«Քորոնա» ժահրը՝ մերօրեայ թշնամին ԱՂՕԹՔ Ի ԽՆԴԻՐ ԱՇԽԱՐՀԱՑՈՒՆՑ ՉԱՐԻՔԻ ՎԵՐԱՑՄԱՆ

«Քորոնա» ժահրը՝ մերօրեայ թշնամին ԱՂՕԹՔ Ի ԽՆԴԻՐ ԱՇԽԱՐՀԱՑՈՒՆՑ ՉԱՐԻՔԻ ՎԵՐԱՑՄԱՆ

Հ. ԳԷՈՐԳ Ծ. Վ. ԶԱՊԱՐԵԱՆ

Ժողովրդապետ Մոնրէալի Հայ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ

…………………………………………………………..

Տէ՛ր Աստուած,

Սուրբ ու պատուական Խաչիդ նշանով մեզ պահէ՛, պահպանէ՛ երեւելի ու աներեւոյթ բոլոր թշնամիներէն,

Պսակաձեւ տեսքով անողոք մարդասպան՝ «Քորոնա» ժահրը,

Անսպասելիօրէն, սառնասրտօրէն, դաւադրաբար, անխտրաբար, ցայժմ հազարաւորներ զգետնեց, սպաննեց:

Ապտակեց երկրագունտի երեսը։ Ծունկի բերաւ աշխարհի հզօրները։ Շփոթութեան մատնեց գիտնականները:

Անհանգստացուց կառավարութիւնները։ Հալածեց առողջները։ Հետապնդեց ճամբորդները։ Սպրդեցաւ տուներէն ներս։ Մեկուսացուց ընտանիքի անդամները:

Մարդիկը վախցուց, խուճապի մատնեց, սպառնաց:

Ժահր մը մանր ու աննշան, աչքին անտեսանելի, գիտարուեստականացած, յառաջացած, Լուսինն ու մոլորակները նուաճած, կործանարար զէնքեր յղացած՝ Մարդկութեան ճակատէն զարկաւ:

Ժողովուրդը դիմակաւորուեցաւ, սննդեղէնի պակասէն սարսափեցաւ, շուկաները վազեց, իրար հրմշտկեց, ուտելիք ամբարեց, անորոշ ապագային համար մթերեց, խանութները պարպեց:

Այնուհետեւ,

Երիտասարդներ թէ տարեցներ, մտահոգ ու լեղապատառ ախտազերծուելու կը տքնին,

իրարմէ կը զգուշանան, հեռաւորութիւն կը պահեն, ձեռնուելէն ու համբուրուելէն կը խուսափին, իրար նշանացի կ’ողջունեն:

Եւ արդ,

Մենք բոլորս, ճարահատ ու յուսաբեկ՝ Աստուծոյ կը դիմենք պաշպանութիւն կը հայցենք, բարեպաշտօրէն կ’աղերսենք շուտափոյթ օգնութիւն, համաճարակէն ազատում, վարակուածներուն բժշկութիւն:

Հուսկ,

Գիտակցելով մեր մարդկային անկարողութեան՝ մեզմէ վտարելու այս ախտի սատանան, փորձե’նք զայն յաղթահարել՝ – Ապաշխարութեամբ՝ զի «Աստուծոյ Արքայութիւնը մօտեցած է. ապաշխարեցէ՛ք եւ հաւատացէ՛ք Աւետարանին» (Մարկոս 1, 15): -Ծոմապահութեամբ՝ զի «Մարդ միայն հացով չ’ապրիր…» (Մատթէոս 4, 4)։ – Աղօթքով՝ զի «Աղօթած ատեն ինչ որ հաւատալով խնդրէք՝ պիտի ստանաք» (Մատթէոս 21, 22):

Ուստի, խոնարհ սրտով աղաչենք.

Աստուածածնի բարեխօսութեամբ « Փարատեա՛ զցաւս եւ բժշկեա՛ զհիւանդութիւնս ի ժողովրդենէ քումմէ , Տէր Աստուած մեր , եւ շնորհեա՛ ամենեցուն զկատարեալ առողջութիւն , նշանաւ ամենայաղթ խաչիւ քով, որով բարձեր զտկարութիւն ազգի մարդկան եւ դատապարտեցեր զթշնամին կենաց եւ փրկութեան մերոյ»:

16/03/2020