ՍԱՐԳԻՍ ՆԱՃԱՐԵԱՆ
———————————–
Համացանցը այսօր տիրական եւ ազդու ներկայութիւն է անհատներու եւ ընկերութեան կեանքին մէջ բոլոր ոլորտներէն ներս եւ ամէն մակարդակի վրայ։ Այս իրականութենէն չկրնար խուսափիլ նաեւ աշխարհասփիւռ մեր ժողովուրդը, ինչ որ անխուսափելի կը դարձնէ անոր անդրադարձը մեր հաւաքական եւ անհատական կեանքին վրայ, եւ կը նպաստէ համաշխարհայնացման թափանցումին մեր առօրեայ կեանքէն ներս՝ իր դրական եւ բացասական անդրադարձներով։
Այսօր, յարաբերաբար «հին» կամ «նախկին» նկատուած սերունդներուն համար աներեւակայելի է լրատուական դաշտին տարածումը այն աստիճան որ հնարաւոր չէ զայն տարանջատել մեր առօրեայ կեանքէն՝ իր բոլոր երեսներով եւ արգիլել անոր ազդեցութիւնը մեր առջեւ ծառացող խնդիրներուն նկատմամբ մեր մօտեցումներուն ու կողմնորոշումին վրայ։
Անուրանալի է որ համացանցը եւ անոր ընձերած հնարաւորութիւնները գիտելիքի եւ փոխյարաբերութիւններու յորդառատ աղբիւր են։ Այսուհանդերձ, ընդունելով հանդերձ որ ան, երբ ճիշդ ձեւով կը գործածուի անշուշտ, միայն օգտակար ժամանց մը չէ, այլ կը նպաստէ մտքի մշակումին, մեծ ծառայութիւններ կը մատուցանէ, կը հանդիսանայ գիտելիք ձեռք բերելու բացառիկ հնարաւորութիւն ընձեռող միջոց, բայց ճշմարիտ է որ ան կրնայ նաեւ դառնալ (դժբախտաբար արդէն դարձած կարելի է նկատել) վնասակար, անուանարկութեան, չարախօսութեան, ապատեղեկատուութեան եւ ճշմարիտի գիտակցուած եւ յաճախ նպատակային խեղաթիւրման ցանց։
Արդարեւ, հաղորդակցութեան միջոցներու եւ մասնաւորաբար համացանցի մատչելիութիւնը այսօր հնարաւորութիւն կու տայ ամէն մարդու դառնալու լրատուամիջոց, հաղորդելու ամէն տեսակ լուրեր, գաղափարներ, կատարելու ցուցմունքներ, լուրերը կիսելու անմիջական կերպով եւ իրենց կարգին այդ լուրերը շրջանառութեան մէջ դնելու համատարած կերպով։ Հետեւաբար, այդ լուրերուն վրայ ոչ մէկ հակակշիռ գոյութիւն ունի։ Անոնք կրնան մեղմ ըսած գեղեցիկ ու գէշ կամ շիտակ եւ սուտ, դրական կամ բացասական ըլլալ։ Այս իրողութեան լոյսին տակ հարկ է քաջալերել, ինչպէս կ’ըսէ Ֆրանչիսկոս Պապը իր մէկ պատգամին մէջ, բոլոր անոնք որոնք ամէն օր եւ օրուայ որեւէ մէկ պահուն կոչուած են զատելու ու զտելու, այլ խօսքով «մաղէ անցնելու» շրջանառութեան դրուած տեղեկութիւնները եւ իրենց կարգին թարմ, բայց «համեղ եւ անուշաբոյր հացի մը նման զանոնք հրամցնելու բոլոր անոնց որոնք կը սնանին իրենց հաղորդակցութեան պտուղներէն»։ Այդ սննդառութիւնը պէտք է ըլլայ առողջ եւ օգնէ համացանցի բարւոք գործածութեան, ի սպաս մարդկութեան բարիքին։ Ան պէտք է նպաստէ ընկերային առողջ եւ ազնուասիրտ մերձեցումի մշակոյթը զարգացնող, բազմազանութեան եւ բազմակարծութեան, հանդուրժողականութեան մթնոլորտի ստեղծումին փոխյարաբերութիւններուն մէջ։ Ճշմարիտ ընկերականութեան մշակումին։ Միայն ճշմարտութեամբ առաջնորդուելու յանձնառութեան։ Այլապէս համացանցի գործածութիւնը կը դառնայ մարդուն անսանձ անհատապաշտութիւնը, ինքնահաւանութիւնը եւ ինքնասիրութիւնը բացայայտելու առիթ եւ կը յանգի անոր՝ հասարակական կեանքէն հեռացումին եւ ինքնամեկուսացումին փոխարինելով հարազատներու եւ նոյնիսկ ծանօթ-անծանօթներու միջեւ ձեռք սեղմելու, ողջագուրուելու եւ ուղղակի յարաբերութիւններու բարի սովորութիւնը։ Անոր համար համացանցով կը սկսի եւ համացանցով կ’աւարտի ամէն հաղորդակցութիւն, շփում եւ փոխասացութիւն։
Համացանցը անզգալաբար համաշխարհայնացման թափանցումին գետինը հարթող գործիք է։ Անոր մեղսակիցը՝ ազգային մշակոյթները ձուլելու եւ անհետացնելու, ազգերու եւ մասնաւորաբար անոնց նոր սերունդներուն յիշողութիւնը ջնջել տալու, ազգային արժէքները՝ Լեզուն, Մշակոյթը, Հաւատքը գողնալով զանոնք իրենց ինքնութեան արմատներէն հեռացնելու վտանգին մէջ։ Մեր ազգային հարստութեան գանձատան դռները համաշխարհայնացման առջեւ լայն բացող բանալին կրողն է համացանցը։ Յիշեցնենք այն ինչ որ ըսած էր Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը։ Համաշխարհայնացումը, ըսած էր ան, կը նմանի շրջանակի մը որմէ ներս առանձնայատկութիւններ գոյութիւն չունին, ժողովուրդներու առանձնայատկութիւնները կը կորսուին։ Շրջանակին կեդրոնը նիւթն է, դրամը։ Դիմագիծ ու ինքնութիւն չունի ան՝ իր տէրերուն եւ երկրպագուներուն նման։ Այսպիսով համաշխարհայնացումը կը դառնայ անհատի եւ հաւաքականութեան ինքնութեան, անոր առանձնայատկութիւններուն, մարդկային, մշակութային, քաղաքակրթական, քրիստոնէական արժէքներու տապանաքարը։
Այսուհանդերձ, Պապին իսկ հաստատումով, համաշխարհայնացումը ինքնին վատ բան մը չէ։ Ան ունի նաեւ դրական երես մը։ Ան կրնայ ծառայել մարդիկը իրարու մօտ բերելու, միացնելու զանոնք պայմանաւ որ ճիշդ ձեւով օգտագործուի, դադրի ըլլալէ ամէն մէկ ժողովուրդի առանձյատկութիւններուն ու մշակութային հարստութիւններու անտեսումին նպաստող միջոց մը, փոխանակ արժեւորելու տարբերութիւնները, մշակոյթները, պատմութիւնն ու աւանդութիւնները։
Ահա այս գիտակցութեամբ առաջնորդուելու կոչուած են համացանցի մեր երիտասարդ օգտատէրերը։ Առաջնորդուելու են իրենց պատմական յիշողութեան սպառնացող փորձութիւններէն խուսափելու, ինքնութեան արժէքները գողնալ չտալու եւ պատկանելիութեան հաւատարիմ մնալու նախանձախնդրութեամբ, այլապէս համացանցէն քաղած իրենց գիտելիքները բաւարար չեն ըլլար զիրենք անդիմագիծ եւ հայկական միջավայրին խորթ արարածներ չդարձնելու համար: