Ո՞վ Կը Յիշէ Այսօր. ՀՐԱՉ ՔԱՋԱՐԵՆՑ… (30-րդ տարելիցին  առթիւ)

Ո՞վ Կը Յիշէ Այսօր.                       ՀՐԱՉ ՔԱՋԱՐԵՆՑ… (30-րդ տարելիցին  առթիւ)

ՍԱՐԳԻՍ ՆԱՃԱՐԵԱՆ

«Պատնէշի Վրայ՝ Կեանքի Գնով»

անտիպ հատորէն

————————————————————————

Ո՞վ կը յիշէ այսօր այն որ «եղբայր պատուականն» էր բոլոր զինք ճանչցողներուն, զորս ի՛նք իր պատուական եղբայրները կ’անուանէր։

Այն՝ որ բարիութեան եւ մանկանման անմեղութեան մարմնացումը, Բարիի ու Գեղեցիկի քնարերգակ մը, Ճշմարիտի ու անարատութեան ջատագով մը, մարդկայնականութեան եւ սրբութեան ներբողագիր մը ըլլալով հանդերձ, քիչ է ըսել է՛ր նաեւ բանաստեղծ եւ արձակագիր, խմբագիր եւ հրապարակագիր, բանասէր եւ գրականագէտ, թարգմանիչ եւ գրական քննադատ, հռետոր եւ հրաշունչ դասախօս, բազմահմուտ եւ բազմախոհ, բազմալեզու եւ մանաւանդ հայերէնագէտ։ Անոր այս արժանիքներուն համար է որ Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ եւ Վատիկանի մեծանուն Իշխանը՝ Կարդինալ Աղաճանեան 1946-ին զինք հրաւիրած էր Պէյրութ եւ անոր վստահած հազիւ տարի մը ետք հրատարակուիլ սկսած «ՄԱՍԻՍ» շաբաթաթերթին խմբագրութիւնը։ Այդ օրէն սկսեալ եւ մինչեւ մահը Քաջարենց պատնէշի վրայ մնաց գրիչը ձեռքին։

Կենդանի համայնագիտարան մըն էր Հրաչ Քաջարենց, հայկական եւ քրիստոնէական արժէքներու սերմնացան մը։ Հայածէս արարողութիւններու սիրահար մը։ Ջերմեռանդ հաւատացեալ մը՝ կուսակրօն հոգեւորականի մը վայել վարքով։ Կը սիրէր սպասարկել սուրբ Պատարագին՝ պատարագիչ հօր հետ իւրաքանչիւր փոխասացութեան նշանակութեան շեշտադրումով։ Աշրաֆիէի Սբ. Կուսի Աւետման եկեղեցիին մէջ, որ իր առաւօտեան եւ երեկոյեան երթեւեկութեան անխուսափելի մէկ հանգրուանն էր, հանդիսաւոր պատարագներուն յաճախ կը յայտնուէր «Կիլիկիա» երգչախումբի թենորներու կամ պասերու շարքին։

Գէորգ Պաղճեանին (Վազգէն Այգունի) հետ Քաջարենց՝ Սիմոն Սիմոնեաններու, Անդրանիկ Ծառուկեաններու, Վահէ Վահեաններու եւ Հայ գրականութեան ու մշակոյթին բազմաթիւ ուրիշ նուիրեալներու հետ, եղաւ լիբանանահայութեան մշակութային եռուն կեանքէն ներս նկատառելի ներկայութիւն մը։

Այսպիսի անձնաւորութիւն մը ի՞նչ գործ կրնայ ունենալ գիրքի մը մէջ, որ նուիրուած է ֆիզիքական գոյութեան պաշտպանութեան դրուագներու, քաղաքացիական կռիւներու, զինեալ ընդհարումներու, պատերազմական իրավիճակներու կամ ինքնապաշտպանութեան դրուագներու նկարագրութեան։

