ՏՕՆ ՅԱՐՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ՎԵՐԱԾՆՈՒՆԴԻ

ՏՕՆ ՅԱՐՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ՎԵՐԱԾՆՈՒՆԴԻ

ՍԱՐԳԻՍ ՆԱՃԱՐԵԱՆ

…………………………………….

Հայ հաւատացեալին համար ինչքա՜ն խորհուրդ կայ աւելի քան 2000 տարի առաջ մահուան դէմ Քրիստոսի արձանագրած յաղթանակին եւ 105 տարիներ առաջ Հայ ժողովուրդի գողգոթային եւ ցեղասպանութեան փորձին դէմ տարած յաղթանակի յիշատակութիւններուն իրարու այնքան մօտիկութեան մէջ։

Քրիստոսի փառաւոր յարութեան վկայող եւ այդ վկայութեան համար իր կեանքը զոհաբերելու պատրաստ ազգի մը ճակատագիրը եւս քրիստոսանման ըլլալէ տարբեր չէր կրնար ըլլալ։ Անիկա եւս 105 տարիներ առաջ մահուան ճիրաններէն ազատելով վերածնաւ եւ շարունակեց իր յաղթական երթը յաւերժութեան ճանապարհէն։

Յարուցեալ Քրիստոսին հաւատացող եւ անոր պաշտպանութեան ապաւինած ժողովուրդը իր անմահութեան իրաւունքը նուաճեց հազարումէկ տառապանքներու եւ օրհասական տանջանքներու գնով, ապա իր աստուածատուր կամքի զօրութեամբ՝ զինք սպաննել փորձող ճիւաղներու գլխուն շրջելով տապանաքարերը զորս անոնք դնել կը փորձէին իր վրան 1915-ի Ապրիլի 24-ին։ Համաշխարհային արխիւները եւ մատենադարանները լեցուն են այդ փորձը հաստատող անհերքելի վկայութիւններով։

Քրիստոս յարեաւ եւ իր յարութեամբ յառնելու եւ վերընձիւղելու կամքը պարգեւեց իրեն հետեւորդ առաջին ազգին, որուն աւելի քան երբեք այսօր կենսալի կեանքը ու յառաջադէմ նուաճումները ժամանակակից կեանքի բոլոր ոլորտներէն ներս՝ հիացումին առարկան են համայն աշխարհին եւ կատաղալի ապշութեան առարկան՝ գազանաբարոյ դահիճներու ժառանգորդներուն։

Քրիստոսի հրաշափառ յարութիւնը եւ Հայ Ազգի փառահեղ վերածնունդը՝ նոյնիսկ անկարելի թուացող դէպքերը կարելի դարձնող հաւատքի եւ յոյսի աղբիւր եղան եւ կը շարունակեն ըլլալ Հայ ժողովուրդին համար։ Նոյնիսկ իր առաքեալներուն անհաւատալի կը թուէր իրենց Տիրոջ յարութիւնը, սակայն տեսան զայն եւ հաւատացին անոր։ Իսկ այսօր համայն աշխարհ վկան է մահուան դէմ Հայ ժողովուրդի տարած յաղթանակին։ Քրիստոսի յարութիւնը իրեն համար դարձաւ ոչ միայն վերականգնելու, այլ իր գոյերթը փառապանծ յաղթանակներով պսակելու հաատքի ու յոյսի աղբիւր։ Ան հաւատաց մահուան դէմ անգամ յաղթանակ տանելու աստուածաշնորհ ուժին եւ իբրեւ ժառանգորդներ վասն կրօնի եւ հայրենիքի իրենց կեանքը զոհաբերած մէկուկէս միլիոն նահատակներու՝ եղաւ վկան այդ ուժին։

Այդ յաղթանակներուն վկայութիւններն են այսօր ոգեկոչումի եւ փառաբանական արարողութիւնները եւ հաւաքները որոնք կը համախմբեն աշխարհասփիւռ եւ հայրենաբնակ հայութիւնը որ կու գայ վերանորոգելու Սուրբ Նահատակներու կտակին իր հաւատարմութեան ուխտը եւ վերահաստատելու իր պահանջատիրական երթը շարունակելու վճռականութիւնը։

Այդ յաղթանակներուն վկայութիւններ են այսօր մեր մշակութային, գիտական եւ մինչեւ իսկ մարզական նուաճումները։

Այդ յաղթանակներուն վկայութիւններն են մարդակերպ գազաններուն կողմէ մեր բնօրաններուն մէջ աւերուած եկեղեցիներուն եւ յուշակոթողներուն փառահեղ կրկնօրինակներուն հաստատումը ոչ միայն Մայր Հայրենիքի մէջ, այլ աշխարհի չորս ծագերուն։

Հայոց յաղթանակի վկայութիւն չէ՞ հերոսական Արցախը իր մարտունակութեամբ։

Շարքը չերկարելու համար, այս յաղթանակին վկայութիւնը չէ՞ հայկական ազատ անկախ պետականութիւնը՝ Միացեալ Ազգերու 193 երկիրներու դրօշակներու շարքին ծածանող իր եռագոյնով։

Անցնող 105 տարիներուն մեր արձանագրած նուաճումներով ու ձեռք բերած փորձառութիւններով աւելի հզօրացած ու վճռակամ աւելի քան երբեք, կոչուած ենք այս յաղթարշաւը լրումին հասցնելու։ Ասիկա ունի իր նախապայմանը, որ մեր միաբանութիւնն է, ամէն հատուածականութենէ վերկանգնումը, անսակարկ միասնականութիւնը, որոնք մեր անպարտելիութեան գրաւականը եղած են ու ե՛ն, մեզ ոգեշնչող ուժը, մեր հզօրագոյն զէնքը։ Չի՛ բաւեր այդ միասնականութիւնը ցուցաբերել ամեակներուն կամ ուրախ եւ տխուր առիթներուն, վտանգի կամ սպառնալիքի պահերուն միայն, այլ բոլոր ժամանակներուն, զայն դարձնել մեր ազգային գոյերթը առաջնորդող կարգախօս։ Ապրիլ 24-երը պէտք է ըլլան այս յանձնառութիւնը արտայայտելու առիթներ։