Ս. ՆԱՃԱՐԵԱՆ
………………………..
Եւ վերջապէս մենք պիտի վերանայենք հերոսութեան քրիստոնէական կերպը։ Դարեր շարունակ մենք՝ որպէս հերոսութեան միակ կերպ ընկալել ենք քրիստոնէութեան կերպը. «Յաղթել մեռնելով»։ Մեռնելով յաղթեց Քրիստոսը, մեռնելով յաղթեցինք մենք Աւարայրում, մեռնելով յաղթեցինք Սարդարապատում, բարոյական յաղթանակ տարանք։ Հայ ժողովրդի նման մի խելոք ժողովուրդ, չի՛ կարող չմտածել ու ելք չգտնել թէ ինչպէս անենք որ յաղթենք՝ ապրելո՛վ, որ աւելի կարեւոր է մեզ համար։ Եկել է ժամանակը, որ հայ ժողովուրդն ապրի յաղթելով»։
ԳԷՈՐԳ ԷՄԻՆ
Հակառակ անոր որ ամէն տարի միայն մէկ օր հանդիսաւոր կերպով կը յիշատակենք պատմական դրուագ մը՝ զոր յաճախ փորձած ենք վերլուծել հակասական ըմբռնումներով ու գաղափարներով, բայց միշտ ուզած ենք այդ դրուագին մէջ տեսնել մեր գոյերթին խորհուրդը եւ մեր զաւակներուն սորվեցնել այդ դրուագին առասպելատիպ հերոսը պաշտամունքի առարկայ դարձնել։ Ասիկա կատարած ենք յաճախ սովորամոլութեամբ, ազգային բնազդով, թելադրուած մեր վաղ մանկութենէն մեր հոգիներուն մէջ դրոշմուած եւ սակայն մեր մանկական միտքերուն համար դեռ եւս անհասկնալի այն ուսուցումէն, որ Հայոց Պատմութեամբ նուիրագործուած այդ դրուագին հերոսները գիտակից մահուամբ մահը յաղթահարեցին, մահուամբ յաւերժութեան ուղեգիր տուին իրենց ազգին, մահուամբ նուաճեցին մեր ազգային ինքնութիւնը, ազգային ինքնորոշման իրաւունքը։ Եւ վերջապէս, մահուամբ Հայը դարձուցին հոմանիշ քրիստոնեայի, իսկ Քրիստոնէութիւնը՝ սազական Հայուն։ Որովհետեւ մեռան, վասն Կրօնի եւ Հայրենեաց։ Զոյգ ինքնութիւններ ու պատկանելիութիւն մէկ դիմագիծի մէջ, դաւանանքային բարեմասնութիւններն ու ազգային արժանիքները հոյակապօրէն միաձուլող մէկ մարմնի մէջ, Հայութեան մէջ։
Ահա այսպիսի զոյգ պատկանելիութեամբ շաղախուած էութեամբ է որ ամէն Հայ վաղ մանկութենէն ինքզինք կը մկրտէ թոռը Քաջն Վարդանի։
Ծերունազարդ տատիկին ու պապիկին շունչով ու արեան ձայնով թելադրուած այս ինքնամկրտումը կը կատարէ մէն մի հայ յետ քրիստոնէական աւազանի մկրտութեան, սակայն նախքան քաղաքական, գաղափարական, կուսակցական, միութենական կամ ընկերային որեւէ գունաւորումը։ Այս բոլորէն առաջ եւ վեր, Հայ մանուկը ինքզինք կը դաւանի – եւ ի՜նչ հպարտութեամբ – շառաւիղը Քաջն Վարդանի, բարբառելով.– «Հայ եմ, քաջն Վարդանի թոռն եմ»։
Վաղ մանկութենէն կատարուած եւ անմեղունակ թուող այս տարազաւորումը, տարիներու թաւալումին հետ կը դառնայ ազգային գիտակից յանձնառութիւն, ճշմարիտ հայու ապրում, փարո՛ս մտքի եւ ներշնչման աղբիւր հոգիի։
Ո՛չ մէկ պատմագիտական վերլուծում կրնայ խախտել Հայոց Պատմութեան հերոսներու արժանիքները սոսկ դէմքի մը մէջ տեսնելու ժողովրդական այս միտումը։
Ո՛չ մէկ ակադեմական գնահատական կրնայ բան մը պակսեցնել կամ աւելցընել ժողովրդային աւելի քան 1500 ամեայ այս նուիրագործումին վրայ, նուիրագործումը իրադարձութեան մը, որ կը խորհրդանշէ իր հաւատքին, հողին ու ազգային-մշակութային ժառանգութեան կառչած ժողովուրդի մը յատկանիշները խտացնող դարաթափանց վկայութիւն մը։
Ո՛չ մէկ քաղաքական-դիւանագիտական բացատրութիւն կրնայ անշքացնել եղելութիւն մը՝ որ ժողովուրդի մը ազգային զգացումներն ու ապրումները խեղդելու, անոր ազատութեան տենչը զինու զօրութեամբ արգելակելու փորձի դէմ արդար ծառացումի արդիւնք է։
Յաճախ անզօր են պատմական իրադարձութիւններուն առարկայական վերլուծումներն ու մօտեցումները՝ ժողովրդային գնահատութեան ու համայնական դատավճիռին դիմաց, մանաւանդ երբ այդ իրադարձութիւնները, ազգային ուժն ու գիտակցութիւնը կշռաքարի զարնելու, ազգակործան վտանգին դիմաց հաւաքականութիւններու եւ զանոնք բաղկացնող անհատներուն հոգեկան արիութիւնն ու դիմադրականութիւնը կշռաչափելու առիթներ են։
Ինչո՞ւ իւրաքանչիւր հայորդիի մտքին ու հոգիին մէջ վաղ մանկութենէն իսկ այդ դէպքն ու դէմքը դրոշմելու յամառ ճիգը։
Որովհետեւ Վարդանանք ու Ղեւոնդեանք ցոյց տուին քրիստոնէական հաւատքով ու խղճի ազատութեամբ զօրացած, հանճարեղ Մաշտոցի լուսասփիւռ Գիւտով ամրախարիսխ, քաղաքակրթական ու բարոյական բարձր արժէքներով հարթուած ազգային գոյատեւման ուղին։
Որովհետեւ դարեր շարունակ մեր ժողովուրդը անոնց մէջ տեսաւ իր ազգային ձգտումներուն խորհրդանիշը։
Որովհետեւ Կրօնքի ու Հայրենիքի միաձոյլ վսեմ գաղափարականները կրցան այնքան քաջ, այնքան աներկիւղ ու այնքան յանդուգն դարձնել 66,000 ազատամարտիկները Աւարայրի դաշտին, որ անոնք՝ իրենց հաւատքը զրահ դարձուցած ու ազգութիւնը՝ սուր, դիմակալեցին բազմապատիկ գերազանց պարսից բանակը, գիտակից մահով անմահանալու համար։
Որովհետեւ իւրաքանչիւր սերունդ նկատեց, թէ Հայուն համար վերջ չէ գտած Աւարայրի ճակատամարտը, կը գոյատեւէ մեր հոգեկան ու իմացական ինքնատպութիւնը վերացնելու, մեզ իրաւազրկելու ու ազատազրկելու վտանգը եւ ուրեմն պէ՛տք է սերունդէ-սերունդ փոխանցուի, ապրի՛ Վարդանանց զոհաբերութեան խորհուրդը, հաւատքի ուժը, ազգային արդար ինքնասիրութեան ոգին եւ զօրանայ անոնց հաւատարիմ մնալու մեր Ուխտը։
Այդ հաւատարմութեան վկայութիւնը կը հանդիսանան Վարդանանց համաժողովրդային տօնակատարութիւնները ամէն տարի այս օրերուն։
Վարդանանց Կտակը՝ Վասն Կրօնի եւ Հայրենեաց, խտացումն է բազմաթիւ պատգամներու ուղղուած իւրաքանչիւր թոռան Վարդանի եւ իւրաքանչիւրի ընդմէջէն համայն ազգին հայոց։
Այդ պատգամներէն առաջինը բոլորիս, բայց մանաւանդ մեզ ղեկավարելու կոչուած աւագանիի բերնին մէջ այնքա՜ն յանկերգուող միասնականութիւնն է. պատգամ մը, որ կը բխի չորրորդ դարու վերջաւորութենէն մինչեւ Աւարայրի ճակատամարտը երկարող ժամանակահատուածին յայտնուած մէկ ժխտական իրականութենէն՝ որ մեր աշխարհական ու հոգեւոր իշխանաւորներու պառակտուած վիճակը, անմիաբանութիւնն էր եւ որ տկարացուց մեր հաւաքական կամքի ուժը։
Եթէ համայնակուլ վտանգը կրցաւ ոտքի կանգնեցնել ամբողջական հայութիւնը իր ռազմուժով, կղերով, իշխանատուներով ու շինականով, մեծով ու պզտիկով, համախոհութեան պակասը սակայն անգամ մը եւս եկաւ տկարացնելու զայն։ Ո՛չ մէկ արդարացում ղեկավարութեան կամ շարքայինի՝ Ազգին միասնականութիւնը խախտող ընթացքին կամ կեցուածքին՝ երբ խնդրոյ առարկայ են մանաւանդ ազգային գոյութեան երաշխիք ծառայող իրաւունքները, երբ միասնականութիւնը ինքնի՛ն երաշխիք է ու նախապայման յաջողութեան ու յաղթանակի։
