ԴՐՈՒԱԳ ՄԸ՝ ՏԻԳՐԱՆԱԿԵՐՏԻ ՀԱՅԵՐՈՒ ԲՌՆԱԳԱՂԹԷՆ

ԴՐՈՒԱԳ ՄԸ՝ ՏԻԳՐԱՆԱԿԵՐՏԻ ՀԱՅԵՐՈՒ ԲՌՆԱԳԱՂԹԷՆ

Հետագայ վկայութեան հեղինակն է բնիկ տիգրանակերտցի, ազգային ականաւոր գործիչ, հրապարակագիր, խմբագիր, մտաւորական, դեղագործ Միհրան Նաճարեան, որ 1912-1914-ին Հալէպի մէջ հրատարակած է «Աղբիւր» առաջին (խմորատիպ) հայատառ թերթը, ապա Պէյրութի մէջ եղած է խմբագրապետ «Լիբանան» թերթին (Լիբանանահայ երկրորդ թերթը, 1924-1935), խմբագիր՝ «Կրթասիրաց»ի եւ 1927-1931 հրատարակած է «Սահակ Մեսրոպ» ամսաթերթը։

Վկայութիւնը գրի առնուած է 1919-ին Հալէպի մէջ։ Հեղինակը չէ յիշատակած վկայութեան աղբիւրը, սակայն զայն քաղած է հաւանաբար հրաշքով Հալէպ հասած վերապրողներէ, նկատելով որ ինք ցեղասպանութեան յաջորդող տարիներուն գտնուած է Հալէպ իբրեւ դեղագործ եւ ունեցած է ազգային-հասարակական բեղուն գործունէութիւն։

1914, Օգոստոս 5-ի գիշերն էր։

Քաղաքի կեդրոնական մասին երկինքը սեւ ծուխի ամպով մը սկսած էր ծածկուիլ երեկոյեան ժամը 8-էն սկսեալ։

Տեսնելու համար թէ ի՞նչ կը պատահի՝ քաղաքին հայ բնակչութիւնը կը փութար կեդրոն։

Ամբողջ շուկան կ’այրէր։ Անխտիր բոլոր խանութներուն տէրերը հայեր ըլլալով՝ ամէն ոք հետեւցուց թէ հայերուն դէմ նիւթուած դաւադրութեան մը հետեւանքը միայն կրնայ ըլլալ հրդեհը։

Ուղիղ ութ ժամ բոցերը աւերեցին եւ մոխիրի վերածեցին ամբողջ շուկան։ Հրդեհը Տիգրանակերտի հայոց ճակատագիրը վճռող դէպքերուն ազդանշանը եղաւ՝ ժողովուրդը զրկելով իր նիւթական միջոցներէն, աւերելով Տիգրանակերտի հայ վաճառականութիւնը եւ քանդելով հայերու տնտեսութիւնը։

Դաւադրութիւնը ակնյայտ էր։

Քոմիսէր Մամտուհ պէյ կոչուած ճիւաղը հասած էր իր նպատակին։ Մինչեւ իսկ ան անձամբ կ’օգնէր հրդեհի տարածումին։

1200 խանութներ հրոյ ճարակ դարձած էին։

Օգոստոսի 21-ին պատերազմ յայտարարուած էր։ Հայերը անգամ մը եւս թուրքերու դաւադրութեան մը զոհ դառնալու վտանգը կը կանխազգային։

1915-ի Ապրիլի 5-ին, Տիգրանակերտի հայկական բոլոր թաղերն ու փողոցները կը պաշարուէին թրքական միլլիս կոչուած զինուորականութեան կողմէ։ Հրամանը խիստ էր։ Իբրեւ թէ զինուորական փախստականները հաւաքելու համար էր։ Սկսաւ հայ տուներուն խուզարկութիւնը։ Հազիւ չորս ժամ տեւած այս խաղի ընթացքին երկու հազարի մօտ հայ երիտասարդներ ձերբակալուած էին եւ դէպի Տէմիր Եօլ ղրկուած։ Իբր թէ Տէմիր Եօլի մէջ պիտի աշխատէին։ Քսան օր ետք անոնք արդէն սպաննուած էին։«

Մայիս 15-ի օրերուն էին։ Հայոց թաղերու եւ փողոցներու երկրորդ պաշարում մը կը կատարուէր։ Դարձեալ ձերբակալութիւն տեղւոյն հայ երեւելիներու։ Առանց պատճառի, դատավարութեան կամ ամբաստանութեան, զանոնք փոխադրեցին այնպիսի վայր մը, ուրկից ոչ ոք կրցած է դուրս գալ։ Ձերբակալեցին նաեւ Հայոց Առաջնորդ Մկրտիչ Վարդապետ Չլղատեանը՝ այն պատրուակով որ իբրեւ թէ համաձայնական տէրութեանց հետ կը յարաբերի։ Ձերբակալութենէն օր մը առաջ, զինուորական Իթթիհատի Միլլիս Թապուրիին կողմէ պատրաստուած կեղծ նամակ մը կը ներկայացնեն Առաջնորդին, կեղծ կնիքներով, ըսելով որ «համաձայնական տէրութեանց կողմէ քեզի եկած է…»։

