«Սակայն եթէ չապաշխարէք, բոլորդ ալ նոյնպէս պիտի կորսուիք» (Ղուկաս 13,3)

«Սակայն եթէ չապաշխարէք, բոլորդ ալ նոյնպէս պիտի կորսուիք» (Ղուկաս 13,3)

Ս.Կ.

……….

Մինչ Քորոնա ժահրը համայն մարդկութեան կը սպառնայ մահուամբ, շատեր, որոնք, ինչպէս միշտ եւ ամէն անգամ որ տագնապ մը պատահի, զԱստուած կը մեղադրեն եւ երբեմն զԱստուած կը նկատեն պատճառը այս ցաւալի պատահարներուն։ Ոմանք ստուգիւ կը կարծեն թէ Աստուած այսպէսով կը փորձէ մարդը ու կը պատժէ զինք որպէսզի ան զղջայ ու ապաշխարէ։ Ճիշդ է որ Քորոնա ժահրը նկատելով 2020-ի Յուդան, որ ինչպէս անցեալին Յիսուսը մատնեց եւ պատճառ դարձաւ Անոր մահուան, այսօր համայն մարդկութիւնը կը մղէ միեւնոյն ճակատագրին, սակայն այս չի նշանակեր որ Աստուած՝ Ինքն է պատճառը այս բոլորին։ Աստուած չի պատժեր, Աստուած չի փորձեր։ Ի՞նչպէս կարելի է որ միեւնոյն Աստուածը որ կեանքն է եւ յարութիւնը, մեզ առաջնորդէ մահուան։ Ինչպէ՞ս կարելի է որ միեւնոյն Աստուածը որ կը բուժէ, մեզ ենթարկէ հիւանդութեան։ Ինչպէ՞ս կարելի է որ միայն մեր բարիքը ցանկացող միեւնոյն Աստուծմէ բխի նաեւ չարը։ Ինչպէ՞ս կարելի է վստահիլ Աստուծոյ մը որ մեզ կ’ուզէ սպաննել։ Եւ եթէ այդպէս է՝ ինչո՞ւ աղօթել Իրեն, պաղատիլ ու խնդրել որ մեզմէ հեռացնէ այս փորձանքը։ Արդեօք կարելի՞ է միեւնոյն անձէ մը որ չարիք կը պատճառէ, բարիք ակնկալել։

Մեր Աստուածը ո՛չ կը պատժէ, եւ ո՛չ ալ կը փորձէ։ Մեր Աստուածը երբեք չ’արտօներ որ այսպիսի բաներ պատահին. անոնք մարդուն անօրէնութիւններուն եւ անկարգութիւններուն պատճառաւ են։ Երբ կը խախտենք բնութեան օրէնքները, պէտք է որ անոր հետեւանքները կրենք։ Աստուած միմիայն մարդուն բարիքը կ’ուզէ, որովհետեւ ամենաբարին է։ Աստուծոյ մէջ չարը գոյութիւն չունի, եւ ոչ ալ ան կրնայ ըլլալ պատճառը չարին։ Աստուածաշունչին մէջ կը կարդանք. «Աստուած չստեղծեց մահը, եւ չի հրճուիր ողջերուն մահով» (Իմաստութիւն, 1,13)։ Աստուած կը խոնարհի մարդուն ազատութեան առջեւ, եւ եթէ պատահի որ ան հիւանդանայ կամ վնասուի, կ’օգնէ անոր, ոչ որպէսզի անպայման բուժուի կամ ազատագրուի իր վիճակէն, այլեւ նոյնիսկ որպէսզի կարենայ ընդունիլ իր վիճակը։

Աստուած չի փորձեր մարդը, այլ՝ կ’օգնէ անոր որպէսզի մեծնայ ու աճի, մանաւանդ ինքնիր անձին դէմ յառաջացուցած փորձանքներուն ընդմէջէն։ Յակոբ առաքեալի նամակին մէջ կը կարդանք. «Բայց փորձութեան մէջ եղող ոեւէ մէկը թող չըսէ թէ Աստուած է որ զինք կը փորձէ, որովհետեւ Աստուած մասնակից չէ փորձութիւններուն, որոնք չարէն կու գան, ոչ ալ մարդիկը փորձութեան կ’ենթարկէ։ Իւրաքանչիւր մարդ կը փորձուի իր իսկ ցանկութիւններէն տարուելով ու խաբուելով» (Յակոբ 1,13-14)։

