ՏՈՒՆԸ՝ ԽՈՐԱՆ ԵՒ ԲԵՄ

ՏՈՒՆԸ՝ ԽՈՐԱՆ ԵՒ ԲԵՄ

Ս.Ն.

———

Հակառակ համաճարակին տարածումը արգելակելու հսկայական միջոցներուն եւ կանխազգուշութիւններուն, որոնք կը գործադրուին համաշխարհային չափանիշերով, Քորոնավիրիւսը ցարդ անարգել կը շարունակէ իր աղէտալի եւ կործանարար տարածումը ամէնօրեայ թափով խլելով հազարաւոր նոր կեանքեր, թշուառութեան մատնելով հարիւր հազարաւոր մարդիկ, պատճառելով հսկայական վնասներ բոլոր ոլորտներէն ներս եւ անդամալուծելով կեանքի բնականոն ընթացքը։

 Համաճարակի հետեւանքներէն մէկը կրթական մարզի սառեցումն է։ Սերունդներ ամբողջ զրկուած են կրթութեան բնականոն պայմաններէն։

Արդարեւ, շուրջ հինգ ամիսէ ի վեր ոչ միայն Լիբանանի, այլ համայն աշխարհի աշակերտութեան նման հայ աշակերտը եւս անընդհատ Քորոնավիրիւսի սարսափեցնող պայմաններուն տակ տան մէջ արգելափակուած, զրկուած է դպրոցական բնականոն կեանքի դաստիարակիչ կարգ ու կանոնէն, հետաքրքրական դասապահերէն, դպրոցական զբօսանքներուն դասընկերներու հետ շփուելու ուրախութենէն եւ դպրոցի անդորրաւէտ եւ հայաբոյր մթնոլորտէն։ Այս անսովոր վիճակին հետեւանքով, ծնողք, հանդերձ ընտանեօք, մանաւանդ մայրեր, հայ դաստիարակներու եւ հայերէնի ուսուցիչներու ֆիզիքապէս բացակայութեան պայմաններուն մէջ, համախորհուրդ այս վերջիններուն հետ, իրենց աշակերտ զաւակները դպրոցական պայմաններէն եւ այդ մթնոլորտէն լրիւ չկտրելու պարտականութիւնը ունին։

Դպրոցները, իրենց դասատու եւ դաստիարակ անձնակազմերով՝ ժամանակ, ջանք ու ճիգ չեն խնայեր հաղորդակցութեան ներկայ միջոցներով, հեռակայ դրութեամբ, հնարաւորին չափ շարունակելու աշակերտներուն կրթութիւնը եւ ուսումնառութիւնը։ Սակայն ասիկա բաւարար չէ։ Առողջապահական մտահոգութիւններու պատճառով ամբողջ ժողովուրդին պարտադրուած տնակեաց պայմաններուն տակ դասատուներու այս նուիրեալ աշխատանքը դիւրացնելու եւ ամբողջացներու պարտականութիւնը ունին ծնողք։

Անկախ ակադեմական ծրագիրներէն, տան մէջ աշակերտին պէտք է ջամբել նաե՛ւ ազգային եւ քրիստոնէական դաստիարակութիւն։ Զանոնք հաղորդակից պահել ազգային եւ քրիստոնէական տօներուն։ Այս պահանջը զգացուեցաւ մանաւանդ Ապրիլ ամսուան ընթացքին։ Ծնողք կոչուեցան տունը բեմ եւ խորան դարձնելու՝ հետեւելու համար Աւագ Շաբթուան հոգեպարար արարողութիւներուն, ապա յիշատակելու համար Քրիստոսի հրաշափառ յարութիւնը եւ Ապրիլ 24-ը եւ դեռ ազգային եւ քրիստոնէական բազմաթիւ ուրիշ տօներ որոնք կը նշուին, պէ՛տք է նշուին տարուան ամբողջ ընթացքին, ինչ ալ ըլլան մեզ շրջապատող պայմանները։ Դժուարին այս օրերուն, ֆիզիքապէս իրարմէ հեռու մնալու պահանջը չի՛ կրնար՛ մոռցնել տալ մեր ազգային ու քրիստոնէական տօները՝ որոնք առիթներ են վերանորոգելու մեր հաւատարմութիւնը անոնց խորհուրդներուն եւ վերահաստատելու մեր ազգային ու քրիստոնէական յանձնառութիւնները։

Այս գիտակցութիւնը ցուցաբերելու կոչուած են ծնողք՝ տունը դարձնելով տօնակատարումներու խորան եւ բեմ։

 

05 / 04 / 2020