ԱԲՐԱՀԱՄԻՆ ՀԵՏ ՔԱԼԵՆՔ

ԱԲՐԱՀԱՄԻՆ ՀԵՏ ՔԱԼԵՆՔ

ՍԵՊՈՒՀ ՎՐԴ․ ԿԱՐԱՊԵՏԵԱՆ

…………………………………………………….

Տան մէջ նստիլը կամ նոյնիսկ բանտարկուիլը արգելք չէ որպէսզի մեր հոգեւոր կեանքին մէջ քալենք, յառաջ երթանք, աճինք ու մեծնանք։ Երբ ամէն բան կը լռէ մեր շուրջը, երբ կը դադրինք աշխատելէ, արտադրելէ, երբ կ’առանձնանանք, Աստուծոյ առիթ կ’ընծայենք որպէսզի խօսի, ինչպէս նաեւ մենք զմեզ առիթ կու տանք որպէսզի լսենք Աստուծոյ ձայնը։

Ծննդոց գիրքին մէջ, Աբրահամի մասին կը խօսուի այն վայրկեանէն երբ Աստուած կը հանդիպի անոր հետ եւ արմատական փոփոխութիւն կը կատարէ անոր կեանքին մէջ։ Հեղինակը նպատակ չունէր մանրամասն կենսագրական տուեալներ շարադրել, այլ՝ մեզի ներկայացնել Աբրահամի կեանքէն տարբեր հանգրուաններ, ուր կը յայտնուի անոր հաւատքը, եւ թէ ինչպէս թոյլ կու տայ որ Աստուած միջամտէ իր կեանքին մէջ։

Աստուած մեծ խոստումներ կը կատարէ Աբրահամին. «Քեզ մեծ ազգ պիտի ընեմ ու քեզ պիտի օրհնեմ եւ քու անունդ պիտի մեծցնեմ ու դուն օրհնեալ պիտի ըլլաս։ Քեզ օրհնողները պիտի օրհնեմ ու քեզ անիծողները պիտի անիծեմ ու երկրի բոլոր ազգերը քեզմով պիտի օրհնուին» (Ծննդոց 12,2-3)։ Սակայն որպէսզի անոր կեանքին մէջ իրագործուէին այս բոլոր խոստումները, Աբրահամ պէտք է սկսէր քալել. «Քու երկրէդ եւ քու ազգականներէդ ու քու հօրդ տունէն գնա՛ այն երկիրը, որ ես քեզի պիտի ցուցնեմ» (Ծննդոց 12,1)։ Ժամանակ մը ետք, Աստուած նոյնիսկ անոր անունը պիտի փոխէր. «Ու այսուհետեւ քու անունդ Աբրամ չըսուի, հապա քու անունդ Աբրահամ թող ըլլայ. վասնզի քեզ ազգերու բազմութեան հայր ըրի» (Ծննդոց 17,5)», ցոյց տալու համար թէ Աստուած պիտի վստահէր Աբրահամին նոր անձնաւորութիւն մը եւ նոր առաքելութիւն մը, որով ան պիտի ըլլար հայրը բազմութեան։

Աբրահամ անմիջապէս, եւ առանց տատամսումի կը սկսի իր առաքելութիւնը ու կը քալէ. «Աբրամ գնաց ինչպէս Տէրը իրեն ըսեր էր» (Ծննդոց 12,4)։ Աբրահամ կը քալէ, ու մեզի կը սորվեցնէ քալել։ Ան իր ամբողջ կեանքը կ’անցընէ քալելով ու փոխադրուելով, եւ հիմնական ճանապարհը կը կատարէ երբ Աստուած իրմէ կը խնդրէ իր մէկ հատիկ զաւակը զոհել։

Որովհետեւ Աստուծոյ համար անկարելի բան չկայ, Սառա իր ծերութեան մէջ յղի կը մնայ, եւ զաւակ մը կը ծնի Աբրահամին, որուն անունը Իսահակ կը դնեն։ Աստուած կը խնդրէ Աբրահամէն իր այս մէկ հատիկ սիրելի զաւակը զոհել. «Հիմա քու սիրած մէկ հատիկ որդիդ Իսահակը առ ու Մօրիայի երկիրը գնա՛ եւ հոն զանիկա ողջակէզ ըրէ լեռներէն մէկուն վրայ, որ ես քեզի պիտի ցուցնեմ» (Ծննդոց 22,2)։ Աբրահամ առանց մերժելու, եւ ոչ իսկ հակասելու կամ հակաճառելու, կը կատարէ իրմէ պահանջուածը։

«Գնա՛ այն երկիրը, որ ես քեզի պիտի ցուցնեմ», «լեռներէն մէկուն վրայ, որ ես քեզի պիտի ցուցնեմ»։ Այո՛, գնա՛ հոն ուր Աստուած քեզի ցոյց պիտի տայ։ Առաջին վայրկեանէն իսկ երբ Աբրահամ կը սկսի քալել, կը յառաջանայ առանց գիտնալու ուղղութիւնը, առանց գիտնալու վայրը ուր պիտի հասնի։ Մենք ալ մեր հոգեւոր կեանքին մէջ, առաջին հերթին կանչուած ենք քալելու, մեր ամբողջ վստահութիւնը դնելով Աստուծոյ վրայ։ Մեր կեանքին մէջ կը յոգնինք, կը տքնինք, կը ձախողինք ու կը յաջողինք, կը շահինք ու կը կորսնցնենք, կը տխրինք ու կ’ուրախանանք, կ’իյնանք ու կը կանգնինք, կը հետապնդենք տարբեր նպատակներ օգտագործելով տարբեր միջոցներ, կը քալենք ու կը քալենք առանց գիտնալու թէ ուր պիտի հասնինք, բայց եթէ Աստուծոյ վստահինք, գէթ վստահ պիտի ըլլանք թէ լաւ տեղ պիտի հասնինք։

Աբրահամ հայրն է հաւատքին, որովհետեւ գիտցաւ հնազանդիլ Աստուծոյ, վստահիլ Աստուծոյ եւ հաւատարիմ մնալ Աստուծոյ։ Վստահեցաւ Ամենակարողին, Իմաստունին, Բարիին, բռնեց իր սիրելի զաւակին ձեռքը ու քալեց։ Անոր իրագործած այս հոգեւոր ճանապարհէն ընթանալու համար չորս պայմաններ պահանջուած են մեզմէ։

1- Լսել Խօսքը։ «Ահա հոս եմ» (Ծննդոց 22,1)։ Աստուած միշտ կը խօսի մեզի հետ, բայց դժբախտաբար այնքան աղմուկի մէջ կ’ըլլանք որ շատ յաճախ չենք լսէր անոր Խօսքը, եւ երբեմն ալ եթէ լսենք անգամ, հաճելի չի թուիր մեզի, եւ փախուստ կու տանք, որպէսզի իր կամքը չի գործադրենք։ Աստուած երբ խօսի, Աբրահամի նման կանչուած ենք լսելու, հնազանդելու եւ գործադրելու։ «Ահա հոս եմ» արտայայտութիւնը ցոյց կու տայ մարդուն պատրաստակամութիւնը Աստուծոյ կամքը կատարելու։ «Ահա հոս եմ Տէր, կը լսեմ քու Խօսքդ, եւ կ’ուզեմ հնազանդիլ քու կամքիդ»։

2- Առնել միայն պէտքերը։ « Աբրահամ ողջակէզին փայտերը առաւ ու իր որդին՝ Իսահակը վրայ դրաւ եւ ինք իր ձեռքը առաւ կրակը ու դանակը» (Ծննդոց 22,6)։ Երբ կը քալենք չենք կրնար ամէն բան շալկել մեզի հետ։ Այս պատճառաւ պիտի գիտնանք ընտրել մեր պէտքերը, պիտի գիտնանք ընտրել օգտակարը, հիմնականը, կարեւորագոյնը, որ մեզի կրնայ հասցնել հոն ուր Աստուած պիտի տանի։ Աբրահամին համար պէտք էին փայտը, կրակը ու դանակը։ Մենք ինչի՞ պէտք ունինք։ Թող մեր փայտը ըլլայ աղօթքը, թող մեր կրակը ըլլայ ծոմն ու պահքը, թող մեր դանակը ըլլայ ողորմութիւնը։

3- Ձերբազատուիլ անպէտք բաներէ։ «Աբրահամ ըսաւ իր ծառաներուն. «Դուք իշուն հետ հոս կեցէք» (Ծննդոց 22,5)։ Աբրահամին համար թէեւ ծառաներն ու էշը կարեւոր պէտքեր էին իր կեանքին մէջ, մանաւանդ ինք որ շատ յառաջացած տարիքով ըլլալով, ուրիշին ներկայութեան եւ օգնութեան կարիքն ունէր որպէսզի յառաջանար, սակայն զգաց թէ պէտք էր ձերբազատուիլ նոյնիսկ ինքնիրեն վերապահած կարեւոր բաներէն, իր հանգիստը ապահովող պէտքերէն։ Այս պատճառաւ ձերբազատուեցաւ իր ծառաներէն, իր էշէն, եւ այդպէսով շարունակեց ճամբան։ Մենք ալ մեր քալած ատեն, ձերբազատուելու ենք շատ մը բաներէ որոնք պէտքեր չեն Աստուծոյ հետ ըլլալու համար, նոյնիսկ եթէ անոնք մեր անձնական կեանքին հանգիստ պատճառեն, նոյնիսկ եթէ անոնք մեր կամքը կատարելու օգտակար են, սակայն թերեւս Աստուծոյ կամքը կատարելու համար անօգուտ են։

4- Աչքերը միշտ վեր պահել։ «Աբրահամ իր աչքերը վեր բարձրացուց ու հեռուէն տեսաւ» (Ծննդոց 22,4)։ Աչքերը վեր պահել կը նշանակէ տեսնել Աստուած, յիշել որ Աստուած ներկայ է մեր կեանքին մէջ, յիշել որ Աստուած ի՛նք կ’ուղղէ մեր կեանքը, ի՛նքն է մեր առաջնորդն ու մեր ղեկը։ Աչքերնիս միշտ վեր պահենք, երբեք չընթանանք սողուններու նման, որոնք իրենց աչքերը միայն գետին կը սեւեռեն։

Աբրահամ կը քալէ ու կը հասնի։ Աստուած տեսնելով անոր հաւատքը, անոր վստահութիւնը, անոր երկիւղը, կը գթայ անոր վրայ եւ թոյլ չի տար որ իր զաւակը զոհէ։ Աստուած ինքնիրեն կը վերապահէ զաւակ զոհելու կոչումը. իր զաւակը աշխարհ կը ղրկէ, որ խաչին վրայ արիւնը թափէ մեր մեղքերուն համար։ Մենք ալ եթէ կարենանք ամէն վայրկեան փնտռել Աստուծոյ կամքը, հակառակ մեր տկարութիւններուն ու սահմանափակ վիճակին, Աստուած պիտի արդիւնաբերէ մեր կեանքը. պիտի հասկնանք ու պիտի զգանք թէ Աստուած կը սիրէ մեզ, եւ թէ մենք պէտք չէ վախնանք զինք սիրելու։

Այսու պատրաստ ըլլանք միշտ քալելու, առանց յոգնութեան, առանց դժգոհելու, առանց կասկածի։ Քալենք Աբրահամի նման, քալենք լսելով Աստուծոյ խօսքը, ապահովելով հիմնական պէտքերը, ձերբազատուելով անպէտք բաներէն, եւ անշուշտ մեր աչքերը միշտ վեր պահելով։

Քալենք, որովհետեւ միայն քալելով կրնանք հասնիլ։