ՍԱՐԳԻՍ ՆԱՃԱՐԵԱՆ
————————————
Բրիտանական մեծազդեցիկ «The Guardian» օրաթերթը՝ նշելով որ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը վերջին երկու ամսուան ընթացքին առաջին անգամն ըլլալով՝ Կիրակի 19 Ապրիլին դուրս գալով Վատիկանէն՝ Աստուածային Ողորմածութեան օրուան նուիրուած սուրբ Պատարագ մատուցանեց Աստուածային Ողորմածութեան սրբավայր S. Spirito in Sassia դատարկ եկեղեցիին մէջ, լայն տեղ կու տայ այս առթիւ Պապի արտասանած քարոզին որ համայն մարդկութեան ուղղուած կոչ մըն է վերացնելու անհաւասարութիւնները, փոխհատուցանելու անարդարութիւնը որ արմատապէս կը խաթարէ ողջ մարդկութեան առողջութիւնը։ Պապը կը զգուշացնէ մարդկութիւնը Քորոնա ժահրէն շատ աւելի վտանգաւոր ժահրէ մը՝ որ անտարբեր եսասիրութեան ժահրն է։ «Վտանգը այն է՝ թէ մեզ հարուածէ աւելի ծանր ժահր մը, անտարբեր եսասիրութեան ժահրը։ Ան կը փոխանցուի այն գաղափարէն՝ թէ կեանքը աւելի կը լաւանայ եթէ ինծի համար լաւ է, ու թէ ամէն բան դէպի լաւ կ’ընթանայ եթէ ինծի համար լաւ ըլլայ։ Այստեղէն կը մեկնինք ու կը հասնինք մարդոց միջեւ ընտրութիւններ կատարելու ու անտեսելու աղքատները, զարգացումի խորանին վրայ զոհելով անոնք որոնք ետ մնացած են» կ’ըսէ Սրբազան Քահանայապետը։
Ապա Ֆրանչիսկոս կը զգուշացնէ «ետեւ մնացածները» մոռնալու վտանգէն։ «Այժմ երբ կը մտածենք համաճարակէն դանդաղ ու յոգնեցուցիչ վերականգնումի մը մասին, կը յայտնուի ուրիշ վտանգ մը, վտանգը մոռնալու անոնք որոնք ետեւ մնացին» կ’ըսէ ան, համաճարակին մէջ տեսնելով այն հաստատումը որ «տառապողներու միջեւ չկան տարբերութիւններ եւ սահմանագիծեր։ Բոլորս ալ դիւրաբեկ զաւակներ ենք. բոլորս հաւասար, բոլորս թանկագին»։
ՎԵՐԱՑՆԵԼ ԱՆՀԱՒԱՍԱՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ԵՒ ԱՆԱՐԴԱՐՈՒԹԻՒՆԸ
«Ժամն է վերացնելու անհաւասարութիւնները, փոխհատուցանելու անարդարութիւնը որ արմատապէս կը խաթարէ ողջ մարդկութեան առողջութիւնը – կ’ըսէ Ֆրանչիսկոս։ Սորվինք՝ գործք առաքելոցի մէջ նկարագրուած քրիստոնեայ առաջին հասարակութենէն։ Ան ընդունած էր ողորմութիւնը ու կ’ապրէր ողորմութեան մէջ։ «Հաւատացեալներն ամէնքը միասին էին, եւ ինչ որ ունէին, հասարակաց էր. անոնք կը վաճառէին իրենց կալուածքներն ու ինչքերը եւ կը բաժնէին բոլորին՝ իւրաքանչիւրին ինչ որ պէտք ունէր»: Գաղափարախօսութիւն չէ սա. Քրիստոնէութիւն է»։
Այս օրինակէն մեկնելով, Ֆրանչիսկոս կը շեշտէ հիմա ալ եսասիրաբար չառաջնորդուելու եւ ապագան միասնաբար պատրաստելու պայմանը եւ կ’ըսէ․ «Այդ հասարակութեան մէջ, Յիսուսի Յարութենէն ետք՝ միայն մէկ հոգի ետ մնացած էր ու միւսները սպասեցին։ Այսօրուայ դրութեան մէջ կարծես հակառակն է։ Մարդկութեան փոքր մաս մը յառաջ գացած է, մինչ մեծամասնութիւնը ետ մնացած։ Եւ իւրաքանչիւր անձ կարող է ըսել. «Խրթին հարցեր են, ինծի չիյնար խնամք տանիլ կարիքաւորներուն, պէտք է որ ուրիշներ մտածեն այդ հարցի մասին»։
