«Ո՛վ մարդկային արդարութիւն, թող որ թքնեմ քու ճակատիդ»
Սիամանթօ
Այսօր, 2020 թուականի Ապրիլ 24-ին՝ եղեռնագործութենէն 105 տարի անց, վերստին կ’ոգեկոչենք Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու անմար յիշատակը եւ յարգանքի տուրք կը մատուցենք մեր բոլոր նահատակներուն: 105 տարի առաջ, զրկելով հայրենիքէն, ջանալով երկրի երեսէն ջնջել հայկական ինքնութեան եւ պատկանելիութեան հոգեւոր եւ մշակութային ժառանգութիւնը, ինչպէս նաեւ ֆիզիքական բնաջնջման միջոցով՝ ոսոխը փորձեց սպաննել նաեւ հայ ժողովուրդի հոգին: Այն սատանայական միտքը, որ կը ծրագրէր այս ոճիրը, արիւնաթաթախ ձեռքերը, որոնք կ’իրագործէին այն եւ ատելութեամբ ու չարութեամբ լեցուած աչքերը, ունակ չէին ո՛չ զգալու, եւ ո՛չ ալ տեսնելու աստուածային շնորհը, որ տրուած էր հայ ժողովուրդին: Ժողովուրդ, որուն հաւատքը Տիրոջ հանդէպ անսասան է, ով վերապրելու, Փիւնիկի պէս մոխիրներէն վեր յառնելու, սեփական հայրենիքը վերակերտելու աննկուն կամք ունի: Ոճրագործը կրնայ սպաննել անոր մարմինը, բայց ոչ երբեք հոգին, քանզի այն ոչ միայն անմահ է, այլ՝ «Հոգին է կենդանարար» (Յովհ. 6:64):
Դարեր շարունակ հայ ժողովուրդը ենթարկուած է հրոսակներու եւ կեղեքիչներու հարստահարումներուն եւ բռնութիւններուն, սակայն չէ դադրած մաքառիլ ու ընդվզիլ, միշտ անխախտ մնացած է Տիրոջ նկատմամբ անոր անսահման հաւատքը, ուստի, կրցած է նորէն ոտքի կանգնիլ, հաստատակամօրէն քալել Աստուծոյ նախանշած ուղիով՝ պահպանելով ստեղծագործ միտքը եւ արարող մարդու դիմագիծը:
Մինչ Առաջին Համաշխարհային Պատերազմը, Օսմանեան կայսրութեան մէջ կ’ապրէր աւելի քան երկու միլիոն հայ, շուրջ մէկ ու կէս միլիոն հայ գազանաբար սպաննուեցաւ, իսկ միւսները բռնի կերպով դաւանափոխ եղան կամ խոշտանգումներով տեղահանուեցան իրենց հայրենի բնօրրանէն, հարիւրաւոր քաղաքներ եւ գիւղեր աւերուեցան ու հուրի մատնուեցան: 1915 թուականի Ապրիլ 24-ին, Կոստանդնուպոլսոյ մէջ իրականացուեցան հայ մտաւորականութեան ձերբակալութիւնները եւ սպանդը:
Մարդկութեան դէմ գործուած այս սահմռկեցուցիչ ոճրագործութեան միջազգային ճանաչումը կարեւոր քայլ է ոչ միայն աշխարհասփիւռ հայ ժողովուրդին, այլեւ աշխարհի բոլոր ազգերուն ու ժողովուրդներուն համար, քանզի անպատժելիութիւնը կը ծնի նոր չարիք:
Ցեղասպանութեան ժխտումը կը նշանակէ երկրորդ անգամ սպաննել նոյն ազգը, միայն թէ այս անգամ՝ լռութեամբ եւ պատմութիւնը մոռացութեան մատնելով: Թէ՛ պետական մարմիններու, թէ՛ եկեղեցական կառոյցներու պարտականութիւնն է պաշտպանել հայոց դատը, ապագայ սերունդներուն փոխանցել Հայ Եկեղեցւոյ բազմադարեայ հարուստ մշակոյթը, պահպանել հայոց լեզուն եւ հայ ինքնութիւնը: Իսկ մենք՝ որպէս Հայոց Ցեղասպանութեան վերապրողներու ժառանգներ, մեր պարտքն է հաւատարիմ մնալ հայ ազգային ինքնութեան ու պատկանելիութեան, հոգեւոր եւ մշակութային արժէքներուն, չդադրիլ պայքարելէ ժխտողականութեան դէմ՝ յանուն արդարութեան վերականգնման եւ մեր նախնեաց հոգիներու հանգստութեան: Ֆրանսացի մարշալ Ֆերդինանդ Ֆոշը ասում էր. «Ազգը առանց յիշողութեան, ազգ է առանց ապագայի»: Ժամանակն անցնում է, յիշողութիւնը՝ մնում:
