Հեղինակաւոր BBC կայքը «Նամակ Ափրիկէէն» (Letter from Africa) շարքէն յօդուած մը հրապարակած հայ-եթովպիական յարաբերութիւններուն, Եթովպիոյ մէջ հայկական համայնքին ու անոր ներկայ վիճակի մասին։
Եթովպիոյ մէջ հայկական կորսուած համայնքին հետքերով գացած է լրագրող Իսմայիլ Էինաշէն, որ բազմիցս լսած եւ հետաքրքրուած է հայկական համայնքով եւ անոր պատմութեամբ, կը փոխանցէ tert.am-ը:
19-րդ դարուն Մենելիկ 2-րդ կայսեր գահակալութեան ժամանակ այստեղ ձեւաւորուած փոքրաթիւ հայկական համայնքը առաւել ընդլայնուած է 20-րդ դարուն` Օսմանեան կայսրութեան կողմէ իրականացուած ջարդերէն փրկուած եւ այս հողերուն վրայ ապաստան գտած հայերու շնորհիւ. անոնք կարեւորագոյն դերակատարումը ունեցած են երկրի տնտեսութեան, մշակոյթի ձեւաւորման եւ անոր ընդհանուր զարգացման գործին մէջ:
Կը նշուի, որ Հայաստանի եւ Եթովպիոյ միջեւ ամուր կապ ստեղծուած է հիմնականօրէն Ուղղափառ Եկեղեցւոյ շնորհիւ. կապն ալ աւելի խորացած է դիւանագէտներու եւ առեւտրականներու շնորհիւ:
Հեղինակը կը պատմէ նաեւ՝ որ այցելած է 1930 թուականին հիմնադրուած հայկական Սուրբ Գէորգ եկեղեցի: Ան տպաւորուած է ճարտարապետական այս կառոյցի զարդարանքներով, սակայն կը նշէ, որ սովորական օրերուն այնտեղ քահանայ չկայ, սակայն այս եկեղեցին միշտ հայերու համար որպէս համայնքի կեդրոն ծառայած է:
Եթովպիոյ մէջ հայերու թիւը սկսած է աճիլ Ռազ Թաֆարի կայսեր գահակալութեան ժամանակաշրջանին։ Ան Երուսաղէմի հայկական եկեղեցի կատարած այցելութեան ժամանակ, տեսնելով 40 հայ որբ, հայոց պատրիարքէն խնդրած է թոյլ տալ ստանձնել անոնց խնամատարութիւնը: Կայսեր ջանքերուն շնորհիւ յետագային երեխաները երաժշտական կրթութիւն կը ստանան եւ հանդէս կու գան կայսերական փողային նուագախումբին մէջ, զոր ղեկավարած է Եթովպիոյ ազգային օրհներգի հեղինակ Գէորգ Նալպանտեանը:
Եթովպիոյ մէջ հայկական համայնքը իր ծաղկման գագաթնակէտին հասած է 1960 թուականին, երբ հայերու թիւը հասած է 1200-ի: 1974-ին Ռազ Թաֆարիի գահընկէցութեան եւ ընկերվարական Եթովպիոյ ժամանակաւոր զինուորական կառավարութեան հաստատումով երկրին մէջ սկսած են ճնշումներ գործադրուիլ, ուստի հայերու մեծ մասը սկսած է լքել Եթովպիան եւ հաստատուելու համար հիմնականօրէն Եւրոպայի եւ Հիւսիսային Ամերիկայի մէջ:
Այժմ հայկական համայնքը մօտ 100 հոգի է, մեծաւ մասամբ տարեցներէ բաղկացած: Բացի այդ, երկրին մէջ կը գործէ հայկական ընկերային ակումբ մը, ուր կը հիւրասիրուին հայկական աւանդական ճաշատեսակներ: