ՖՐԱՆՉԻՍԿՈՍԻ ՅԵՂԱՇՐՋՈՒՄՆԵՐՈՒ 7 ՏԱՐԻՆԵՐԸ

ՖՐԱՆՉԻՍԿՈՍԻ ՅԵՂԱՇՐՋՈՒՄՆԵՐՈՒ 7 ՏԱՐԻՆԵՐԸ

ՍԱՐԳԻՍ ՆԱՃԱՐԵԱՆ

……………………………..

Անցեալ 13 Դեկտեմբերին իր քահանայ ձեռնադրութեան 50 ամեակը նշելէ չորս օր ետք, Դեկտեմբերի 17-ին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, մկրտութեան անունով Խորխէ Մարիօ Պերկոլիօ, նշեց իր ծննդեան 83-րդ տարեդարձը։ Ամբողջ աշխարհ ջերմ սիրոյ զգացումներով անոր յիշեցուց իր զոյգ ամեակները։ Արդարեւ, անկախ այս առթիւ Սրբազան Քահանայապետին յղուած շնորհաւորութիւններէն, բարեմաղթանքներէն եւ իրեն դիտաւորութեան մատուցուած աղօթքներէն՝ այնպէս ինչպէս ինք կը խնդրէ իր ելոյթներու աւարտին ըսելով՝ «մի մոռնաք ինծի համար աղօթել», երկու իրադարձութիւնները չէին կրնար աննկատ անցնիլ ոչ միայն կաթողիկէ աշխարհին, այլ համայն միջազգային հանրութեան կողմէ եւ առիթ չհանդիսանալ յետադարձ ակնարկով մը անդրադառնալու կեանքին անոր որ հեռաւոր Արժանթինի մայրաքաղաք Պուէնոս Այրէսի աղքատ թաղերու շուրջ երեք միլիոն բնակիչներուն 15 տարի ծառայելէ, անոնց հոգատար հովուութիւնը ընելէ ետք, 13 Մարտ 2013-ին կոչուեցաւ հովուելու մէկ միլիառ եւ երկու հարիւր միլիոն հետեւորդները Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ, դառնալու Սուրբ Պետրոսի 265-րդ յաջորդը։

Անցնող եօթը տարիներու ընթացքին, աշխարհ ականատես վկան եղաւ այս երբեմնի յիսուսեան քահանային կատարած նշանակալից, երբեմն մինչեւ իսկ «յեղափոխական» նկատուած փոփոխութիւններուն Կաթողիկէ Եկեղեցիէն ներս՝ իր հանգամանքին անյարիր թուացող իր գործելաոճով, որուն ակնբախ մէկ յատկանիշը ոչ միայն աւելի քան իր մէկ միլիառ եւ երկու հարիւր միլիոն հետեւորդներուն, այլ բոլոր ժողովուրդներուն հանդէպ ցուցաբերած մօտիկութիւնը եղաւ։ Մօտիկ՝ մանաւանդ աղքատներուն, ընկերութեան լուսանցքայնացուածներուն, լքեալներուն, անտեսուածներուն, անտէրերուն, անարդարութեան զոհերուն, անիրաւուածներուն։ Մօտիկ՝ արդարութեան եւ խաղաղութեան հետամուտ ժողովուրդներուն։ Անոր հեղինակութիւնը աշխարհի «մեծերուն» ուշադրութեան եւ յարգանքին առարկան դարձաւ։ Անոր մարդկայնական մօտեցումները համայն աշխարհը եւ ժողովուրդները յուզող հրատապ հարցերուն՝ նկատուեցան անառարկելի ճշմարտութիւններ։ Ան՝ կոչումով քաղաքական մարդ չըլլալով հանդերձ՝ վարեց մարդկայնականութեան քաղաքականութիւն մը, որ աշխարհի քաղաքական ղեկավարներուն ցոյց տուաւ քաղաքականութիւնը մարդկայնականութեան ծառայեցնելու ճանապարհը։ Ան Սուրբ Աթոռը դարձուց միջազգային բեմի դերակատարներուն ժամադրավայրը. դարձաւ անոնց խրատատուն, ոչ միայն իբրեւ հովուապետ, այլ՝ աշխարհի փոքրագոյն երկրի պետ։ Անկախ քահանայ ձեռնադրութենէն մինչեւ Պապութիւնը իրեն վստահուած պաշտօններէն, Ան քահանայագործեց, մնաց Եկեղեցւոյ սպասաւոր եւ մարդկութեան ծառայ, աւետարանելու կոչուած առաքեալ։

Տիտղոսներն ու պաշտօնները չփոխեցին Խորխէ Մարիօ Պերկոլիօն իբրեւ շատ պարզ ու իր հօտէն սիրուած հովիւ ճանչցնող յատկանիշերը։ Այդ տիտղոսներուն եւ պաշտօններուն առաջինը եղաւ եպիսկոպոսական աստիճանը, զոր ստացաւ 27 Յունիս 1992-ին կարդինալ Անթոնիօ Քուառասինոյի ձեռամբ։ Զինք ճանչցողներուն վկայութեամբ, իր եպիսկոպոսական հովուութեան տասնհինգ տարիներու ընթացքին երբեք հանգիստ չի նստեցաւ իր գրասենեակի ետին. շարունակեց, տեւապէս, մեթրոյով կամ օթոպիւսով այցելել իր թեմին բոլոր շրջանները՝ իբրեւ աւելի քան երեք միլիոն հաւատացեալ հաշուող իր հօտին ուշադիր հովիւ։ «Իմ մարդիկս աղքատ են եւ ես իրենցմէ մէկն եմ» յաճախ ըսած է ան բացատրելու համար հասարակ տան մը մէջ բնակելու եւ իր ճաշերը անձամբ պատրաստելու իր սովորութիւնը, որով զինք ճգնաւորի մը կը նմանցնէին։ Աղքատավարի այս ապրելակերպը կը նկատուի արդիւնքը իր յիսուսեան վարքին, ինչպէս նաեւ ընտանիքին մէջ եւ Արժանթինի իր թեմէն ներս ապրած փորձառութեան ժառանգութեան։

Իրեն օգնական վարդապետներուն միշտ թելադրած է ըլլալ ողորմած, ցուցաբերել առաքելական քաջութիւն եւ իրենց դռները բաց պահել բոլորին առջեւ։ Հրաւիրած է վարդապետները եւ աշխարհականները աշխատելու միասին։ Իսկ երբ 21 Փետրուար 2001-ի Կրօնական Ժողովին, Յովհաննէս Պօղոս Բ. զինք կարդինալական աստիճանին կը կոչէ, Պերկոլիօ եպիսկոպոսը իր թեմի հաւատացեալներուն կոչ կ’ընէ Հռոմ չգալու զինք շնորհաւորելու եւ կարդինալ նշանակումը նշելու համար, փոխարէն՝ այդ ճամբորդութեան գումարը յատկացնելու աղքատներուն։

Յայտնապէս մինչեւ զինք Պետրոսի Գահին վրայ բազմեցնող՝ Ֆրանչիսկոս Պապ անուամբ ընտրութիւնը ստացած բարձրաստիճան եկեղեցական կարգերը, իրեն վստահուած պատասխանատուութիւնները, աւելին՝ փիլիսոփայութեան, գրականութեան, հոգեբանութեան, աստուածաբանութեան տոքթորաները պիտի չփոխէին Խորխէ Մարիօ Պերկոլիօ քահանային վարքն ու նկարագրի գիծերը։ Ընդհակառակը, այդ բոլորին գումարը պիտի հանդիսանար երկնառաք յաւելեալ միջոց մը համաշխարհային ընկերութեան ծառայութեան մէջ դնելու զանոնք։։

