ԻՏԱԼԱՑԻ ԲԺԻՇԿԻՆ ԴԱՐՁԸ

ԻՏԱԼԱՑԻ ԲԺԻՇԿԻՆ ԴԱՐՁԸ

Իտալիոյ Լոմպարտիա շրջանի բժիշկներէն, 38 ամեայ Տոքթ. Իւլիան Ուրպանի վկայութիւնն է հետեւեալ գրութիւնը, որուն ճիշդ թուականը անյայտ է:

«Սկիզբը մեր մօտ հասնողները քանի մը հոգի էին, ապա տասնեակներ, որմէ ետք հարիւրաւորներ, իսկ այժմ բժիշկներ չենք, այլ՝ վերածուած ենք մարդոց ճակատագիրը որոշողներու, թէ որոնց պիտի ընդունինք, որպէսզի ապրին եւ որոնց տուն պիտի ղրկենք մեռնելու համար, նոյնիսկ եթէ ամէնքը արդէն ցմահ վճարած են Իտալիոյ կառավարութեան տուրքերը:

«Մինչեւ վերջին երկու շաբաթները, գործընկերներս ու ես անաստուած էինք, շատ պարզ էր մեզի համար, որովհետեւ բժիշկ էինք եւ սորված էինք, թէ գիտութիւնը կը բացառէ Աստուծոյ գոյութիւնը: Միշտ ծիծաղած էի ծնողքիս եկեղեցի յաճախելնուն համար:

«Ինը օրեր առաջ, մեր մօտ 75 տարեկան հոգեւոր հովիւ մը եկաւ, ազնիւ մարդ մըն էր: Շնչառութեան խիստ հարցեր ունէր, բայց իր ձեռքէն անբաժան էր Աստուածաշունչը, եւ աւելին մեզ հրապուրեց իր կողմէ Կտակարանի ընթերցումը դիակներուն ձեռքը բռնած:

«Բոլորս արդէն յոգնած, պարտասուած, յուսահատ էինք. հոգեպէս եւ մարմնապէս սպառած, երբ ժամանակը ունեցանք զինք լսելու:

Հիմա պէտք է ընդունիլ, որ մենք իբրեւ մարդ մեր սահմաններու լրումին հասած ենք, աւելի ոչ մէկ բան կրնանք ընել եւ ամէն օր այս Ժահրին պատճառով մահացողներուն թիւը կը բարձրանայ:

Առ այդ, մենք եւս սկսանք սպառիլ, արդէն երկու գործընկերներ մահացան եւ ուրիշներ վարակուած են:

«Հետեւաբար, հասկցանք թէ ուր մարդու կարողութիւնները կը սահմանափակուի, ուր Աստուծոյ կարիքը ունինք եւ այսպիսով սկսանք Անկէ օգնութիւն հայցել ամէն անգամ որ քանի մը վայրկեան ազատ ժամանակ գտնէինք: Սկսանք մենք մեր անձին հետ խօսիլ, թէ ինչպէս անհաւատալի ձեւով վայրագ անաստուածներէ՝ օրնիբուն մեր խաղաղութիւնը կը փնտռենք, եւ սկսանք Աստուծմէ օգնութիւն խնդրել, որպէսզի կարենանք տոկալ` հիւանդները խնամելու համար:

«Երէկ 75 տարեկան հոգեւոր հովիւը իր աչքերը յաւիտենականութեան մէջ փակեց: Մինչեւ օրս, այս երեք շաբթուան ընթացքին, 120-է աւելի մահ ունեցանք։ Երբ բոլորիս ուժերը սպառած էին, կաշկանդուած էինք, հոգեւորականը կրցաւ հակառակ իր վատառողջ վիճակին եւ մեր դժուարութիւններուն, մեզի խաղաղութիւն եւ յոյս ներշնչել, զոր կորսնցուցած էինք:

«Հոգեւորականը Տիրոջ քով գնաց եւ մօտ օրէն մենք ալ անոր պիտի հետեւինք եթէ այսպէս շարունակուի:

«Վեց օրէ ի վեր ոչ տուն գացած եմ, ոչ ալ կը յիշեմ երբ վերջին անգամ կերած եմ եւ սկսայ գիտակցիլ թէ որքան անպէտք արարած մըն եմ այս աշխարհին վրայ: Որոշած եմ մինչեւ վերջին շունչս` ուրիշներուն օգնել: Երջանիկ եմ, որ Աստուծոյ վերադարձայ, երբ տառապանքով շրջապատուած էի եւ իմ նմաններուս մահը կը տեսնէի»:

Իտալերէնէ թարգմանեց՝

ԺԱԳ ՔԷՇԻՇԵԱՆ