Տ. ՅՈՎՍԷՓ ԳԱԼՍՏԵԱՆ
………………………………………..
Կիրակի, Մարտ 29-ին, Covid-19՝ քորոնա ժահրով վարակման հետեւանքով վախճանեցաւ ֆրանսահայ ականաւոր քաղաքական գործիչ, փաստաբան եւ Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ նուիրեալ զաւակ Փաթրիկ Տեւեճեան, 76 տարեկանին:
Փաթրիկ Տեւեճեան ծնած է 1944 Օգոստոս 26-ին Փարիզ, Ֆրանսա, Ցեղասպանութեան հետեւանքով Ֆրանսա հաստատուած Հայ կաթողիկէ ընտանիքի մէջ: Ան ստացած է իրաւաբանական կրթութիւն եւ երիտասարդ տարիքին արդէն յայտնի էր որպէս յաջողակ փաստաբան, ապա նաեւ՝ որպէս երիտասարդ քաղաքական գործիչ, Շառլ Տը Կոլի հիմնած Հանրապետական կուսակցութեան գործօն անդամ: 1998-ին, Տեւեճեան ընտրուեցաւ Փարիզի Անթոնի համայնքի ղեկավար եւ այդ պաշտօնը վարեց մինչեւ 2002: 1986-ին դարձաւ նաեւ Ֆրանսայի Ազգային Ժողովի անդամ եւ պաշտօնավարեց մինչեւ 2003: 2004-ին նշանակուեցաւ Ֆրանսայի Արդիւնաբերութեան նախարար: 2006-ին Տեւեճեան առաջարկեց Հայոց Ցեղասպանութիւնը մերժելու համար քրէական պատիժ սահմանող օրինագիծ: 2007-ին ընտրուեցաւ Փարիզի Hauts-de-Seine նահանգի նահանգապետ: Տեւեճեան նաեւ դարձաւ Ժողովրդական շարժման միութիւն կուսակցութեան գլխաւոր քարտուղար: 2008-ին Տեւեճեան դարձեալ մտաւ կառավարութիւն եւ գլխաւորեց տնտեսական հակաճգնաժամային կառավարական գործողութիւնները:
Ինչպէս կը վկայեն Ֆրանսայի մէջ ծառայող հայ կաթողիկէ հոգեւորականները, Փաթրիք Տեւեճեան նուիրուած էր իր հայկական արմատներուն եւ հոգեւոր ինքնութեան, Հայ Դատին։ Ան սերտ կապերու մէջ էր հայ կաթողիկէ համայնքի անդամներու հետ, յաճախ կը մասնակցէր հոգեւոր արարողութիւններուն, աղօթական կեանքին եւ հանդէս կու գար բարեգործութիւններով:
Տեւեճեան անցեալ Չորեքշաբթի թուիթերին մէջ գրած էր հետեւեալը. «Ես վարակուած եմ քորոնավիրիւսով, եւ կրնամ ուղղակիօրէն վկայել, որ բժիշկներն ու բուժքոյրերը բացառիկ աշխատանք կը տանին: Ես անոնց կ’ըսեմ մեծ «շնորհակալութիւն»՝ իրենց բոլոր հիւանդներուն մշտապէս օգնելու համար»:
Յիշատակն արդարոց օրհնութեամբ եղիցի։