Հինգշաբթի, 13 Փետրուար 2020-ին, Սուրիոյ խորհրդարանը միաձայնութեամբ ճանչցաւ եւ դատապարտեց 20-րդ դարու ամէնէն ահաւոր իրադարձութիւններէն մէկը` ողջ մարդկութեան դէմ իրականացուած յանցագործութիւնը նկատուող 1,5 միլիոն հայերու Ցեղասպանութիւնը Օսմանեան կայսրութեան կողմէ: Ցեղասպանութեան ճանաչման բանաձեւի նախագիծին հեղինակն է «Սուրիա-Հայաստան բարեկամական խորհրդարանական յանձնաժողով»-ը, զոր կը նախագահէ Սուրիոյ խորհրդարանի երեսփոխան դոկտ. Նորա Արիսեան:
Ստորեւ՝ Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութեան յայտարարութիւնը` Սուրիոյ խորհրդարանին կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման եւ դատապարտման վերաբերեալ բանաձեւին մասին:
«Սուրիոյ խորհրդարանին կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման եւ դատապարտման վերաբերեալ բանաձեւը վառ վկայութիւնն է հայ եւ սուրիացի ժողովուրդներու դարաւոր բարեկամութեան եւ փոխադարձ համակրանքին: Անիկա ծանրակշիռ աւանդ է պատմական արդարութեան վերականգնման եւ ցեղասպանութիւններու կանխարգիլման համար։
«Բարձր կը գնահատենք Սուրիոյ խորհրդարանի` Օսմանեան պետութեան կողմէ իրականացուած Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման եւ դատապարտման վերաբերեալ բանաձեւին ընդունումը:
«Երիտ.թրքական կառավարութեան կողմէ սանձազերծուած ցեղասպանութիւնը, որուն զգալի մէկ հատուածը իրականացած է այն ատեն Օսմանեան կայսրութեան տիրապետութեան տակ գտնուող Սուրիոյ տարածքին, հայ եւ սուրիացի ժողովուրդներու ընդհանուր պատմական յիշողութեան մաս կը կազմէ:
«Սուրիացի ժողովուրդը` ականատեսը ըլլալով հայ ժողովուրդին նկատմամբ իրականացած եղեռնագործութեան, առաջիններէն էր, որ օգնութեան ձեռք երկարեց Ցեղասպանութեան զոհերուն: Հազարաւոր վերապրածներ Սուրիոյ մէջ վերագտան իրենց նոր հայրենիքը` կազմաւորելով հայ ամէնէն ծաղկուն համայնքներէն մէկը եւ իրենց ներդրումը ունեցան Սուրիոյ զարգացման գործին մէջ:
«Այսօր, երբ դժուար պայմաններու մէջ կ’ապրի Սուրիոյ ժողովուրդը, մենք մեր համերաշխութիւնը եւ զօրակցութիւնը կը յայտնենք առկայ մարտահրաւէրներու յաղթահարման գործին»։