ՀՐԱՉ ՔԱՋԱՐԵՆՑ
——————————
Մանուկ էիր եւ չըգիտցար,
Թէ ի՞նչպէս որբ մընացիր դուն,
Ի՞նչպէս անտուն մընացիր դուն,
Էակներու հետ տարեկից,
Եւ բախտակից եւ կարեկից՝
Քարին վըրան պառկեցար դուն։
Ցուրտ էր սաստիկ։
Եղբայրըդ քու գրկեցիր դուն,
Ան՝ քեզ, դուն՝ զինք
Տաքցընելու յոյսով անհուն.
Բայց զայն մեռա՛ծ,
Բայց զայն մեռա՛ծ,
Բայց զայն մեռա՛ծ
Գըտար առտուն։
Սանդուղն ելար օտար յարկին,
Միջեւ խուժին, միջեւ դուժին,
Մըտքով՝ պայծառ, սըրտով՝ ազնիւ,
Դեռ պատանի,
Դեռ պատանի,
Դեռ պատանի,
Խըտիրն անա՛րգ իմացար դուն։
Հացըդ կերար դուն՝ դառնահա՛մ
Ճամբաներուն վըրան տղմուտ։
Օրերըդ քու յօշոտեցին,
Քու ապագադ յօշոտեցին,
Կեանքըդ ամբողջ յօշոտեցին,
Սիրելեաց զարդ,
Ազգիդ ճըրագ,
Խոստումնալի՛ց,
Խոստումնալի՛ց,
Խոստումնալի՛ց երիտասարդ։
Բայց վիրաւոր, արիւնաքամ,
Արտասուաթոր, ներողամիտ,
Դարձեալ ոտքի՛ կանգնեցար դուն.
Սուրը հընո՛ց նետեցիր դուն,
Սուրն՝ որ տըւաւ մա՛րդը մարդուն։
Սուրին փոխան գըրի՛չդ առիր,
Լուսաճաճանչ, հըզօրագոյն։
Պաշտպանեցիր բարի՛ն միայն,
Տապալեցիր վիշա՛պը վատ,
Կըռիւին մէջ հըրահոսան։
Ձիւնը կ’իջնէ գլխուդ հիմա,
Ինչպէս վըրա՛ն բարձըր սարին։
Քեզ կ’ողջունէ
Մրրիկէն ետք՝ սերո՛ւնդը նոր,
Ծաղիկներո՛վ,
Ծաղիկներո՛վ,
Ծաղիկներո՛վ, գարնանային։
13 Ապրիլ 1969