Ն.Է.Ն.
………………
«Աղօթող Ձեռքերը», ծանօթ նաեւ «Առաքեալի մը ձեռքերու ուսումնասիրութիւն» անունով (Study of the Hands of an Apostle), գերմանացի գեղանկարիչ եւ տեսաբան Ալպրեխթ Տիւրերի՝ գրիչով եւ մելանով կատարուած գծագրութիւն մըն է։ Այս աշխատանքը այսօր կը պահուի Աւստրիոյ մայրաքաղաք Վիեննայի Ալպերթինա թանգարանին մէջ։
15-րդ դարուն գերմանական գիւղի մը մէջ կ’ապրէր ընտանիք մը, որ ունէր 18 երեխայ: Ընտանիքի հայրը ստիպուած էր ոսկիի հանքերու մէջ աշխատիլ օրական 18 ժամ՝ ապրելու միջոցներ հայթայթելու համար:
Հակառակ ծայրայեղ աղքատութեան՝ ընտանիքին երկու զաւակները կը համարձակին երազել, եւ անոնց երազանքը մէկն էր. երկուքն ալ կը փափաքէին նկարիչ դառնալ:
Անոնք շատ լաւ կը հասկնային, որ իրենց հայրը երբեք պիտի չկարողանայ միջոցներ տրամադրել անոնցմէ գէթ մէկուն` Գեղարուեստական ակադեմիոյ մէջ ուսանելու համար: Բազում անքուն գիշերներ կ’անցնեն եղբայրները՝ շշնջալով վերմակի տակ եւ վերջապէս ելք կը գտնեն: Կ’որոշեն մետաղադրամ նետել: Պարտուողը պէտք է երթար աշխատելու հանքերու մէջ եւ վճարելու յաղթողի ուսման վարձը: Իսկ երբ առաջինը իր ուսումը աւարտէր, պէտք է ապահովէր երկրորդին ուսման ծախսերը՝ իր աշխատանքներուն դիմաց ստացուած գումարներէն:
Կիրակի օր մը՝ եկեղեցիէն դուրս գալէ անմիջապէս ետք, անոնք կը գործադրեն իրենց որոշումը: Ալպրեխթ Տիւրեր կրտսերը կը յաղթէ, եւ կը մեկնի Նիւրենպըրկ՝ ուսում առնելու: Եղբայրը՝ Ալպերթ Տիւրեր, կ’երթայ աշխատելու հանքին մէջ, ուր անոր կը սպասէր վտանգաւոր եւ տաժանակիր աշխատանք: Ան կ’աշխատի չորս տարի՝ եղբօր երազանքը իրականացնելու համար:
Ուսման առաջին իսկ օրէն, Ալպրեխթ կը դառնայ ամենատաղանդաւոր աշակերտը ամբողջ ակադեմիոյ մէջ: Իւղաներկով կատարուած անոր կտաւները կը գերազանցէին ի՛ր իսկ դասախօսներու աշխատանքները, եւ ակադեմիան աւարտելէն յետոյ ան արդէն կը սկսի բաւականին մեծ գումարներ վաստկիլ՝ վաճառելով իր նկարները:
Երբ երիտասարդ նկարիչը տուն կը վերադառնայ, Տիւրերներու ընտանիքը մեծ խնճոյք կը կազմակերպէ անոր ի պատիւ: Ընտանեկան խնջոյքի աւարտին, Ալպրեխթ ոտքի կ’ելլէ եւ շնորհակալութիւն կը յայտնէ իր սիրելի եղբօրը, որ իրեն համար զոհաբերած էր սեփական տաղանդն ու ժամանակը: Ան կ’աւարտէ իր խօսքերը այսպէս.
– Եւ հիմա, Ալպե՛րթ, ի՛մ եղբայր, հասած է կարգդ: Այժմ դուն կրնաս մեկնիլ Նիւրնպըրկ եւ իրականացնել երազդ, իսկ ես հոգ կը տանիմ այդ մասին:
Բոլորին հայեացքները կ’ուղղուին Ալպերթին: Արցունքոտ աչքերով ան կը ճօճէ գլուխը՝ ըսելով.
– Ո՛չ, եղբա՛յրս, ես չեմ կրնար երթալ Նիւրենպըրկ, չափազանց ուշ է ինծի համար: Այս չորս տարիներուն հանքերու մէջ աշխատելէ յետոյ ձեռքերս այլեւս առաջուանը չեն: Ամէն մատս գոնէ մէկ անգամ կոտրուած է, աջ ձեռքիս յօդացաւը այնքան սուր է, որ ես մեծ դժուարութեամբ կրնամ նոյնիսկ գաւաթը պահել ձեռքս… Իմ մատները այլեւս չեն կրնար նկարիչի նուրբ աշխատանքը կատարել, չեմ կրնար ձեռքիս մատիտ պահել: Ո՛չ, եղբա՛յրս, չափազանց ուշ է ինծի համար…
Այդ օրուընէ անցած է 450 տարի: Այսօր Ալպրեխթ Տիւրերի նկարները կարելի է տեսնել համայն աշխարհի թանգարաններու մէջ, սակայն անոնց մէջ կայ կտաւ մը, որ յայտնի է շատերուն, բայց ոչ բոլորը գիտեն, թէ իրականութեան մէջ ինչ արժէք ունէր ատիկա հեղինակին համար: Այդ կտաւին վրայ, ի յիշատակ եղբօր կատարած զոհաբերութեան եւ անոր ի պատիւ, Ալպրեխթ Տիւրեր պատկերած է ծանր աշխատանքէն տանջուած ձեռքերը, որոնց մատները ուղղուած են դէպի երկինք:
Այդ հիասքանչ նկարը ան անուանած է «Ձեռքեր», սակայն մարդիկ վերանուանած են զայն «Աղօթող ձեռքեր»: Ահա եւ «Ձեռքեր»ու՝ եղբայրական սիրոյ եւ զոհաբերութեան գեղեցիկ պատմութիւնը: