ԼԵԶՈՒՆ ՊԱՀՊԱՆԵԼԸ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՐԺԱՆԱՊԱՏՈՒՈՒԹԵԱՆ ՀԱՐՑ Է

ԼԵԶՈՒՆ ՊԱՀՊԱՆԵԼԸ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՐԺԱՆԱՊԱՏՈՒՈՒԹԵԱՆ ՀԱՐՑ Է

ԱՆԺԵԼԱ ՀԱՄԲԱՐՁՈՒՄԵԱՆ

…………………………………………………..

Փետրուարի 21-ը Մայրենի Լեզուի միջազգային օրն է

«Լեզուն ազգի հոգին է. կենդանի է այդ հոգին, կենդանի է ազգը, կենսունակ է առաջինը, ուրեմն կենսունակ է եւ երկրորդը»,- գրած է Վահան Տէրեան:

Հաշուի առնելով անցած դարի կէսերուն մայրենի լեզուի իրաւունքներուն դէմ շարք մը ընդվզումները`1999 թուականին UNESCO-ն Փետրուար 21-ը հռչակեց Մայրենի լեզուի միջազգային օր` ի նպաստ լեզուներու իրաւունքներու ճանաչման եւ գործածութեան աջակցման:

Լեզուի կարեւորութեան եւ պահպանութեան մասին «Արմենպրես»-ի թղթակիցը զրուցած է լեզուի կոմիտէի նախագահ Դաւիթ Գիւրջինեանի հետ:

«Երբ որեւէ ազգ կը կորսնցնէ իր լեզուն, յետագային կը վերանայ պատմութեան թատերաբեմէն: Հայաստանի մէջ բնակչութեան ճնշող մեծամասնութեան մայրենի լեզուն հայերէնն է, ուստի Հայաստանի մէջ Մայրենի լեզուի միջազգային օրը կը նշենք որպէս Հայոց լեզուի` ՀՀ պետական լեզուի օր, ինչպէս նաեւ Հայաստանի ազգային փոքրամասնութիւններու լեզուներու իրաւունքներու պահպանութեան օր: Մեր երկրին մէջ կ’ապրի եզիտիներ, ռուսեր, յոյներ, ասորիներ եւ այլ ազգեր, որոնց լեզուները եւս պահպանութեան կարիք ունին»,- շեշտեց Գիւրջինեան:

Անոր խօսքով` ժամանակակից հայերէնը երկու դրական դրսեւորում ունի` արեւելահայերէն եւ արեւմտահայերէն, եւ մեր պատմութեան դաժան ընթացքի հետեւանքն է, որ արեւմտահայերէն խօսողները զրկուեցան իրենց բնօրրանին մէջ ապրելու իրաւունքէն. մեծ մասը բնաջնջուեցաւ, մէկ մասն ալ սփռուեցաւ աշխարհով մէկ: «Արեւմտահայերէնը այսօր վտանգուած լեզու կը համարուի: Եթէ նոյնիսկ չընդունինք այդ, լաւ գիտենք, որ շատ համայնքներու մէջ արեւմտահայերէնը երկրորդ լեզու է եւ գործածութեան նեղ շրջանակ ունի»,-նշեց կոմիտէի նախագահը:

Ըստ Գիւրջինեանի` արեւելահայերէնի վիճակն անհամեմատ աւելի լաւ է, քանի որ այն Հայաստանի եւ Արցախի Հանրապետութիւնների պետական լեզուն է եւ վայելում է պետական հոգածութիւն: Այն պարտադիր է հանրային կեանքի բոլոր ոլորտներում: «Արեւելահայերէնի խնդիրն այն է, որ Ռուսաստանի Դաշնութիւնում եւ նախկին խորհրդային հանրապետութիւններում կայ արեւելահայերէն խօսողների մեծ թիւ, որը հայերէն կրթութիւն չի ստանում, եւ մի քանի սերունդ յետոյ լուրջ խնդիր ենք ունենալու հայերէնը պահպանելու առումով:

Մեր լեզուի ամենաապահով վիճակը հայրենի հողի վրայ է՝ Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Արցախի մէջ: Բարեբախտաբար, այդպիսի կղզեակ կայ Ջավախքի մէջ, ուր միատարր հայ բնակչութիւն է, թէպէտ այդտեղ ալ կ’ըլլան խնդիրներ»,- հաւաստիացուց Գիւրջինեան:

Անոր համոզումով` լեզուն պահպանելը միայն պետութեան խնդիրը չէ, ատիկա նաեւ ժողովուրդի, հանրութեան խնդիրն է: Եթէ ամէն մէկը որոշէ սոցիալական կայքերու վրայ գրութիւն ձգել հայերէն, պէտք է հասկնայ, որ հայերէն խօսքը անհրաժեշտ է գրել մեսրոպեան տառերով: «Ազգային խայտառակութիւն է, երբ հայերէն գրութիւնները լատինատառ կամ ռուսատառ կը գրենք: Պետութիւնը չի կրնար երթալ իւրաքանչիւրի տուն, բռնել մարդու ձեռքն ու ըսել, որ այդպէս կարելի չէ: Լեզուն պահպանելը ազգային արժանապատուութեան եւ կրթուածութեան հարց է: Եթէ մարդը հեռուստատեսութեամբ, ամպիոնէն կը խօսի հանրութեան հետ, պէտք է ընտրէ գրական հայերէնը որպէս հաղորդակցութեան միջոց: Պետութիւնը կը հռչակէ հայերէնը որպէս պետական լեզու, բայց իւրաքանչիւրս ընելիք ունի այդ ոլորտին մէջ։ Ամէն մէկն իր տեղը պէտք է պաշտպան կանգնի հայոց լեզուին, այլապէս մենք չենք կրնար ապահովել հայերէնի լիարժէք գործածութիւնը ամէնուրեք»,- եզրափակեց Դաւիթ Գիւրջինեան:

Մայրենի լեզուի միջազգային օրը կը յաւերժացնէ այն քաղաքական պայքարը, որ մղուած է մօտ վաթսուն տարի առաջ պենկալերէնը առանձին լեզու ճանչնալու համար: 1952 թուականին Տաքայի մէջ ոստիկաններու կրակոցներէն սպաննուեցան խումբ մը երիտասարդներ, որոնք դուրս եկած էին բողոքելու կառավարութեան` ուրտուն միակ պետական լեզու ճանչնալու որոշման դէմ:

 Ի յիշատակ այդ պայքարի` 1999 թուականէն ի վեր UNESCO-ն կը նշէ մայրենի լեզուի միջազգային օրը, իսկ 2008 թուականը հռչակած է լեզուներու միջազգային օրը: Ի յիշատակ պենգալացիներու պայքարին` Սիտնիի Էշֆիլտ զբօսայգիի մէջ կանգնեցուած է «պահպանիր մայր լեզուդ» յուշարձանը:

Հայոց այբուբենին նուիրուած յուշարձաններ կան Հայաստանի Արագածոտնի մարզի` Բիւրականի ճամբուն վրայ եւ Օշական գիւղին մէջ:

21 Փետրուար 2020, ԱՐՄԷՆՊՐԵՍ

«ՄԵՐ ԼԵԶՈՒՆ»

Մեր լեզուն մեր խիղճն է դա,

Սուրբ հացը մեր սեղանի,

Մեր հոգու կանչն է արդար

Ու համը մեր բերանի:

 

Մեր լեզուն ծուխն է մեր տան,

Մեր կշիռն աշխարհի մէջ,

Նա աղն է մեր ինքնութեան,

Էութեան խորհուրդը մեր:

Մեր լեզուն արիւնն է մեր,

Արիւնից աւելի թանկ,

Մեր բուրմունքն ու գոյնն է մեր,

Մեր լեզուն մենք ենք որ կանք:

 

Նա պիտի մեր առաջին

Ու վերջին սէրը լինի,

Ի՞նչ ունենք էլ աշխարհում,

Որ այսքան մերը լինի:

ՀԱՄՕ ՍԱՀԵԱՆ