Փոխանակ Պապերուն յատուկ կանոնակարգին անառարկելիօրէն համակերպելու, Ֆրանչիսկոս պարզացուց պապական ապրելակարգը եւ արարողակարգը՝ հաստատուելով յարաբերաբար համեստ բնակարանի մը մէջ եւ ժողովուրդին համար դառնալով մատչելի։ Անոր՝ պապական կարգին համար անսովոր այս պարզունակ, խոնարհ եւ անպաճոյճ կենսակերպը եւ մասնաւորաբար իր իրազեկութիւնը եւ ցուցաբերած մօտիկութիւնը իրեն ունկնդիր ժողովուրդը տագնապեցնող եւ իւրաքանչիւրի խիղճը յուզող հարցերուն, արժանացան համայն աշխարհի հիանալից ու գորովալից գնահատանքին, բայց երբեք չանդրադարձան անոր աւետարանելու կոչումին վրայ, զինք մազաչափ մը անգամ չշեղեցուցին իր առաքելական պարտաւորութիւններէն, չի նշանակեցին պահպանողականութեան թուլացում կամ նահանջ եկեղեցւոյ պահպանողական դիրքերէն։ Արդարեւ, անոր արտասանած խօսքերուն եւ կատարած վկայութիւններուն ու մեկնութիւններուն ուշադիր հետեւողները, անոր հռետորական եւ ճարտասանական հրապարակային ելոյթներուն եւ քարոզներուն ընդմէջէն նկատած պիտի ըլլան վիճակներուն անդրադառնալու եւ հարցերը արծարծելու ոճին ներքեւ պահուած անոր հաւատարմութիւնը Աւետարանի ուսուցումներուն ու պատուէրներուն, եկեղեցւոյ ցուցմունքներուն ու աւանդութիւններուն, քրիստոնէական բարոյականին եւ վարքուբարքին, որոնց քարոզիչը եղաւ այնպիսի հմտութեամբ մը որ չէր կրնար չտպաւորել ունկնդիրը, չխթանել անոր ջերմեռանդութիւնը։ Տարբեր չէր կրնար ըլլալ Յիսուսեան միաբանը որուն ամէնէն երեւելի ներկայացուցիչը եղաւ ան։ Ցուցանշական է Յիսուսեան Միաբանութեան IHS խորհրդանշանին ներկցումը իր եպիսկոպոսական կնքանշանին։

Հայաստան եւ համայն Հայութիւնը գնահատանքով եւ երախտագիտութեամբ պէտք է յիշատակեն Յիսուսեան Միաբանութիւնը, որուն հայասիրութեան բազմաթիւ ապացոյցները արձանագրած է պատմութիւնը, եւ առաջին յիսուսեան Պապը՝ Ֆրանչիսկոս, որ Հայ ժողովուրդին հանդէպ իր սիրոյն եւ համարումին վկայութիւնը տուած է բազմաթիւ առիթներով, վերջինը՝ 2015-ի Ապրիլին, Հռոմի Սուրբ Պետրոսի Տաճարին մէջ մատուցանած մեծաշուք Սուրբ Պատարագի ընթացքին արտասանած խօսքին մէջ ցուցաբերած անվեհեր կեցուածքով՝ վերահաստատելով Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումը Սուրբ Աթոռին կողմէ եւ այդ ճանաչումը կատարելու կոչ ընելով միջազգային ընտանիքին։

Իր ծննդեան 80 ամեակին առիթով Ֆրանչիսկոս խումբ մը կարդինալներու ըսած էր. «Սարսափելի է ծերութիւն բառը երբ միտքս կու գայ։ Աղօթեցէ՛ք որպէսզի իմ ծերութիւնս ըլլայ հանդարտ, կրօնական, բեղմնաւոր եւ նոյնիսկ ուրախ»։

Այդ աղօթքին անպայման կը միանայ Հայութիւնը։