Նկարի Մը Պատմութիւնը ԱՅՎԱԶՈՎՍՔԻ ԵՒ ՀԱՅ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻ ՋԱՐԴԸ ՏՐԱՊԻԶՈՆԻ ՄԷՋ

Նկարի Մը Պատմութիւնը ԱՅՎԱԶՈՎՍՔԻ ԵՒ ՀԱՅ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻ ՋԱՐԴԸ ՏՐԱՊԻԶՈՆԻ ՄԷՋ

Աշխարհահռչակ հայ մեծանուն ծովանկարիչ Յովհաննէս Այվազովսքիի աւելի քան 6000 նկար հաշուող մեծարժէք ժառանգութեան եւ գեղարուեստական տաղանդի վարարման արգասիքն են հայ ժողովուրդին ու Հայաստանին՝ յատկապէս հայկականութեան խորհրդանիշ Արարատին եւ հայ ժողովուրդի տառապանքին նուիրուած Այվազովսքիի գործերը։ Միայն օրինակներ թուելու կարգով կ’արժէ յիշատակել «Հայերու ջարդը Տրապիզոնի մէջ 1895 թուին», «Թրքական նաւերը Մարմարա ծով կը թափեն հայերը», «Հայ մարտիկի երդումը», «Հայ ժողովուրդին մկրտութիւնը», «Պայրոնի այցը Մխիթարեաններուն Ս. Ղազար կղզի», «Խրիմեան Հայրիկը Էջմիածնի շրջակայքը» գործերը, որոնք 19-րդ դարու հայ ժողովուրդի կեանքին, ոգորումներուն եւ մաքառումներուն, տառապանքներուն եւ յոյսերուն, վեհութեան եւ անկումին խորագոյն պահերը որսացած եւ յաւերժութեան յանձնած են՝ գեղարուեստական բարձրարժէք նուաճումով։ Այվազովսքի նաեւ գործնապէս իր մասնակցութիւնը բերաւ հայ ժողովուրդի դիմագրաւած ողբերգական հարուածներու դիմագրաւումին։ Մեծ եղաւ Այվազովսքիի ներդրումը մանաւանդ 1894-1896ի համիտեան կոտորածներու ժամանակ։ Ամբողջ նկարաշար մը ստեղծեց Այվազովսքի, միջազգային ցուցահանդէսներու արժանացուց այդ շարքը եւ ոչ միայն հայկական իրաւունքին ու արդարութեան ձայնը իւրովի ու բարձրագոռ հնչեցուց աշխարհով մէկ, այլեւ՝ այդ գործերու վաճառքէն գոյացած գումարներով օգնութեան ձեռք երկարեց Կովկաս ու Խրիմ ապաստանած հայ գաղթականներուն։

Անոր մահուան 120 ամեակին առթիւ ծովանկարչական արուեստի հանճարեղ հայ վարպետին նուիրուած այս էջը կ’արժէ եզրափակել անոր կեանքէն վերցուած եւ անոր ուղին լաւագոյնս բնութագրող դրուագով մը, որ ոչ միայն պատմականը կ’ընէ Թուրքիոյ ձեռամբ հայ ժողովուրդի ապրած անմոռանալի ողբերգութեան նուիրուած Այվազովսկիի մեծարժէք կտաւին՝ «Հայ ժողովրդի ջարդը Տրապիզոնում» գործի ծննդոցին, այլեւ կը վկայէ Մեծ Հայուն ազգային խոր ապրումներուն մասին։

Հայ մեծանուն նկարիչը պարգեւատրուած էր նաեւ Թրքական կառավարութեան կողմէ: Առաւօտ մը Այվազովսքի կ’արթննայ ծանր զգացումով: Մի քանի անգամ սենեակին մէջ շրջագայելէ յետոյ կը վերցնէ թրքական շքանշաններն ու մետալները եւ իր հաւատարիմ շան հետ կ’երթայ դէպի ծովափ: Թէոդոսիայի ողջ բնակչութիւնը կը հետեւի այդ մեծ մարդուն: Հասնելով ափ՝ նկարիչը շքանշանները կը կախէ շան պարանոցէն, նաւակ կը նստի եւ բաւականին հեռանալով ափէն՝ կը հանէ զանոնք շան վրայէն եւ կը նետէ անյատակ ծովը: Ապա, կը ստիպէ շանը լողալ ծովի մաքուր ջուրին մէջ, որպէսզի հաւատարիմ կենդանին ալ մաքրուի անոնցմէ: Լուալով իր ձեռքերը՝ Այվազովսկին կը վերադառնայ ափ, կ’անցնի ապշահար ամբոխի միջով, կը մտնէ իր արուեստանոցը եւ կը սկսի նկարել: Յաջորդ առաւօտեան անոր արուեստանոցի պատէն կախուած էր «Հայ ժողովուրդի ջարդը Տրապիզոնի մէջ» անմահ կտաւը»…

Ն.Է.Ն.