ՍՈՒՐԻՈՅ ՄՇԱԿՈՅԹԻ ՆԱԽԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆԸ ԿԸ ՊԱՐԳԵՒԱՏՐԷ ՀԱՅԱԶԳԻ ՊԱՏԳԱՄԱՒՈՐ ՆՈՐԱ ԱՐԻՍԵԱՆԸ

ՍՈՒՐԻՈՅ ՄՇԱԿՈՅԹԻ ՆԱԽԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆԸ ԿԸ ՊԱՐԳԵՒԱՏՐԷ ՀԱՅԱԶԳԻ ՊԱՏԳԱՄԱՒՈՐ ՆՈՐԱ ԱՐԻՍԵԱՆԸ

Սուրիոյ Մշակոյթի նախարարութեան կողմէ պարգեւատրուած է հայազգի պատգամաւոր, պատմաբան, թարգմանիչ, արեւելագէտ, Սուրիա-Հայաստան բարեկամական խորհրդարանական յանձնաժողովի նախագահ Նորա Արիսեան: Մարտի 8-ին Դամասկոսի ազգային օփերայի շէնքին մէջ տեղի ունեցած է Մշակոյթի նախարարութեան կողմէ կազմակերպուած «Մշակոյթը կը վերականգնէ իր յաղթանակը» խորագրով փառատօնի հանդիսաւոր բացումը, որուն ընթացքին կը պարգեւատրուի հայազգի պատգամաւորը:

Պարգեւները յանձնած է Սուրիոյ մշակոյթի նախարար Մուհամմետ Ահմատին: Պարգեւատրուած են թարգմանիչներ, դերասաններ եւ այլ գործիչներ, որոնք իրենց ներդրումը ունեցած են Սուրիոյ մշակոյթի զարգացման գործին մէջ: