Չորեքշաբթի, Մարտ 25ին, Սուրբ Աթոռի Արեւելեան Եկեղեցիներու Ժողովը նամակ մը ուղղած է Արեւելեան ինքնավար Եկեղեցիներու պետերուն, ստորագրութեամբ Ժողովի կառավարիչ Կարդինալ Սանտրիի, ուր առաջարկներ կը ներկայացնէ Զատկական տօներու արարողութիւններուն համար՝ նկատի առնելով ներկայի համաճարակի սպառնալիքը եւ տեղական քաղաքային իշխանութիւններու ուղեցոյցները։ Արեւելեան Եկեղեցիներու Ժողովին առաջարկները ամփոփուած են հետեւեալ կէտերու մէջ.
Զատկական տօները կը կատարուին ըստ ծիսական տօնացոյցին։ Կարելիին չափով արարողութիւնները սփռուին streaming-ով, որպէսզի հաւատացեալները կարենան իրենց տուներէն մասնակցիլ։ Նկատի պէտք է առնուի ծիսական արարողութիւններու մասնակցութեան սահմանափակումները։ Հակառակ որ նախատեսուած է դպիրներու մասնակցութիւնը արարողութիւններուն, սակայն եւ այնպէս խոհեմ չէ բազմաթիւ անձերու մէկտեղ գտնուիլը։
Եկեղեցւոյ շէնքէն դուրս կատարուելիք արարողութիւններէն պէտք է հրաժարիլ։
Հաւատացեալներուն յիշեցնել անհատական եւ ընտանեկան աղօթքի արժէքը, որ ներկայ պայմաններուն մէջ հաւատքի փոխանցման կարեւոր միջոց մըն է։ Այստեղ նաեւ կարելի է օգտագործել ընկերային հաղորդամիջոցները։
Ծաղկազարդէն մինչեւ Զատիկի Կիրակիի ժամերգութիւններու աղօթքները կարող են հաւատացեալները կատարել նաեւ իրենց ընտանիքէն ներս։
Քահանաներ, որոնք չեն կրնար Պատարագը առանձին մատուցանել, կատարեն ժամերգութիւնը, մանաւանդ սաղմոսներու աղօթքները եւ այն բաժինները ուր նախատեսուած չէ երգչախումբի կամ հաւատացեալներու մասնակցութիւնը։
Այն Եկեղեցիները որոնք սովորաբար Աւագ Հինգշաբթի օր կը կատարեն Միւռոնի օրհնութիւնը, կրնան յետաձգել այդ։
Աւագ Ուրբաթ օրուան Սուրբ Խաչի եւ Քրիստոսի գերեզմանին մօտ կատարուելիք աղօթքները հաւատացեալները կրնան իրականացնել նաեւ առանձին կամ ընտանիքի հետ միասին։
Ճրագալոյցի գիշերը կարելի է հրաւիրել ընտանիքները, ուր կարելիութիւնը կայ՝ եկեղեցւոյ զանգերու հնչումով, որ հաւաքուին տան մէջ եւ միասնաբար կարդան Յարութեան Աւետարանը, վառելով մոմեր եւ երգելով զատկական շարականներ։
Սուրբ Զատիկին նախատեսուած մկրտութիւնները յետաձգուին։
Նկատի առնուի Առաքելական ատեանի մարտ 19-ի վճռագիրը, Ապաշխարութեան Խորհուրդի մասին։ Այնտեղ ուր հաւատացեալներ չեն կրնար կատարել զատկական խոստովանանքը, հոգեւոր հովիւները հաւատացեալները յորդորեն կատարել ապաշխարութեան աղօթքներ։
Vatican News
25/03/2020