ԿԱՐԴԻՆԱԼ ԱՂԱՃԱՆԵԱՆԻ ՄՇՏԱՀՈՒՆՉ ԿՈՉԸ ԱԶԳԻ ՈՒՆԵՒՈՐՆԵՐՈՒՆ

ԿԱՐԴԻՆԱԼ ԱՂԱՃԱՆԵԱՆԻ ՄՇՏԱՀՈՒՆՉ ԿՈՉԸ ԱԶԳԻ ՈՒՆԵՒՈՐՆԵՐՈՒՆ

Բայց կոչ կ’ընենք միանգամայն մեր բոլոր սրտով եւ հեղինակութեամբ ժամանակաւոր ստացուածքներով աւելի նպաստաւորուած մեր զաւակներուն, որ առատութեամբ հասնին օգնութեան չքաւոր եղբայրներու եւ քոյրերու, մանուկներու, որբերու, հիւանդներու, այրիներու, բազմանդամ ընտանիքներու, հայթայթելով գործ, դպրոցական թոշակ, սննդեղէն, հագուստ, դեղորայք, եւ այլն, ձեռնտու ըլլան աղքատախնամ եւ ուրիշ նպաստամատոյց ընկերութիւններու, զրկելով իսկ իրենք զիրենք ‒ եւ այդ զոհողութիւններուն վարժեցնեն իրենց զաւակները ‒ շատ մը աւելորդ պերճանքներէ ու զուարճութիւններէ, ամենուն օգնութեան ձեռք կարկառելու համար։ Յանուն Աստուծոյ, ուրիշներ երջանկացնելու մէջ գտնեն իրենց երջանկութիւնը եւ պիտի վայելեն Անոր առատ օրհնութիւնը եւ առատագոյն մխիթարութիւնը Յիսուսի խօսքին համաձայն «Լաւ է տալ մանաւանդ, քան առնուլ»։

ԿԱՐԴԻՆԱԼ ԳՐԻԳՈՐ-ՊԵՏՐՈՍ ԺԵ.

ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ

«Թուղթ Հովուական» – 1947