Յունաստանի Հայ Կաթողիկէներու առաքելական հոգաբարձու եւ առաջնորդ Գերապայծառ Յովսէփ Պեզեզեան, Վատիկան Նիուզ Ռատիօ Վատիկանի հետ ունեցած զրոյցի մը ընթացքին մտահոգութիւն արտայայտած է վերջին օրերուն Թուրքիոյ եւ Յունաստանի սահմանին վրայ տեղի ունեցած անցուդարձներուն ու բախումներուն եւ գաղթականութեան հոսքի նոր երեւոյթի մասին, որ հետեւանքն է Թուրքիոյ նախագահ՝ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի որոշումին՝ չեղեալ նկատելու 18 մարտ 2016-ին գաղթականներու մասին Եւրոմիութեան հետ ստորագրուած պայմանագիրը, եւ բանալու Թուրքիոյ սահմանները հազարաւոր գաղթականներ ուղարկելով Եւրոպա։ Այդ սահմաններէն մին Յունաստանն է, որ վերջին շրջանին ամրապնդած է սահմանին վրայ զինուորական հսկողութիւնը կանխարգիլելու համար գաղթականներու անօրէն մուտքը երկիր։
«Կը մաղթեմ որ Եւրոպան այս օրերուն յանգի կարեւոր որոշումներու ու դիմէ լուծումներու, որովհետեւ փախստականները տառապանքի մէջ ապրող մարդիկ են, որոնք կարիքը ունին օգնութեան» հաստատած է այս առընչութեամբ Գերապայծառ Պէզեզեան բացատրելով նաեւ թէ Յոյները ընդհանրապէս հիւրընկալ ժողովուրդ են, սակայն կը վախնան որ գաղթականներու մեծ ու անկանոն հոսք մը ժխտական հետեւանքներ ունենայ երկրի տնտեսական վիճակին վրայ որ արդեն մեծ տագնապի մէջ է։
Գերապայծառ Պէզեզեան ապա նշած է թէ Եկեղեցին այս հանգրուանին տեղական Քարիթասի հետ միասին ամէն ջանք կը դափէ օգնութիւն մատուցելու համար գաղթականներուն, սակայ, ըսած է Կաթողիկէ համայնքի առաջնորդը, իրենք եւս կը գտնուին մեծ դժուարութեան մէջ որովհետեւ իրենց կարելիութիւններն ալ սահմանափակ են։
Գերապայծառ Պէզեզեան հուսկ ակնարկելով Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին Մարեմեան Աղօթքի ընթացքին՝ փախստականներուն ի նպաստ ուղղած կոչին ու աղօթքներուն, դիտել տուած է որ ինք յաճախ կը ջանայ իր խնամատարութեան յանձնուած գաղթականներուն փոխանցել Նորին Սրբութեան մօտիկութիւնը։
«Փախստականները յուսահատութեան մատնուած ու տառապող մարդիկ են ու կարօտը ունին զգալու թէ իրենց կողքին կան մարդիկ ու անհատներ որոնք կ’ուզեն իրենց թիկունք կանգնիլ։ Քահանայապետին ձայնը այդ ուղղութեամբ միակն է որ յաճախ կը բարձրանայ անոնց պաշտպանութեան ի խնդիր», ըսած է Գերապայծառ Պէզեզեան։