներու միջեւ խաղաղութեան մշակոյթի տարածման ու խրախուսման անհրաժեշտութիւնը: Այս շրջագիծէն ներս, վարչապետ Փաշինեանը մեծապէս կարեւորած է Ֆրանչիսկոս Պապին կողմէ անցեալ ամիս կատարուած համընդհանուր զինադադարի կոչը, ներկայացուցած է Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի խաղաղ կարգաւորման Հայաստանի յանձնառութիւնը, նաեւ երախտագիտութիւն յայտնած է Նորին Սրբութեան՝ հայ ժողովուրդին ու պատմական արդարութեան կողքին մշտապէս կանգնելուն համար։
Նորին Սրբութիւնը շնորհաւորած է Նիկոլ Փաշինեանը՝ Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ ընտրութեան երկրորդ տարեդարձին առիթով։ Ան մեծ գոհունակութեամբ ընդգծած է Կաթողիկէ եւ Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցիներուն միջեւ գոյութիւն ունեցող եղբայրական յարաբերութիւններն ու անսասան կապը: Սրբազան Քահանայապետը վերահաստատած է իր դիրքորոշումը Հայոց ցեղասպանութեան կապակցութեամբ: