ՎԱՐԴԱՆԻ ՆՄԱՆ ԸԼԼԱԼ ՍՈՒՐԲ ԵՒ ՔԱՋ ԵՐԹԱԼՈՒ ՀԱՄԱՐ ՄԻՇՏ ՅԱՌԱՋ

ՎԱՐԴԱՆԻ ՆՄԱՆ            ԸԼԼԱԼ ՍՈՒՐԲ ԵՒ ՔԱՋ  ԵՐԹԱԼՈՒ ՀԱՄԱՐ ՄԻՇՏ ՅԱՌԱՋ

Ս.Կ.

…………………………..

Աշխարհի մէջ կան մօտաւորապէս մէկ միլիառ ութը միլիոն երիտասարդներ, որոնց տարիքը 16-էն 29-ի միջեւ է, այսինքն՝ համայն մարդկութեան թիւին քառորդէն պակաս։ Անոնց վիճակները կը տարուբերին մէկ երկրէն միւսին միջեւ։ Երկրի մը մէջ անոնք բնակչութեան 30 առ հարիւրը կը կազմեն, ուրիշ երկրի մը մէջ 15 առ հարիւրը կամ նուազ։ Իսկ ուսանելու կարելիութիւնը, առողջապահական ծառայութիւնները, մշակութային հարստութիւնները եւ մասնակցութիւնը ազգային, ընկերային ու քաղաքական կեանքերուն կը տարբերին շատ յստակօրէն մէկ քաղաքէն միւսը։ Նոյնիսկ երբեմն միեւնոյն քաղաքին մէջ կը տեսնենք վիճակներու մեծ տարբերութիւններ։ Հայ երիտասարդը եւս, մաս կազմելով այս մէկ միլիառ ութը միլիոնին, միեւնոյն ովկիանոսին մէջ կը տարուբերի։

Տարուէ տարի, օրէ օր, մարտահրաւէրներն ու դժուարութիւնները հետզհետէ կը կրկնապատկուին, ու աւելիով կ’արգելակեն ընթացքը իւրաքանչիւր երիտասարդի որ կը ձգտի լաւագոյնին։ Փաստօրէն՝ մէկ կողմէն նոր սերունդներու փափաքն ու ցանկութիւնը իմաստաւորելու իրենց կեանքը, եւ միւս կողմէն՝ ընկերային, տնտեսական ու քաղաքական մտավախութիւնը, անհաւասարութիւնն ու ձախող ծրագիրները, պատերազմներն ու ազատութեան բացակայութիւնը, երիտասարդութիւնը կը մղեն ընդվզելու, շեղելու իրենց սկզբունքներէն, գաղթելու ու մինչեւ իսկ զիջելու իրենց ինքնութենէն. անոնք կ’աղքատանան, կը մեկուսանան, ու թուլութեան կը մատնուին։

Աշխարհայնացումը մեծապէս ազդած է երիտասարդներուն վրայ. անոնք կը ցանկան աւելիով ընդարձակել իրենց ազատութեան եւ անհատականութեան սահմանները։ Չեն ուզեր բաւականանալ մէկ ինքնութեամբ, կամ մէկ համոզումով եւ նոյնիսկ հաւատքով. կը նախընտրեն որդեգրել ամէն բան որ իրենց «գեղեցիկ» կը թուի։ Օրինակի համար, հայ երիտասարդին համար այլեւս «Հայ» ըլլալը բաւարար չէ, հայերէն լեզուն ու մշակոյթը առաջնահերթութիւններ ըլլալէ դադրած են, «Քրիստոնեայ» ըլլալը հրատապ պայմաններու վերապահուած է։ Արդի հաղորդամիջոցներու ու արհեստագիտութեան միջոցաւ եւ պատճառաւ, անոնք կ’ուզեն դուրս գալ իրենց միջավայրէն, իրենց տուներէն, իրենց ինքնութենէն, ապաստանելու համար ուրիշ տան մը մէջ, ուրիշ միջավայրի մէջ։

Այս բոլորը իրենց ժխտական անդրադարձը կ’ունենան նաեւ երիտասարդներուն կրօնական ու եկեղեցական կեանքին մէջ։ Խրամատ մը կը ստեղծուի իրենց ու հաւատքին միջեւ։ Հետզհետէ անոնք կ’որդեգրեն տարբեր տեսակի գաղափառներ ու տարակարծիքներ, կ’ունենան համոզումներ, որոնք զիրենք կը շեղեցնեն էականէն, իրենց հաւատքէն, քրիստոնէութենէն։ Երիտասարդին մօտ կը ստեղծուի տկար ու տհաս հասկացողութիւն մը եկեղեցւոյ եւ հաւատքին մասին, որով ան կը սկսի հեռանալ եկեղեցական կեանքէն, զայն չնկատելով ճշմարտութիւն մը։ Կ’ուզէ հաւատքը ապրիլ առանց եկեղեցի յաճախելու, որուն հետեւանքով կը շփոթի ու կը կորսուի տարբեր հոսանքներու մէջ, զանոնք նկատելով ճշմարտութիւններ։ Կը յաւակնի ըլլալ օրէնսգէտ ու բարոյագէտ, քան հաւատացեալ։ Մշտական տագնապ կ’ապրի ժամանակին հետ, ոչ մէկ բան ընելու ժամանակ ունի, որովհետեւ իր կեանքը այլեւս իրեն չի պատկանիր։ Աշխարհը, որ գիտական ու կրօնական փոփոխութիւններու մէջ կը տարուբերի, զինք կը մղէ ըլլալու մերժողական, անտարբեր, անպատասխանատու եւ փոփոխամիտ։ Ան կարող չէ որոշում տալու կամ կարծիք յայտնելու, եւ որովհետեւ այս անկարողութեան մէջ կը գտնուի, կ’որդեգրէ ամէն բան որ իր շուրջ կը գտնուի, կը հաւատայ ամէն բանի, այլեւս անկարող կը դառնայ զանազանելու հաւատքը փիլիսոփայութենէն, գիտութենէն ու մշակոյթէն։ Եւ այս բոլորին մէջ, դժբախտաբար, ծնողք կը մնան յաճախ բացակայ, եւ երբեմն նոյնիսկ արգելք՝ հաւատքին ու եկեղեցւոյ մօտենալու, աւելին՝ ընկերութիւնը կը դրդէ զիրենք հալածելու Եկեղեցին եւ եկեղեցականները, որոնք դժբախտաբար միշտ դատապարտուած կը մնան։

Բոլոր այս իրադարձութիւններուն ու մարտահրաւէրներուն դիմաց, Եկեղեցին կը գործէ, ինչպէս Աստուած կը գործէ։ Աստուծոյ ծրագիրն է յայտնել ու յայտարարել Աւետարանի ուրախութիւնը ամէնուրեք. «Ձեզի կ’ըսեմ այս բաները որպէսզի ուրախութիւնս մնայ ձեր մէջ, եւ ձեր ուրախութիւնը ըլլայ կատարեալ»։ Եկեղեցին միշտ որոնած է միջոցը որով կրնայ ընկերանալ երիտասարդին, որպէսզի ճանչնայ զինք, եւ ընդունի զայն որպէս սիրոյ եւ կեանքի նշան։ Ինչպէս նաեւ միշտ պահանջած է երիտասարդին օժանդակութիւնը արդի միջոցներով յայտարարելու բարի լուրը։ Պենեդիկտոս ԺԶ. Սրբազան Քահանայապետը Լիբանան իր այցելութեան ընթացքին հետեւեալ խօսքը ուղղեց երիտասարդներուն. «Դուք յատուկ տեղ ունիք իմ սրտիս մէջ եւ Եկեղեցւոյ մէջ, որովհետեւ Եկեղեցին միշտ երիտասարդ է: Եկեղեցին ձեր վրայ կը վստահի: Եղէ՛ք երիտասարդներ Եկեղեցւոյ մէջ եւ Եկեղեցւոյ հետ: Եկեղեցին պէտք ունի ձեր ստեղծագործութեան»:

Որպէսզի երիտասարդը կարողանայ ճանչնալ Քրիստոսը ու Եկեղեցին, ճանչնալ իր կեանքին իմաստն ու նպատակը, ճանչնալ անձերը որոնց կը հանդիպի, ինչպէս նաեւ որպէսզի կարենայ հասկնալ ու ընտրել, կանչուած է ապրելու իր հաւատքը, ըլլալով Եկեղեցւոյ մէջ, Եկեղեցւոյ հետ եւ Եկեղեցւոյ համար։ Ինչպէս որ Եկեղեցին պէտք ունի երիտասարդին, երիտասարդը պէտք ունի Եկեղեցւոյ։ Այսպէս ապրեցաւ ու գործեց Վարդան, որ հակառակ բոլոր մարտահրաւէրներուն, ան մղեց Աւարայրի ճակատամարտը իր հաւատքը վեհ պահելու համար։

451-ի ճակատամարտով, Վարդան, իր քրիստոսասիրութեամբ ու հայրենասիրութեամբ, դարձաւ օրինակելի տիպար մը իւրաքանչիւր հայ երիտասարդին։ Վահան Թէքէեան իր «Խորհուրդ Վարդանանց» գրութեան մէջ կ’ըսէ. «Դարերը կ’անցնին, բայց Վարդանը սուրբ, բայց Վարդանը քաջ, կ’երթայ միշտ յառաջ»։ Բանաստեղծը այս խօսքով երկու առաքինութիւններով կը պարգեւատրէ Վարդանը, զինք նկատելով սուրբ եւ քաջ։ Առաւել եւս, զանոնք կը նկատէ մարդուս յառաջ երթալու երկու հիմնական պայմանները։ Իւրաքանչիւր երիտասարդ կը ձգտի յառաջ երթալու իր կեանքին մէջ, կ’ուզէ միշտ յաջողութիւններ արձանագրել, երազներն ու փափաքները իրականացնել։ Վարդան՝ շնորհիւ իր քաջութեան ու սրբութեան, կարողացաւ առանց վախի ու տատանումի, յառաջ երթալ, եւ ան այսօր իւրաքանչիւր հայ երիտասարդին կը սորվեցնէ իր կեանքին մէջ յառաջ երթալու երկու պայմանները։ Քաջութիւնը՝ խոհեմութեան, արդարութեան ու ժուժկալութեան կողքին, կը կազմէ բարոյական չորս առաքինութիւններէն մէկն ու առաջինը, որ կը հրաւիրէ իւրաքանչիւրս դամադրելու, դիմագրաւելու, համբերելու, ընտրելու եւ որոշում տալու։ Իսկ սրբութիւնը, որպէս աստուածային պարգեւ, իւրաքանչիւր մարդ արարածի կեանքին կոչումն է ու նպատակը։ Այո՛, Վարդանը սուրբ էր, Վարդանը քաջ էր, եւ իւրաքանչիւր հայ երիտասարդ Վարդանի նման կանչուած է ըլլալու սուրբ ու քաջ։ Վարդանի սրբութիւնը կայացաւ իր քաջութեան մէջ, եւ իր քաջութիւնն ու արիութիւնը պսակուեցաւ սրբութեամբ։

Այսօր աւելի քան երբեք, կարիքն ունինք Երիտասարդներու, որոնք գիտեն ապրիլ իրենց ինքնութիւնը, գիտեն հաւատարիմ մնալ իրենց ինքնութեան, գիտեն վկայել իրենց ինքնութեան, ու գիտեն նուիրուիլ իրենց ինքնութեան համար։ Կարիքն ունինք երիտասարդներու որոնք կ’ապրին ու կը մեռնին «վասն կրօնից ու հայրենեաց»։

2019-ին հրապարակած իր «Քրիստոս կ’ապրի» Առաքելական Յորդորին մէջ, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը հետեւեալ բառերով սկիզբ կու տայ իր գրութեան. «Քրիստոս, մեր յոյսը, կ’ապրի, եւ Ան այս աշխարհի գեղեցկագոյն երիտասարդութիւնն է։ Ամէն բանի որ կը դպչի կ’երիտասարդանայ, կը նորոգուի, կը լեցուի կեանքով։ Առաջին բառերը զորս կ’ուզեմ ուղղել քրիստոնեայ երիտասարդներէն իւրաքանչիւրին հետեւեալն է. «Ան կ’ապրի եւ կ’ուզէ որ դո՛ւն ալ ապրիս»։ Ան քու մէջդ է, քու հետդ է եւ երբեք քեզ չի լքեր։ Դուն որքան ալ հեռանաս Իրմէ, Յարուցեալը հոս է, քեզ կը կանչէ ու կը սպասէ վերսկսելու համար։ Երբ տխրութիւնը, ատելութիւնը, վախը, կասկածը կամ ձախողութիւնը քեզի ծերանալու զգացում տան, Ան միշտ ներկայ պիտի ըլլայ քեզի ուժ եւ յոյս տալու»։