«Այդ ժպիտով, ան կարծես կը հեգնէ, կարծես կ’ըսէ՝ «մի՛ տանջուիր, միեւնոյնն է, չես բացայայտեր իմ գաղտնիքը, չես գտներ նկարին իմաստը»,- այսպէս արտայայտուած է Վահրամ Փափազեան Տա Վինչիի հանճարեղ գործերէն մէկուն՝ Մոնա Լիզա կտաւի մասին։ Ստեղծագործութիւն, որ կը հետաքրքրէ բոլորին, բայց մինչ օրս կը շարունակէ մնալ չգաղտնազերծուած։
Մոնա Լիզա (Mona Lisa) կամ Ճիոքոնտա (La Gioconda), ամբողջական անունով՝ Տիկին Լիզա Ճիոքոնտայի դիմանկարը, (իտալերէն՝ Ritratto di Monna Lisa del Giocondo) կերպարուեստի գլուխ-գործոց է, աշխարհի ամենայայտնի գեղանկարչական ստեղծագործութիւններէն մէկը, որուն մասին ամենաշատը գրուած է, որուն նայելու համար Լուվր այցելած են ամենաշատ մարդիկ։ Այն ստեղծած է Լէոնարտօ տա Վինչին՝ 1503 – 1507 թուականներուն միջեւ։ Կ’ենթադրուի, որ այդ՝ Ֆլորենցիացի Ֆրանչեսքօ տել Ճիոքոնտայի կնոջ՝ Լիզա Կերարտինիի դիմանկարն է։ Ան փափաքած է իր կնոջ նուիրել այս գեղանկարը, իրեն արու զաւակ պարգեւելուն առթիւ։ Այս փաստը կը հաստատէ Մոնա Լիզայի գլխուն նկատուող շղարշը, որ 16-րդ դարուն տարածուած սովորոյթ էր յղի կամ նոր երեխայ ունեցած կանանց մօտ։
Բազմաթիւ փորձաքննութիւններու որպէս արդիւնք բացայայտուած է, որ կտաւը բաղկացած է 3 շերտէ, ինչ որ կը փաստէ նկարին մէջ կատարուած բազմակի փոփոխութիւնները։ Այստեղ՝ իրենց մեծութեամբ աչքի ինկող ձեռքերը, ըստ վարկածի, հերթական փոփոխութեան արդիւնք են. կը նշուի, որ կտաւի նախնական տարբերակին մէջ պատկերուած եղած է Մոնա Լիզան՝ երեխան գրկին, բայց քանի որ փոքրիկը ուշադրութիւնը իր վրայ շեղած է, հեղինակը ստիպուած եղած է երեխան ձեռքերու վերափոխել։
Այն ձեռք բերած է Ֆրանսայի Ֆրանսուա Ա. թագաւորը և ներկայիս կը հանդիսանայ Ֆրանսայի Հանրապետութեան սեփականութիւնը։ 1797 թուականէն կը պահուի Փարիզի Լուվր թանգարանին մէջ։ Մինչեւ Լուվր վերադառնալը ֆրանսական զանազան ապահով վայրեր պահուելէ ետք, 20-րդ դարուն նկարը միայն երկու անգամ հանուած է Լուվրէն։ 1963-ին ան ցուցադրուած է Միացեալ Նահանգներու, իսկ 1974-ին` Ճափոնի մէջ:
Այս նկարի «Մոնա Լիզա» անուան ծագումը կու գայ Վերածնունդի արուեստի պատմագիր Ճիորճիօ Վազարիէն, որ կը գրէ. «Լեոնարտօն Ֆրանչեսքօ տել Ճիոքոնտայի համար ձեռնարկեց անոր կնոջ` Մոնա Լիզայի դիմանկարի ստեղծումը»․ «Մոնա» բառը իտալերէն ma donna (թարգմանաբար՝ իմ տիրուհի) դիմելաձեւի քնքշացած տարբերակն է։
«Մոնա Լիզայի» պատմութեան մէջ եղած է գողութեան մէկ դէպք։ Այն տեղի ունեցած է 21 Օգոստոս 1911-ին։ Նկարը յայտնաբերելու համար փակուած են երկրի սահմանները։ Թանգարանի ղեկավարութիւնը ազատ կացուցուած է աշխատանքէն։ Կասկածի տակ էին բանաստեղծ Կիյոմ Ափոլիներ եւ նկարիչ Փապլօ Փիքասօն։ Նկարը գտնուած է միայն երկու տարի անց՝ Իտալիոյ մէջ։ Գողութիւնն իրականացնողը եղած է Լուվրի աշխատող, հայելիներու իտալացի վարպետ Վինչենզօ Փերուճիան։ Իտալական քաղաքներու մէջ ցուցադրուելէ յետոյ 1914-ի Յունուար 4-ին Ճոքոնտայի դիմանկարը վերադարձաւ Փարիզ։
ՏԱ ՎԻՆՉԻՆ ԵՒ ԻՐ ՀԱՅԵՐԷՆ ԾԱԾԿԱԳԻՐՆԵՐԸ
Մոնա Լիզայի դէմքի առեղծուածային արտայայտութիւնը գրաւած եւ հրապուրած է միլիոնաւոր մարդոց։ Իսկ անոր ետեւի բնապատկերը ա՛լ աւելի խորհրդաւորութիւն կը հաղորդէ ամբողջ նկարին. այն կարծես թէ երեւակայութեան արդիւնք է, եւ ոչ՝ իրական վայր։
Կ’ըսեն՝ թէ Տա Վինչի կը սիրէր իր գործերուն մէջ գաղտնիքներ, ծածկագիրներ ձգել։ Եւ, գուցէ նաեւ այստեղ էր մեծ նկարիչին հանճարը։ Յատկանշական է որ ամենաքննարկուող վարկածներէն մէկուն համաձայն, նկարին մէջ պատկերուածը Տա Վինչիի մայրն է։ Գեղանկարիչի մօր մասին կը վկայեն նաև ստեղծագործութեան թախծոտ հայեացքը, որ պիտի արտայայտէր հեղինակին` մայրէն բաժնուած ըլլալու հանգամանքը։ Տա Վինչիի կենսագրութենէն կը տեղեկանանք, որ ան տարիներ շարունակ չէ տեսած իր մայրը եւ 5 տարեկան դառնալէ յետոյ միայն նկատած է կին մը, որ կը հետեւէր իրեն եւ հետագային միայն բացայայտած է, որ այդ կինը իր հարազատ մայրն է, որ ըստ կարգ մը վարկածներու եղած է գեղջուկ հայուհի մը՝ Քաթերինա։ Լեոնարտօ տա Վինչին Ֆլորենսիայի մէջ անպայման առնչուած ըլլալու էր հայերու հետ: Նախ՝ դեռ ոչ վաղ անցեալին կործանուած Կիլիկիոյ հայկական թագաւորութեան և իտալական քաղաքներու միջեւ սերտ առեւտրային և դիւանագիտական յարաբերութիւններ եղած են, բացի այդ, միջնադարուն հայերը Իտալիոյ մէջ կառուցած են 34 եկեղեցի և տուած 11 սուրբ: Իր կարգին, հետաքրքրական մեջբերում ըրած է Արակոնի կարդինալ Անթոնիօ տէ Պէաթիսը, որուն յուշերուն համաձայն ‘ Լէօնարտօն ազատօրէն կը գրէր ինչ-որ հնագոյն, անհասկնալի լեզուով:
Ռուսիոյ Լիպեցկի արուեստի դպրոցի տնօրէն, արուեստաբան Արմինէ Խաչատրեան համոզուած է, որ բացայայտած է առասպելատիպ նկարիչին գաղտնիքը: Խաչատրեան, որ կարողութիւն ունի հայելային անդրադարձմամբ գրել ու կարդալ, կը պնդէ, որ բացայայտած է Տա Վինչիի խորհրդաւոր գրուածքները: Ան Տա Վինչիի մասին պատմող գիրքերէն մէկը թերթելու ընթացքին, յայտնաբերած է հակառակ գրուած հայերէն գրառումը. «Արարատ սարի գագաթին, Մուշի երկրին մէջ, լսած եմ՝ թուրքերը կ’աղաւաղեն մօրս քոյրերը»: Ամիսներ անց, հաղորդում մը տեսնելով Տա Վինչիի մասին, ուր կ’ըսուէր, որ տուեալ գրառումները դեռ ոչ ոք հասկցած է, սակայն հեռուստացոյցով տեսածը Արմինէի համար ընթեռնելի էր: Այնտեղ ըսուած էր. «Վախով կը գրեմ, մօրս աչքէն հեռու»:
Արմինէն այնուհետև որոշած է իր տեսութիւնները յայտնել հայագէտ Ներսէս Մանուկեանին, որ նոյնպէս հաստատած է՝ որ գրառումները հայերէն են: Արմինէ, որ Տա Վինչիի նման՝ հակառակ գրուած գիրերը հասկնալու ու երկու ձեռքով միանգամայն գրելու ունակութիւն (ambidextrous) ունի, օգնած է նաև բացայայտելու, թէ ինչ գրուած է Ճիոքոնտայի նկարին վրայ: Մոնա Լիզայի ճակատին գրուած է «ամչկոտ», իսկ նկարին միւս ծայրը՝ «Կը ներէք, ճչան»: Տա Վինչին հնարաւոր է՝ որ բնորդուհիին դրդած է ամչնալ նկարը պատրաստելու համար, իսկ յետոյ նկարի ստեղծման պատմութեան մասին յուշումներ արձանագրած է:
Լեոնարտօ Տա Վինչիի և հայերու առնչութիւններուն բազմիցս անդրադարձած է ականաւոր գրող Կոստան Զարեանը: Այդ թեման զինք գրաւած է դեռևս 1920-ականներուն, անոր մասին Հայաստանէն դուրս դասախօսութիւններ կարդացած է,1967-ին հրապարակումներ ունեցած է «Սովետական Արվեստ» ամսագրին մէջ, որոնք հետագային տեղ գտած են «Նաւատոմար» ժողովածուին մէջ (1999):
Կոստան Զարեանը բազմաթիւ փաստեր կը բերէ, որոնք կը հաստատեն Վերածնունդի մեծ նկարիչի, ճարտարապետի, գիտնականի եւ մտածողի ու հայերու առնչութիւնները: Ըսուածը հիմնաւորելու համար կարեւոր փաստ է նաեւ Լէօնարտոյի ներկապնակին վրայ տեղ գտած մուգ դեղին կամ բաց շագանակագոյն եզակի գոյնը, որ ինք կոչած է «Թերրա Արմենա»: Այս գոյնը Մեծ նկարիչէն բացի ոչ ոք օգտագործած է: Եզրակացութիւնը կը բխի ինքնին, թէ հայոց հողի գոյնը ունեցող այդ ներկը Լէօնարտօն բերած է Հայաստանէն:
Ն.Է.Ն