ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ ՄԻԱԲԱՆՈՒԹԵԱՆ ԹԱՆԳԱՐԱՆԷՆ ՆԵՐՍ 5000-ԱՄԵԱՅ ՍՈՒՐ ՅԱՅՏՆԱԲԵՐՈՒԱԾ Է

ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ ՄԻԱԲԱՆՈՒԹԵԱՆ ԹԱՆԳԱՐԱՆԷՆ ՆԵՐՍ 5000-ԱՄԵԱՅ ՍՈՒՐ ՅԱՅՏՆԱԲԵՐՈՒԱԾ Է

Վենետիկի Սուրբ Ղազար կղզիին հայկական վանական միաբանութեան թանգարանէն ներս մերձաւորարեւելեան զէնքի մասնագէտ Վիթորիա Դալարմելինան յայտնաբերած է ոչ մեծ սուր մը, որուն յետագայ ուսումնասիրութիւնը փաստած է անոր մօտաւորապէս 5000 տարեկան ըլլալը: Այս մասին կը հաղորդէ Yerkir.am-ը։

Մխիթարեան Միաբանութեան թանգարանէն ներս պահուող սուրը երբեք չէ ուսումնասիրուած: Դալարմելինան սուրին գիտական հետազօտութիւն ընելու արտօնութիւն ստացած է եւ հաստատած է, որ այդ սուրը աշխարհի ամենահին սուրերէն է, անիկա պատրաստուած է մօտաւորապէս ՔԱ. 3000 թուականին: