Պարտադրուած երկընտրանքի առջեւ. ԵՐԱՆԻ ԱՅՆՔԱ՜Ն ՍԻՐԱԾ ՉԸԼԼԱՅԻՆՔ  ՄԵՐ ՈՐԴԵԳԻՐ ՀԱՅՐԵՆԻՔԸ…

Պարտադրուած երկընտրանքի առջեւ. ԵՐԱՆԻ ԱՅՆՔԱ՜Ն ՍԻՐԱԾ ՉԸԼԼԱՅԻՆՔ  ՄԵՐ ՈՐԴԵԳԻՐ ՀԱՅՐԵՆԻՔԸ…

ՍԱՐԳԻՍ ՆԱՃԱՐԵԱՆ

……………………………………

Եկեղեցին կ’ուզէ աշխարհին ցոյց տալ որ Լիբանան երկիր մը ըլլալէ աւելին է։ Ազատութեան պատգամ մըն է եւ բազմազգութեան օրինակ մը թէ՛ Արեւելքին եւ թէ՛ Արեւմուտքին համար։

ՍԲ. ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ ՊՕՂՈՍ Բ.

Առաքելական նամակ

7/10/1989

 

Ափսո՜ս որ Լիբանան այսօր Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Քահանայապետին նկարագրած «սովորական երկիր մը ըլլալէ աւելի»ն չէ…։ Լիբանանցիները չկրցան այդ «աւելի»ն պահպանել եւ արդարացնել իրենց երկրի սովորականէն տարբեր երկիր մը ըլլալու կոչումը, «որ եթէ կորսուի, կ՛ըսէ Սուրբ Քահանայապետը, ազատութեան դատը ծանր ձախողութիւն մը արձանագրած պիտի ըլլայ»։

Ափսոս որ՝

Երբեմնի իր բարգաւաճութեամբ նախանձելի այս չքնաղ երկիրը այսօր անորակելի ճգնաժամերու ճնշումին ներքեւ տուայտելու վրայ է։

Ամբողջ շրջանին համար օրինակելի եւ նախանձելի լիբանանեան դրամատնային դրութիւնը քայքայուած է։

Ելեւմուտք եւ տնտեսութիւն՝ սնանկացած։

Մարդավայել ապրուստի պայմանները չքացած։

Քաղաքացին՝ անտէր անտիրական, օր ըստ օրէ աւելի եւ աւելի թշուառութեան մատնուած։

Պետութիւնը ի վիճակի չէ պաշտպանելու իր քաղաքացիները, կը խոստովանի վարչապետ Հասան Տիապ։

Երկիրը կրծած ու սնանկացուցած փտածութեան, չարաշահումներու, հովանաւորչութեան եւ կաշառակերութեան ախտը անբուժելի։

 Մեղադրեալները՝ անհպելի։

Բնական է որ իրենց երկրին երբեմնի առաւելութիւններով հպարտ քաղաքացիները այս տանջալից կացութենէն դուրս գալու, անգործութեան, սղաճի, անապահովութեան, անպաշտպանուածութեան հոգեմաշ հետեւանքներէն ազատելու միջոց փնտռեն։ Փրկութեան լաստ մը։ Բարեկեցիկ կեանքի մը պայմանները գտնելու յոյսով՝ այդ միջոցը երկրէն «փախուստի» մէջ կը տեսնեն։ Փախուստ դէպի նոր աշխարհներ։ Ոմանք «առժամաբար» կ’ըսեն, ուրիշներ՝ աւելի բարենպաստ միջավայր մը տեղափոխուելու հնարաւորութիւնը «ուսումնասիրելու» պատրուակով։ Շատեր դեռ եւս կը վարանին՝ կացութեան բարեշրջում մը յուսալով։

 Այսպիսի դժուարին օրեր ապրելու վրայ է նաե՛ւ լիբանանահայը իր բոլոր դասակարգերով, մանաւանդ երիտասարդութիւնը ։ Չկարենալով խուսափիլ այս յուսահատեցնող իրականութեան հետեւանքներէն, ան եւս փրկութեան միջոց մը կը փնտռէ եւ այդ միջոցը «փախուստի», աւելի բարենպաստ հորիզոններու ներքեւ տեղափոխումին մէջ կը տեսնէ։ Կը մտածէ ունեցուածքը լուծարքի ենթարկել ու մեկնիլ։ Սակայն, մեկնիլ ո՞ւր եւ ինչպէ՞ս հարցումը զինք կը մտալլկէ։ Կը դիմէ երկրէն արդէն տարբեր ուղղութիւններով մեկնած եւ մեկնումի փորձառութիւնը ապրած ազգականներու, ընկերներու, գործընկերներու, բարեկամներու խորհուրդին։

Զինք շրջապատող անտանելի իրավիճակին թելադրանքը եւ անկէ խուսափելու մասին հեռուէն ու մօտէն տրուած խորհուրդները կը նոյնանան մէկ գաղափարի շուրջ։ Ներգաղթել։ Ի վերջոյ, հայրենադարձութեան մէջ կը տեսնէ իր մտահոգութիւնններուն լուծումը, առանց իրեն պարտադրուած այդ քայլի դժուարութիւններուն մասին մտածելու։

Ահա թէ ինչո՛ւ հայրենադարձութեան ալիքի մը վկան ենք ժամանակէ մը ի վեր։ Ընտանիքներ, երիտասարդներ, եթէ պատրաստ անգամ չեն, կը մտածեն ներգաղթելու, հայրենադարձուելու մասին՝ մտածելով որ եթէ տակաւ վատթարացող կացութիւնը զիրենք անպայման երկիր, բնակավայր ու միջավայր փոխելու ստիպողութեան առջեւ դնէ, միակ հասցէն Մայր Հայրենիքն է։

Ուրախալի է անշուշտ այս համոզումը եւ հայրենադարձուելու միտումը։ Քաջալերութեան արժանի, հակառակ այն համոզումին որ Լիբանանի գաղութին տկարացումը՝ պիտի ըլլայ տկարացումը ամբողջ սփիւռքին։ Ահա թէ ինչո՛ւ ուրախալի պիտի ըլլար օր առաջ իրականացումը մեր որդեգիր հայրենիքը տառապեցնող վէրքերը դարմանուած եւ զայն վերականգնած տեսնելու յոյսին, որ կ’արգելակէ հրաժեշտը՝ մեր արիւն-քրտինքով վաստկած օճախէն ու միջավայրէն։ Կը շրջէ երկրէն մեկնելու միտումը։ Երանի այնքան սիրած չըլլայինք այս յաւերժական Մայրիներու երկիրը՝ որուն հարազատ զաւակները դարձանք, սիրեցինք զայն ու սիրուեցանք, բաժնեցինք անոր լաւ ու գէշ օրերը, ջանք ու ճիգ չխնայեցինք անոր բարգաւաճութեան համար, միշտ պատրաստ դեռ եւս տոկալու՝ վիճակը բարեշրջուած տեսնելու յոյսով։ Ափսոս որ այդ յոյսը զօրացնող պայմանները եւ ղեկավարները դեռ եւս չեն յայտնուիր, արդարացնելով մեկնելու տրամադրութիւնները նաե՛ւ լիբանանահայուն։ Արտագաղթող կամ ներգաղթող, բոլոր պարագաններուն տակ ան երախտապարտ հոգիով իր սրտին մէջ պիտի տանի յաւերժական սէրն ու բարեկամութիւնը զինք որդեգրած երկրին, անոր ժողովուրդին։

8 / 03 / 2020