Աստուած չի պատժեր ու չի փորձեր. Աստուած կը սիրէ ու միայն կը սիրէ։ Եւ որովհետեւ կը սիրէ կը պատգամէ, կը սորվեցնէ ու կը զգուշացնէ։ Աստուած առիթ կ’ընծայէ մարդուն որպէսզի ապաշխարէ, զղջայ ու վերադառնայ իրեն։ Աստուած կը սորվեցնէ մեզի դիմադրել փորձանքներուն ու դիմագրաւել զանոնք, անոնցմէ իւրաքանչիւրը դարձնելով առիթ շնորհքի ու սրբութեան։

«Սակայն եթէ չապաշխարէք, բոլորդ ալ նոյնպէս պիտի կորսուիք»։ Այս խօսքը Յիսուս արտասանեց երբ ոմանք եկան եւ պատմեցին իրեն այն Գալիլիացիներուն մասին, որոնք սպաննուեցան Պիղատոսի կողմէ։ Յիսուս անոնց պատասխանեց ըսելով. «Կը կարծէ՞ք թէ սպաննուող Գալիլիացիները միւս բոլոր Գալիլիացիներէն աւելի մեղաւոր էին, որ այդպիսի վախճան մը ունեցան։ Ո՛չ։ Կ’ըսեմ ձեզի, որ եթէ չապաշխարէք՝ դուք բոլորդ ալ նոյնպէս պիտի կորսուիք։ Կամ ի՞նչ կը մտածէք այն տասնութը մարդոց մասին, որոնց վրայ ինկաւ աշտարակը Սելովամի մէջ եւ սպաննեց զանոնք։ Անոնք աւելի՞ յանցաւոր էին քան Երուսաղէմի բոլոր բնակիչները։ Ո՛չ։ Կ’ըսեմ ձեզի, որ եթէ չապաշխարէք՝ բոլորդ ալ նոյնպէս պիտի կորսուիք» (Ղուկաս 13,2-5)։

Հրեաներուն մտայնութեամբ ամէն փորձանք կամ հիւանդութիւն մեղքի մը հետեւանք էր, որուն պատճառաւ Աստուած կ’անիծէր մարդը։ Ի ծնէ կոյրին բժշկութեան հատուածը եւս (Յովհաննէս 9,1-9) ապացոյց է հրէական այս յոռի եւ սահմանափակ մտայնութեան։ Երբ Յիսուս կը տեսնէ ի ծնէ կոյր մարդը, աշակերտները կը հարցնեն իրեն. «Վարդապե՛տ, մեղքը որո՞ւնն է. Իրե՞նն է, թէ ծնողքին, որ կոյր ծներ է»։ Յիսուս կը պատասխանէ ըսելով. «Մեղքը ոչ անորն է, ո՛չ հօրը եւ ո՛չ ալ մօրը»։ Ուստի Յիսուս եկաւ մեզի հասկցնելու թէ Աստուած չ’անիծեր մարդը, այլ՝ կը ներէ անոր։ Մեղքն է որ մարդս կը մատնէ կորուստի, եւ ոչ թէ փորձանքը։ Ուրեմն ապաշխարութիւնը պահանջուած է որովհետեւ մեղաւոր ենք, ոչ որովհետեւ հիւանդ ենք կամ որեւիցէ փորձանքի մէջ կը գտնուինք։ Դժբախտաբար, մենք տակաւին միեւնոյն «հրէական» մտայնութեան մէջ ընկղմած ենք։ Շատ արագ կը մոռնանք որ Աստուած ողորմած է, բարեգութ ու ներող։

Արդեօք անոնք որոնք Քորոնա ժահրէն կը տառապին ու կը մահանան, աւելի՞ մեղաւոր են քան միւս բոլոր առողջները։ Ո՛չ։ Սակայն եթէ չապաշխարենք, կրնանք կորսուիլ։

Այս փորձանքը որ Սելովամի աշտարակի նման ինկաւ մեր գլխուն վրայ, թերեւս կրնայ առիթ ըլլալ խղճի քննութիւն մը ընելու ու ապաշխարելու։ Ժամն է որ պահ մը կանգ առնենք մեր կեանքին մէջ։ Ժամն է որ յիշենք թէ մենք մեր կեանքին աստուածները չենք։ Փոքրիկ ժահր մը, որ ոչ իսկ կարող ենք մեր աչքերովը տեսնել, մեզ ծունկի բերաւ, մենք որ կարծեցինք թէ ամէն բան կարող ենք, ամէն բան ենթակայ է մեզի. մենք որ մոռցանք Աստուծոյ ներկայութիւնը, մոռցանք որ Աստուած ինքն է Տէրը մեր կեանքին։ Ժամն է որ մենք, մանաւանդ մենք՝ Հայերս, խղճի իսկական քննութիւն մը ընենք, եւ հարց տանք թէ մեր քրիստոնէութենէն ի՞նչ մնացած է մեզի։ Հայաստան թէ Սփիւռք, որքանո՞վ հաւատարիմ ենք տակաւին մեր մկրտութեան աւազանին։ Հպարտ ենք առաջին քրիստոնեայ ազգը ըլլալնուս համար, իսկ այսօր ո՞ւր կրնանք դասել մենք զմեզ։ Անցեալը կը հպարտացնէ մեզ, իսկ ներկա՞ն։ Միշտ պատճառ մը ունինք եկեղեցի չյաճախելու, չաղօթելու, եւ յանցաւորները կը նկատենք Աստուած, Եկեղեցին ու հոգեւորականները, եւ երբեմն առօրեայ մեր գործերն ու անոնց յոգնութիւնը։ Ժամն է որ սթափինք, վերադառնանք մեր հաւատքին, մեր Աստուծոյն։ Մենք դարձած ենք մեռելներու ժողովուրդ, հոգեհանգիստներու ժողովուրդ։ Ափսոս որ միայն հոգեհանգիստներուն կը յիշենք եկեղեցի գալ, ոչ աղօթելու համար, այլ՝ պարզապէս ամօթով չմնալու համար, պարտականութիւն մը կատարելու, եւ անշուշտ առանց մոռնալու քննադատել եկեղեցին։ Եւ դեռ աւելին՝ եթէ ննջեցեալի մը հոգեհանգիստը ուզենք կատարել, առիթէն կ’օգտուինք ամբողջ գերդաստանը յիշելու. «Ասանկ անանկ պիտի երթանք եկեղեցի, մէկ անգամէն բոլորին համար կարդացնենք»։

Եթէ չապաշխարենք, պիտի կորսուինք։ Վաղուց մոռցած ենք եկեղեցւոյ ճամբան, վաղուց մոռցած ենք Աստուած։ Եկէ՛ք անառակ որդիին նման, ապաշխարենք, զղջանք, ու վերադառնանք Աստուծոյ։ Այսօր մենք կանչուած ենք դիմագրաւելու երկու ցունամիներ (Tsunami)՝ մին՝ առողջապահական, իսկ միւսը՝ տնտեսական։ Չենք գիտեր թէ պիտի կարենա՞նք յաղթել անոնց, քաջ գիտնալով որ եթէ պարտուինք, մռայլ օրեր կը սպասեն մեզի։ Բայց գէթ այս հանգրուանին, եկէ՛ք միասնաբար ճաշակենք Աստուծոյ ողորմութիւնը, թոյլ չտանք որ անոնք աւելիով խեղդեն մեր հաւատքը. փաստենք անգամ մը եւս՝ թէ ապրելու փափաքը աւելի զօրաւոր է, եւ թէ մարդ արարածը կարող է տապալել ամէն բան որ կը վտանգէ իր գոյութիւնը այս անցաւոր աշխարհին մէջ։