Ձերբակալուողներուն մէջ էին նաեւ տեղւոյն հայ երեւելիներէն՝ օսմանեան երեսփոխանական ժողովի անդամ, Առաջնորդարանի քարտուղար Ստեփան Էֆենտի Չրաճեան եւ տղաքը, Երկրագործական պանքայի տնօրէն Փիլիպպոս Էֆենտի Արփիարեան, Փոստայի տնօրէն Յարութիւն Էֆենտի Մինասեան եւ տղան, Կուսակալութեան թարգման Տիգրան Էֆենտի Իլվանեան, Մեճլիս Իտարէի անդամ Խաչատուր Էֆենտի Տիգրանեան, փաստաբան Կիրակոս Էֆենտի Ենովքեան եւ ուրիշներ, մեծ մասամբ վաճառականներ։ Ընդամէնը 635 հոգի։ 10-15 օր նեղութիւններ տալէ ետք անոնց, կը հասնի անդառնալի ուղեւորութեան լուրը։ Կը տարուին Հին Քէօփրիւն եւ կը ստիպեն որ տեղաւորուին նախապէս արդէն պատրաստուած քէլլէքներուն վրայ՝ շրջապատուած թուրք իթթիհատական նոր Միլլիս Թապուրիին կողմէ, զինուորական տարազով եւ լաւապէս զինուած։

Տառապալի ճամբորդութիւնը կը սկսի եւ կ’երկարի մինչեւ Չէքէֆթան կոչուած վայրը։ Հոս չհասած սակայն, միեւնոյն Միլլիսին կողմէ պատրաստուած ու զինուած թուրք չէթէներու յարձակումին կ’ենթարկուին։ Երկու հայեր կը նահատակուին։

Երբ կը հասնին Տիգրիսին մօտ, քէլլէքներէն կ’իջեցնեն զիրենք եւ կը բաժնեն վեցական հոգինոց խումբերու, ըսելով որ խումբերը պիտի տեղաւորեն զատ-զատ տուներու մէջ՝ որպէսզի հանգստանան…։ Բայց մարդակերպ գազանները շուտով ցոյց կու տան իրենց ոճրային դիտաւորութիւնը։ Կը մերկացնեն իրենց անմեղ զոհերը, զանոնք կը կապեն չուաններով եւ հրելով հրմշտկելով կը նետեն Չէքէֆթան կոչուած փոսին մէջ ուր եւս կը նահատակուին իթթիհատականներու հրահանգով գործող Էօմեր կոչուած վայրենիի մը եւ ոճրագործ ընկերներուն ձեռամբ, որոնք փամփուշտներու տարափ մը կը տեղացնեն անոնց վրայ։ Իբրեւ թէ Մուսուիլ պիտի տարուէին։ Չէքէֆթանի փոսը կ’ըլլայ անոնց վերջին հանգրուանը, հաւաքական գերեզմանը։

1916, Յունիս 6։

Քաղաքին մէջ կատարեալ խառնաշփոթութիւն կը տիրէր։ Հայերը երրորդ անգամն ըլլալով կը պաշարուէին։ Իւրաքանչիւր տուն կը մտնեն իթթիհատականներու Միլլի Թապուրիի, ինչպէս նաեւ դաւաճան կուսակալ Տքթ. Ռեշիտին կողմէ պատրաստուած չէրքէզ զինեալներ, որոնց կ’ընկերանային յիսնապետ Հարուն եւ նշանաւոր իթթիհատական՝ եւ Տիգրանակերտի օսմանեան երեսփոխան Ֆէյզի պէյ, որ գլխաւոր դերակատարը եղած է Տիգրանակերտի հայերու տարագրութեան կազմակերպումին մէջ։

Դեռ եւս Տիգրանակերտ մնացած հայերու նոր «ճամբորդութիւն» մը կը սկսի։ Կ’ըսուի թէ շուրջ 400-500 ընտանիք Հալէպ պիտի գաղթեն։ Ասոնցմէ հազիւ 10-15 հոգին ողջ կը հասնին Հալէպ։ Մնացեալները կ’իյնան ճամբու ընթացքին. կը թալանուին, աղջիկները կը բռնաբարուին, կ’առեւանգուին։ Ճամբան շարունակել փորձողները կը կոտորուին։

Եւ այսպէս, հայերու տարագրութիւնը կը շարունակուի Տիգրանակերտէն։ Իսկ մնացողները աւելի բախտաւոր չեն ըլլար։ Հազարաւոր որբ մանուկներ գիշերով Տիգրիսի կեր կը դառնան։ Աղջիկներ ու կիներ կը լլկուին։

Տիգրանակերտէն հայերու այս բռնագաղթն ու սպանութիւնները կազմակերպողներն ու գործադրողներն էին Իթթիհատի տեղւոյն գործիչներէն մէքթուպճի Պէտրէտտին, ժանտարմա գոմանտանի Ռուշտի եւ չէրքէզ ոստիկանապետ Հիքմէթ պէյերը, մեղսակցութեամբ Զիլֆի Իթթիհատի պատասխանատու տնօրէն Հաքքի Աթթարի եւ Ապտիւլ Ուահապի։