ԳԵՐԱՊԱՅԾԱՌ ՃՈՐՃՕ ՏԵՄԵԹՐԻՕ ԿԱԼԼԱՐՕ՝ ԱՐԵՒԵԼԵԱՆ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐՈՒ ԺՈՂՈՎԻ ՆՈՐ ՔԱՐՏՈՒՂԱՐ

ԳԵՐԱՊԱՅԾԱՌ ՃՈՐՃՕ ՏԵՄԵԹՐԻՕ ԿԱԼԼԱՐՕ՝ ԱՐԵՒԵԼԵԱՆ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐՈՒ ԺՈՂՈՎԻ ՆՈՐ ՔԱՐՏՈՒՂԱՐ

Երեքշաբթի, 25 Փետրուար 2020-ին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը Արեւելեան Եկեղեցիներու Ժողովի նոր քարտուղար նշանակեց Գերապայծառ Ճիորճօ Տեմեթրիօ Կալլարոն,  անոր շնորհելով Արքեպիսկոպոսի տիտղոս։ Գերապայծառ Ճիորճօ Տեմեթրիօ Կալլարոն Սիկիլիոյ Ալպանացիներու եկեղեցական թեմին առաջնորդն էր ու խորհրդատու՝ Արեւելեան Եկեղեցիներու Ժողովին։

Ան իր համալսարանական ուսմունքները աւարտած է Հռոմի Արեւելեան Քահանայապետական Կաճարի մէջ, ու Արեւելեան եկեղեցական Կանոնագիտութեան  մասնագիտութիւնը աւարտած է Տոմինիքեան Միաբանութեան Հռոմի Սուրբ Թովմաս Համալսարանին մէջ, ուր նաեւ ձեռք բերած է համամիութենական աստուածաբանութեան բարձրագոյն ուսմունքի վկայականը։

31 Մարտ 2015-ին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը զինք կ’անուանէ Սիկիլիոյ «Piana degli Albanesi» թեմին եպիսկոպոս, եւ 2015-ի Յունիսի 28-ին Ան կը ստանայ եպիսկոպոսական օծումը։

Կը խօսի անգլերէն եւ իտալերէն ու ծիսակատարութեան համար կ’օգտագործէ յունարէնն ու ալպաներէնը եւ անցեալին օգտագործած է նաեւ արաբերէնը տրուած ըլլալով որ Ան անդամակցած է Մելքիթ Եկեղեցւոյ։

25/02/2020