ՉՄՏԱԾԵՆՔ ՄԻԱՅՆ ՄԵՐ ԱՆՁՆԱԿԱՆ ՇԱՀԵՐՈՒ ՄԱՍԻՆ
«Չի մտածենք միայն մեր շահերուն, մասնակի շահերուն։ Այս փորձանքը ընկալենք որպէս հնարաւորութիւն պատրաստելու համար բոլորին ապագան։ Որովհետեւ առանց միասնական տեսակէտի մը ոչ մէկուն համար ապագայ պիտի ըլլայ։ Ողորմութիւնը գործադրենք անոր նկատմամբ որ աւելի տկար է։ Միայն այսպէս է որ պիտի կարողանանք կառուցել նոր աշխարհ մը» կ’ըսէ Պապը։
Միշտ Աւետարանէն կատարուած վկայութիւններով, Ֆրանչիսկոս կը հաւաստիացնէ որ առանց ողորմածութեան, մարդկութեան համար վերականգնիլ հնարաւոր չէ։ «Կեանքին մէջ – կ’ըսէ ան – յառաջ կ’ընթանանք խարխափումով, մանուկի մը նման, որ նոր սկսած է քալել, եւ կ’իյնայ։ Մի քանի քայլ ու դարձեալ կ’իյնայ, կ’իյնայ ու դարձեալ կ’իյնայ, մինչ հայրը ամէն անգամ զինք նորէն ոտքի կը դնէ։ Անոր երկարած ձեռքը ողորմութիւնն է։ Աստուած գիտէ որ առանց ողորմութեան մենք գետին կը մնանք, թէ քալելու համար պէտք ունինք ոտքի կանգնելու։ Տէրը չուզեր որ մենք մտածենք մեր անկումներու մասին, այլ կ’ուզէ որ նայինք Իրեն, Անոր որ անկումներուն մէջ կը տեսնէ զաւակներ զորս պէտք է վերականգնեցնել եւ խեղճութեան մէջ զաւակներ՝ զորս պէտք է սիրել ողորմութեամբ»։
«Այսօր այս եկեղեցւոյ մէջ որ քսան տարիներ առաջ՝ Հռոմի մէջ դարձաւ ողորմութեան սրբավայրը, այն կիրակի օրը զոր Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ․ ուզեց նուիրել աստուածային ողորմութեան, վստահութեամբ ընկալենք սոյն պատգամը»։
ՈՂՈՐՄՈՒԹԻՒՆԸ ՈՉ ՈՔ ԵՏԵՒ ԿԸ ԹՈՂՈՒ
Ըսելով որ Աստուածային ողորմածութիւնը ոչ ոք կ’անտեսէ, անոր արժանի են անխտիր բոլորը, «ետին մնացած» կամ «ուշացած» բոլո՛րը, Ֆրանչիսկոս կ’աւարտէ իր խօսքը ըսելով․- «Մենք ալ մեր այս օրուան ապրած դժուարութիւններուն մէջ, Թովմասի նման մեր վախերով ու տարակոյսներով, մենք մեզ վերագտանք դիւրաբեկ։ Պէտք ունինք Տիրոջ, որ մեր դիւրաբեկութիւններէն անդին՝ մեր մէջ կը տեսնէ անսանձելի գեղեցկութիւն մը։ Անոր հետ կը վերագտնենք մեր դիւրաբեկութիւնը, մեր գեղեցիկ բիւրեղներ ըլլալու յատկութիւնը, դիւրաբեկ ու թանկարժէք միեւնոյն ատեն։ Ու նաեւ թափանցիկ՝ նման բիւրեղներուն, որուն ընդմէջէն կը շողայ Յիսուսին լոյսը, ողորմութեան լոյսը, ապա մեր միջոցաւ կը ցոլայ աշխարհին։
«Աստուածային ողորմութեան այս տօնին օրը, ամենագեղեցիկ աւետիսը մեզի կու գայ այն աշակերտէն որ ուշացաւ։ Միայն ան՝ Թովմասը կը պակսէր։ Տէրը սակայն սպասեց զինք։ Ողորմութիւնը ոչ մէկը ետեւ կը թողու»։
Սրբազան Քահանայապետին պատգամը յստակ է։ Տառապալի այս օրերուն «ետեւ չձգել» այսինքն չանտեսել եւ մոռնալ անոնք որոնք ի վիճակի չեն առանձին յաղթահարելու դժուարութիւնները որոնց դէմ յանդիման կը գտնուինք բոլորս։