ՀՐԱՉ ՔԱՋԱՐԵՆՑ
Սիամանթոյ,
Ահարկու երգիչ մահուան ու կեանքի
Հերոս եւ քերթող, սանձազերծ մըրրիկ
Խոնարհ խաւերէն յարուցիր մարդիկ՝
Արդար, վրէժխնդիր, եւ սիրտ եւ հոգի՝
Որոնք երգելով, յառաջ ընթացան,
Յառաջ ընթացան, յաղթեցին մահուան։
Վարուժան,
Ոյժը երգեցիր դուն հին դարերուն,
Եւ նոր դարերուն սէրը երգեցիր,
Ոչ թէ մէկ պահու երգիչը եղար դուն,
Այլ երգիչն եղար բոլոր պահերուն,
Ժամանակներուն խորունկ եւ անծիր,
Բազմալար քընար, քանդակիչ անհուն։
Ինտրա,
Ատելութեան դէմ սէրդ պարգեւեցիր,
Սէրըդ մեծազօր ակունքէն ժայթքող,
Սիրոյդ հուրին մէջ՝ սուրը հալեցուցիր,
Եւ հոգիդ՝ զինեալ, մարմինդ անպաշտպան,
Քալեցիր դէպի կարմիր Գողգոթան
Քրիստոս գըրկեցիր՝ իր Խաչին վըրան։
Ռուբէն Սեւակ,
Դուն բժիշկ մարմնոյ, դուն բժիշկ հոգւոյ,
Կեանքը փրկեցիր վտանգուած մարդուն,
Փոխարէն՝ ճանչցար, անարգ մահը դուն,
Ամայութեան մէջ քեզ յօշոտեցին,
Բարիք սփռեցիր, չարիք տեսար դուն,
Գանձ խոստումնալից, թանկագին, ներհուն։
Ոհ, Սիամանթոյ, Վարուժան, Ինտրա,
Եւ Ռուբէն Սեւակ, Ջահեր վշտավառ։
1985