ՀԱՄՕ ՄՈՍԿՈՖԵԱՆ
Պէյրութ
————————
Սպանացի մեծ հայասէր եւ մարդասէր Կոնզալօ Հերնանտէզ Կուարչի հետ մեր առաջին հանդիպումը տեղի ունեցաւ 2002 թ.ին Երեւանի մէջ, Սպանիոյ Ծերակոյտի անդամ Սոլերի հետ (Ալմերիա), որ եկած էր ստանալու Հայաստանի Հանրապետութեան Մշակոյթի նախարարութեան Արժանեաց Ոսկեայ շքանշանը, իր՝ սպաներէնով (թարգմանուած բազմաթիւ լեզուներու, նաեւ հայերէնի) «Էլ Արպոլ Արմենիօ» (Հայկական Տոհմածառ) վէպին համար, ուր ներկայացուցած էր հայոց Մեծ Եղեռնի ահաւոր ողբերգութիւնը, ուր թուրք դահիճները յետագային դարձան իրենց զոհերուն հայրերը…։ Գիրքին կողքին վրայ պատկերուած էր տարաբախտ հայ մայր մը (լուսանկարուած Աւստրիացի սպայ Արմէն Վէկնէրին կողմէ) երբ իր նորածինը գրկած կը քալէր Սուրիոյ անապատին մէջ։
Սպանիոյ թագաւորութեան եւ Փորթուկալի մօտ այժմ հանգուցեալ արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Էտուարտ Խոչայեանի միջոցով, հայրենի հողի վրայ այս ծանօթացումը վերածուեցաւ շուրջ 18 տարուան բարեկամութեան եւ համագործակցութեան։ Սպանիոյ արքայական ընտանիքին ազգական, այս գրողը, մտաւորականը, ակադեմականը, որ նաեւ շինարարական ընկերութեան մը հիմնադիր տնօրէնն էր՝ լոյս ընծայեց նաեւ «Էլ Թեսթամենթօ Արմենիօ» (Հայկական Կտակարանը) վէպը, նաեւ «Էլ Լեկատօ Քուրտօ» (Քրտական ժառանգութիւնը), «Աստուծոյ Անունը», «Հնդիկը», «Լրագրութիւն Ռուսիոյ Մէջ» գիրքերը։
2007 թ.ին, սպանացի վիպասանը, որ1997-ին արժանացած էր Վինցեթթէ Պլասքօ Իպանէզի հեղինակաւոր մրցանակին, արժանացաւ նաեւ Հ.Բ.Ը.Մ.-ի «Կարպիս Փափազեան» մրցանակին։ Ապա, 2013-ին Մովսէս Խորենացիի անուան շքանշանին, Հայաստանի Գիտութիւններու Ակադեմիայի Պատուոյ Վկայականին։ Մինչ իր գիրքերուն հայերէն թարգմանութեան եւ Հայաստանի մէջ տպագրութեան պատճառով (վերջին անգամ «Էր Մոնթանա Պլանքա» «Սպիտակ Լեռը», Լիբանանի մասին), դարձաւ Հայաստանի Գրողներու Միութեան անդամ եւ Երեւանի Պետական Համալսարանի Պատուոյ Դոկտորական շնորհուեցաւ այս սպանացի հայապաշտպան ազնուականին։
Յետագային մեր հանդիպումները տեղի ունեցան Սպանիոյ Մուրսիցի պատմական քաղաքին համալսարանին մէջ՝ ուր տեղի ունեցան հայ մշակոյթին նուիրուած օրեր, մասնակցութեամբ Սպանիայէն, Հայաստանէն եւ Արժանթինէն ժամանած բանաստեղծ, բանաստեղծուհիներու, գրողներու, ազգային ու մշակութային դէմքերու։ Ապա, երկօրեայ այցելութեան մը ընթացքին Ալմերիայի ծովափնեայ հրաշալի առանձնատունը ու լեռնային դղեակը, Սպանիոյ «Արարատ», Սիետրա Մաեստրա սրբազան լեռներուն դէմ յանդիման։ 2014-ին, Մատրիտէն Ալմերիա գիշերային ճամբորդութեամբ, վայելեցինք իր ջերմ հիւրասիրութիւնը, ուր մեզի ցոյց տուաւ այն երեք շքանշանները զորս ստացած է Հայաստանի նախագահներէն։
Կոնզալօ Հերնանտէզ Կուարչի երազն էր այցելել Հայոց Ցեղասպանութեան ողջակիզման երբեմնի դժոխք՝ Տէր-Զօր, նաեւ Սուրիոյ անապատները, ուր բիւրաւոր հայեր կորսուեցան անապատի աւազներուն մէջ, Ցեղասպանութեան օրերուն։ Կը ցանկար այցելել նաեւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւն, ծանօթանալ Հայ Կաթողիկէ համայնքին եւ Պատրիարքութեան՝ որոնց ներկայացուցիչներուն հետ հանդիպած է Վատիկանի մէջ, որպէս հոգեւոր հայրեր եւ Կիլիկիոյ Հայոց Թագաւորութեան հոգեւոր կեանքի անմիջական ժառանգները։ Լիբանանին նուիրուած պատմական – գեղարուեստական «Սպիտակ Լեռը» վերստին տպուած տեսնելով Պէյրութի մէջ, ան կը ցանկար այդ առիթով գինեձօն կազմակերպել, ծանօթանալ Լիբանանի հայութեան ու երկրին գրական, մտաւորական ընտրանիին։ Սակայն Լիբանանի տնտեսական ճգնաժամը, Քորոնա ժահրի ահաւոր վտանգը, յետաձգեցին մեծ հայասէրին ու մարդասէրին երազանքին իրականացումը, որ յոյսով ենք պիտի իրականանայ մօտիկ ժամանակներուն։