Պատասխանը պարզ է։ Քաջարենց մինչեւ իր մահը կանգնեցաւ Հայ մշակոյթի, հայու ինքնութեան պաշտպանութեան եւ հայերէն լեզուի աղճատման դէմ պայքարի դիրքերուն վրայ եւ չկար բան մը որ կարենար զինք հեռացնել այդ դիրքերէն։ Ան երբեք վար չդրաւ իր գրիչը։ Գրիչը ձեռքին այդ դիրքերուն վրայ աննահանջ մնաց քաղաքացիական պատերազմի ամէնէն թէժ օրերուն, որոնց իր անմիջական շրջապատէն ներս ունեցած հետեւանքները կը դիտէր փորձագէտի մը աչքերով պատրիարքարանին շուրջ, օգտուելով Հոկտեմբերի (1978) կէսերուն յայտարարուած «զինադադարի» մը առիթէն։ Խուզարկու նայուածքով կը դիտէր ռումբերուն օր մը առաջ գործած աւերին հետքերը։ Խոռոչներ՝ շէնքին բոլոր կողմերը, տանիքը ու պատերուն վրայ։ Կը զննէր լուռ։ Թերեւս ինծի պէս կը մտածէր որ եթէ 1932-1934-ին, շէնքը կառուցող իտալացի ճարտարապետները բացառիկ հաստութեամբ պատեր հիւսել տուած չըլլային, հաւանաբար աւերը շատ աւելի մեծ պիտի ըլլար, ինչպէս որ պատահած էր Արարատեան սրահի պարագային։ Սրահը իր յարակից մասերով քարուքանդ դարձած էր։ Չէր վնասուած միայն եկեղեցին։ Չեմ գիտեր թէ սաստիկ ռմբակոծումներու այդ օրերուն, Գասպարեան Հոգեւոր Տէրը, Հայր Անդրանիկ Կռանեանը եւ Հրաչ Քաջարենց, որոնք պատրիարքարանին մէջ արգելափակուած էին, իրենց կեանքը կը պարտին իրենց աղօթքներո՞ւն թէ իտալացի ճարտարապետներու յղացած հաստաբեստ որմերուն։

Բոլոր պարագաներուն տակ՝ անայլալ, Քաջարենց մնաց համեստ ու խոնարհ մարդը, այնպէս ինչպիսին կ’ըլլան անշպար մեծութիւնները։

***

3 Յունիս 1990, Պենտեկոստէի Կիրակի օրը, Հրաչ Քաջարենց աւանդեց իր հոգին անցաւ եւ անձանձրոյթ, այնուհետեւ առանց մահազդի մը անգամ, այնպէս ինչպէս փափաք յայտնած էր ի պատասխան քաջառողջութեան մաղթանքներուն բարեկամներու, որոնք Զմմառ կ’երթային անգամ մը եւս դիմաւորուելու համար անոր «հուրն ի հուրոյն քեզ տայ ողջոյն»ով։ Քաջարենցեան «բարեւ»ն էր ասիկա, որուն պատասխանն էր «ողջոյնն է սո՛ւրբ՝ հրոյդ ի Հրոյն»։

Ինծի, հաւանաբար շատերուն համար եւս, Հրաչ Քաջարենցի կենսագրականը կը սկսէր 50-ական տարիներուն Աշրաֆիէի «Քաթոլիկ Տէրէ»էն (Կաթողիկէ Ձոր), որ առաւելաբար կաթողիկէ հայերով բնակուած ըլլալուն համար այս անունով ճանչցուած թաղամաս մըն էր, ուր գողտրիկ տան մը մէջ հաստատուած էր ան Կարդինալ Աղաճանեանի հրաւէրով եւ կարգադրութեամբ՝ իր այնքան պաշտած մօրը հետ Հռոմէն Պէյրութ տեղափոխութենէն ետք։ Պէյրութ եկած էր նաւով եւ կ’ըսէր թէ նաւուն վրայ փորձած է սորվիլ նաեւ արաբերէն։

Իր հեզաբարոյ բնաւորութեամբ՝ շատ յարգուած եւ սիրուած էր շրջանի արաբ բնակիչներէն, որոնց հետ մտերմացած էր՝ տունէն Հայ Կաթողիկէ պատրիարքարան, ապա ՄԱՍԻՍի խմբագրատուն եւ տպարան օրը մի քանի անգամ երթեւեկելու ժամանակ։ Լիբանանի քաղաքացիական կռիւներն անգամ արգելք չեղան այս երթեւեկին։ Քոյրս ալ յետ ամուսնութեան «Քաթոլիկ Տէրէ»ի բնակիչ ըլլալով, ես ալ Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Ճեմարանի աշակերտ եւ սկաուտ, Քաջարենցին հանդիպելու եւ անոր հետ զրուցելու առիթները շատ էին։ Տունէն պատրիարքարան եւ անկէ ՄԱՍԻՍի տպարան եռանկիւնին վրայ երթեւեկը, ապա Աշրաֆիէի փողոցներուն մէջ, գունագեղ ցուցափեղկերը դիտելով եւ զրուցելով պտոյտները ընդհանուր զարգացման եւ հայերէնի իրական դասապահեր եղան ինծի համար։ Այդ օրերէն սկսեալ եւ մինչեւ հանգստեան կոչումը Զմմառու վանք, Քաջարենցին հետ հանդիպումներս եւ զրոյցներս յաճախակի դարձան մերթ ՄԱՍԻՍի խմբագրատան եւ տպարանին, պատրիարքարանին եւ անոր շրջափակին, եւ յաճախ ալ Կարպիս եւ Մանուէլ եղբայրներու «Նոր Կեանք»ի տպարանին (պատրիարքարանին դիմացի նրբանցքին մէջ), կամ ալ Աշրաֆիէի փողոցներուն մէջ։

 Եւ այսպէս, պատանեկութենէս մինչեւ երիտասարդութիւնս Քաջարենց՝ հօրմէս ետք, Գէորգ Պաղճեանին հետ եղաւ այն մարդը որուն կը պարտիմ քիչ թէ շատ լաւ հայերէնով մը արտայայտուելու կարողութիւնս, ապա նաեւ հայ մամուլի զինուորագրեալ մը, իր բնորոշումով «հայ մշակոյթի բեռնակիր մը» դառնալու հնարաւորութիւնս։

Պիտի կրկնեմ այն ինչ որ յաճախ իր մասին կատարածս վկայութիւններուն մէջ ըսած ու գրած եմ։ Դասական հասկացողութեամբ ուսուցիչ չէր։ Բայց է՛ր այն իրական, գլխագիր Ուսուցիչը, որ գիտէ խթանել, կողմնորոշել, առաջնորդել աշակերտը եւ անոր սիրցնել դասաւանդած նիւթը։ Եւ Հրաչ Քաջարենց ինծի նման շատերուն սիրցուց հայերէն լեզուն, հայ գիրն ու գրականութիւնը, հայ մշակոյթի արժէքները՝ ինք ըլլալով այդ բոլորին, եւ դեռ շատ մը ուրիշ գիտելիքներու շտեմարան մը։ Ըսի, հօրմէս ետք, Գէորգ Պաղճեանի եւ Քաջարենցի ազդեցութեան կը պարտիմ ազգային, գաղափարական կողմնորոշումներս ու մտածումներս, հայ ըլլալու հպարտութիւնս։ Իսկ իբրեւ հայրենասէր հայ եւ հաւատացեալ քրիստոնեայ դաստիարակութիւնս, թող զարմանալի չի թուի, Յիսուսեան հայրերուն։

Քաջարենցին համար զարգացումը սահման չունենալով, ան կեանքի աշակերտը եղաւ։

«Ինչքա՜ն նորութիւններ եւ հետաքրքրական վկայութիւններ կային գրութեանդ մէջ» ըսելով դիմաւորեց զիս Զմմառու վանքի մատրան առջեւ, 1988-ի Մայիսին, ակնարկելով գրութեանս որ քանի մը ամիս առաջ լոյս տեսած էր ՄԱՍԻՍին մէջ՝ Հայաստանի պատմական երկրաշարժին առիթով Գասպարեան Հոգեւոր Տիրոջ Սբ. Էջմիածին եւ աղիտահար շրջանները այցելութեան մասին, որուն ուղեկցած էի։ Այդ օր, Քաջարենց ուզեց լսել աւելին, իմանալ, գիտնալ աւելին՝ մեր տեսածներուն եւ ըրածներուն մասին, մերթ հիացական, մերթ զարմացական արտայայտութիւններով ընդմիջելով երբեմն։ Այդ օր, ունկնդիրը Հրաչ Քաջարենց աշակերտն էր, այն՝ որ պատանեկութեանս եւ երիտասարդութեանս տարիներուն ՄԱՍԻՍի խմբագրատան մէջ այնքան համբերութեամբ կը սրբագրէր թերի թարգմանութիւններս, մարզական ու սինեմայի մասին թղթակցութիւններս, զորս յաճախ վերստին գրել կու տար։ Միաժամանակ ուսուցիչի՛ եւ աշակերտի՛ զգացումով է որ թերեւս՝ ինքն իրեն իբրեւ տարիք սահմանած էր 7-77-ը։

Ուսուցիչ էր բոլոր անոնց համար, որոնք կ’ուզէին օգտուիլ իր մտային պաշարէն, որմէ կու տար սիրո՛վ, խանդավառութեամբ եւ միշտ համեստութեա՛մբ։ Աշակերտ էր ամէն անգամ որ բան մը եւս իմանալու առիթը ունենար, ամէն անգամ որ նորութիւն մը կար ըսուածին մէջ, եթէ նոյնիսկ ըսողը երեխայ մը ըլլար։

Զմմառու վանքի շրջափակէն ներս Քաջարենցի ներկայութիւնը Զմմառեան Ուխտի հիմնադիր առաքեալներու հայաբոյր շունչով կը համակէր մթնոլորտը եւ անոնց հաւատքով ու հաւատարմութեամբ կը ներշնչէր նորընծաները։ Այս վերջինները այսօր կոչուած են լծուելու քաջարենցեան բազմաժանրը գրականութիւնը ամփոփող ուսումնասիրութիւններու հրատարակութեան աշխատանքին, յաւերժացնելու համար անոր յիշատակը։

Ափսոս որ այս Մեծ Ուսուցիչը չարժանացաւ Մեծ Մասիսը սեփական աչքերով տեսնելու, գէթ պահ մը անոր դիմաց կանգնած խորհրդածելու եւ Մայր Հայրենիքի իրականութիւնը վայելելու վարձատրութեան, որ վստահաբար մեծագոյնը պիտի ըլլար՝ երկնայինէն ետք, որուն ինքզինք արժանի դարձուց իր կեանքով ու գործով։