Որքա՞ն ուժգին կրնայ ըլլալ մարդկային ատելութիւնը: Ինչպէ՞ս կրնայ մարդ արարածը այդքան խորշիլ իր նմանէն: Ինչպէ՞ս կրնայ ազգային կամ կրօնական պատկանելիութիւնը խտրական վերաբերմունքի պատճառ ըլլալ: Եւ, ի վերջոյ, ինչպիսին ալ ըլլայ մարդու ատելութիւնը մէկ այլ մարդու նկատմամբ, մի՞թէ կրնայ որեւէ արդարացում ըլլալ այն ոճրագործին, որ ամբողջ ազգի բնաջնջման նպատակով կազմած եւ գործի դրած է հրէշաւոր ծրագիր մը: Ի հարկէ, ո՛չ: Ո՛չ մարդկային, եւ ո՛չ ալ աստուածային օրէնքները թոյլ չեն տար մարդկանց կեանքեր խլել: Ոչ ոք իրաւունք ունի զրկելու մարդուն կեանքէն՝ այն շնորհէն, որ Աստուած պարգեւած է, իսկ Տէրը մարդոց եւ ազգերու միջեւ խտրութիւն չի դներ, Աստուած սէր է, «քանի որ Ան իր արեգակը կը ծագեցնէ չարերու ու բարիներու վրայ եւ անձրեւ կը թափէ արդարներու ու մեղաւորներու վրայ» (Մատթ. 5:45): Մարդիկ են երկրի աղը եւ աշխարհի լոյսը:
Մենք՝ ըլլալով սերունդը ցեղասպանութիւնը վերապրողներու, եւ ոչ հեռաւոր ապագային նաեւ մեր նոր սերունդները, կը կարողանա՞նք արդեօք ձերբազատուիլ զոհի հոգեբանութենէն, հայեացք ուղղել դէպի ապագայ եւ վստահ քայլերով ընթանալ նոր կեանքի ճանապարհով…: Ժամանակը ցոյց կու տայ, սակայն երբեք պէտք չէ մոռնանք, որ կեանքի բոլոր ճանապարհներուն մեր ուղեկիցը կ’ըլլայ Քրիստոս՝ մեր ընկերն ու բարեկամը եւ իր Հրաշափառ Յարութեան լոյսով կը լուսաւորէ մեր միտքն ու հոգին:
Երբեք պէտք չէ մոռնանք աւետարանական այն ճշմարտութիւնը, որ սէրը աստուածային շնորհ է, ուստի, սէրը մերձաւորի, Եկեղեցւոյ եւ Հայրենիքի նկատմամբ ամենավեհ զգացմունքն է, որ կրնայ ունենալ մարդը:
Հայոց Ցեղասպանութեան յիշատակութեան օրը ոչ միայն խնկարկումի, այլեւ Յարութեան օր է: Այս եղեռնագործութեանը զոհ դարձած բոլոր մարդիկ անցան Խաչի եւ Յարութեան ճանապարհը՝ միանալով արդարներու երամին: Եւ, ինչպէս Աւետարանի մէջ կ’ըսուի. «Ճշմարիտ, ճշմարիտ կ’ըսեմ ձեզ. եթէ ցորենի հատիկը հողի մէջ իյնալով չմեռնի, միայն ինքը կը մնայ, իսկ եթէ մեռնի, բազում արդիւնք կու տայ: Ով կը սիրէ իր անձը, կը կորսնցնէ այն, իսկ ով այս աշխարհի մէջ իր անձը կ’ատէ, այն կը պահէ յաւիտենական կեանքի համար» (Յովհ. 12:24-25): Նահատակներէն իւրաքանչիւրը նման է այս ցորենի հատիկին, որ իյնալով հողին մէջ պէտք է նորէն ծլարձակի եւ բազում արդիւնք տայ:
Ապրիլը, որ մէկ դար առաջ ներկուեցաւ անմեղներու արեամբ՝ այսօր այդ նոյն Ապրիլը պէտք է դառնայ ապրելու Ապրիլ, քանզի ճշմարիտ է նաեւ, որ հայ ժողովուրդը այն կենսատու ծառն է, որ ամէն գարուն իր դալար շիւերը կ’արձակէ, ապա՝ պտուղ կու տայ ու կը բազմանայ…
Գերյ. Հայր ԳԱՌՆԻԿ ծ. վրդ. ՅՈՎՍԷՓԵԱՆ
Փանիկի Սուրբ Աստուածածին Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ Ժողովրդապետ,
Հայաստանի Հայ Կաթողիկէ Երիտասարդաց միութեան նախագահ
24/4/2020
(Յապաւուած)