ԵՐԻՏԱՍԱՐԴՈՒԹԻՒՆԸ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԶԱՐԿԵՐԱԿՆ Է

ԵՐԻՏԱՍԱՐԴՈՒԹԻՒՆԸ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԶԱՐԿԵՐԱԿՆ Է

Երիտասարդներուն հետ համագործակցութիւնը ամենագեղեցիկ եւ ամենակարեւոր աշխատանքն է զոր կը ծաւալէ քահանան, մանաւանդ երբ այդ երիտասարդները անդամներն են Զալքայի Հայ Կաթողիկէ Միութեան (ՀԿՄ), որ հիմնուեցաւ 29 Յունիս 1985-ին, երջանկայիշատակ հայր Անդրանիկ Կռանեանի կողմէ եւ որ լիբանանեան բերրի հողին վրայ ծլարձակելով արմատներ նետեց Սուրիոյ մէջ եւս եւ դեռ կրնայ շարունակել ընդգրկել տարբեր գաղութներու մեր երիտասարդութիւնը, Տիրոջ օրհնութեամբ եւ աջակցութեամբ ու աղօթքներով քահանաներուն ու ժողովուրդին, որոնք ուղեկցած են երիտասարդներուն միշտ: Ես եւս, իմ կարգիս, որպէս Հ.Կ.Մ.-ի հոգեւոր հայր՝ մեծ խանդավառութիւն կը ցուցաբերեմ երիտասարդներուն հետ աշխատելու ուղղութեամբ, որովհետեւ երիտասարդները եկեղեցւոյ զարկերակն են:

Երբ ձմեռնային բանակումին մասնակցեցայ եւ օրհնեցի այն անդամները, որոնք աստիճանի բարձրացում ստացան, զգացի որ այս երիտասարդները օրհնուած սերունդ են, որովհետեւ Յիսուս է որ կ’օրհնէ զիրենք քահանաներու միջոցաւ:

Հ.Կ.Մ.-ի անդամներ եւ ղեկավարներ, երբ ինծի առաջարկուեցաւ ձեր հոգեւոր առաջնորդը ըլլալ, պահ մը մտածեցի թէ՝ ինչպէ՞ս կարող եմ օգտակար ըլլալ ձեզի: Այնուհետեւ,երբ ձեզի հետ մասնակցեցայ բանակումին եւ ապրեցայ բանակումին պարգեւած աստուածատուր վայելքը, պարզուեցաւ ինծի թէ միակ կարիքը որ ունիք քահանայի մը օրհնանքն է:

Ձեզմէ սորվեցայ պատասխանատուութեան գիտակցութիւնը, ընտանեկան ջերմ սէրը, համագործակցութիւնն ու եղբայրասիրութիւնը:

Եւ վերջապէս իմ խորին շնորհակալութիւնս կը յայտնեմ Զալքայի Ս. Խաչ եկեղեցւոյ ժողովրդապետ՝ գեր. Սեպուհ վրդ. Կարապետեանին, ինծի հանդէպ ցուցաբերած վստահութեան համար, որով ինծի վստահեցաւ Հ.Կ.Մ.-ի հոգեւոր վարիչի պաշտօնը, որուն համար Զմմառու ցաւագին Տիրամօր բարեխօսութիւնը կը հայցեմ՝ որպէսզի Տիրոջ կամօք աշխատիմ, ինչպէս Պօղոս առաքեալը կ’ըսէ «արմատացած եւ հաստատուած Յիսուս Քրիստոսի վրայ, հիմնուած հաւատքի վրայ ինչպէս, որ սորվեցաք, եւ լեցուիք գոհութեամբ» (կող 2:7)։

ԼԵՒՈՆ ՎՐԴ. ՍՏԵՓԱՆ

Փոխ-ժողովրդապետ Զալքայի Ս. Խաչ եկեղեցւոյ