Արդարեւ, ընդոծին բարեմասնութիւնները շատ բան կը կորսնցնեն իրենց ուժականութենէն, եթէ անոնք իրենց արտայայտութիւնը չգտնեն ազգային միասնական կամքին մէջ։ Ազգային միասնականութեան մէջ էր ու կը մնայ մեր անպարտելիութեան գլխաւոր ազդակներէն մէկը, եթէ ոչ գլխաւորագոյնը։ Ազգային միասնականութեա՛մբ միայն կը զօրանայ մեր պահանջատիրութիւնը, անո՛վ միայն կրնանք յաղթահարել մեր յաղթարշաւը արգելակող մարդկային ու տարերային բոլոր չարիքները։ Հայութիւնը պարտութեան մատնելու ի վիճակի եղող թշնամի գոյութիւն չէ ունեցած եւ չունի՛։ Զայն ծունկի բերելու ի վիճակի եղող միակ թշնամին՝ անոր անմիաբանութիւնն է։ Վա՜յ ներքին այս թշնամիի մեղսակիցներուն։ Վայ միասնականութեան կարգախօսը ամբոխավարութիւն դարձուցած չարաշահողներուն։
Վարդանանք ու Վարդանանց Խորհուրդը կը պահանջեն մեզմէ ըլլալ մէկ, ըլլալ մէկ ո՛չ թէ բանիւ, այլ գործքով։ Պատմութենէն սորված ենք որ նահատակութեան ու հերոսացման սքանչելի վկայութեանց դիմաց՝ յաճախ եղած են պառակտումներ, զորս չկրկնել կը թելադրեն մեզի պատմութեան դասերը։
Զուր տեղ չէ որ շարականագիրն անգամ մեզի սորվեցուցած է մեր աղօթքներուն մէջ Տիրոջմէ հայցել «սէր ու միութիւն ազգիս Հայոց»։
Այսպիսի սիրով ու միասնականութեամբ է որ պիտի կարենանք արժեցնել ու արդիւնաւորել Վարդանանց ուրիշ մէկ պատգամը, ազատասիրութեան ու ազատատենչութեան պատգամը, որուն պահպանումը բիւրաւոր նահատակներ խլեց մեզմէ Հայոց պատմութեան նաեւ տարբեր ճակատագրական պահերուն։
Վարդանանք եղան օտարի բռնակալութեան դէմ ծառացող առաջին ազատամարտիկները եւ իրենց կենդանի օրինակով ոգեշնչեցին ժառանգորդ սերունդները դարէ-դար եւ մինչեւ օրս։ Արդարեւ, Վարդանի արժանաւոր թոռներն են որ այսօր արթուն կը հսկեն ազատագրուած Արցախի եւ անկախացած Հայաստանի սահմաններուն վրայ՝ ոսոխին դիմաց, նախընտրելով ի հարկին մահը, քան ազատազրկումը։
Վարդաններու հարազատ ժառանգորդ ազատամարտիկներու այս սերունդը եւ անոր թիկունքին կանգնած հայրենաբնակ մեր ժողովուրդը կը ցուցաբերեն այնպիսի դիմադրականութիւն մը, տոկալու ուժականութիւն մը, որ կը հանդիսանայ մեր ժողովուրդի հինգերորդ դարու սերունդի ու անոր ազատամարտիկներու նահատակութեամբ մեզի կտակուած ուրիշ պատգամ մը. պատգամը՝ տոկալու ամէն դժուարութեան ու զրկանքի, որոնք պայմաններու բերումով կը պարտադրուին մեզի։
Աւարայրի գոյամարտը նուիրագործումն էր նաեւ այնպիսի արժանիքի մը զոր ցուցաբերեցին ոչ միայն Տղմուտի ափին ինկած հազար Նահատակները, այլ 5-րդ դարու հայ մարդը իր բոլոր դասակարգերով։ Ատիկա արժանիքն էր չնահանջելու, տոկալու ու դիմակալելու։
Չնահանջեց իր հաւատքի դիրքերէն հայ շինականը՝ հակառակ անզօր ու անօգնական վիճակին, որուն մատնուեցաւ երբ Յազկերտ հայկական հեծելազօրը իր զօրավարներով ղրկեց Քուշանաց երկիրը, որպէսզի հայաշխարհը անպաշտպան մնայ եւ հեշտութեամբ կատարուի թագաւորին կամքը, որով կը հրահանգուէր յափշտակել քրիստոնեաներու ինչքը եւ ունեցուածքը։
Չնահանջեցին անոնք իրենց բարոյական բարձր արժանիքներէն, երբ պարսից գործակալներ խոստացան կաշառք, ոսկի ու արծաթ՝ աղքատին, պատիւ ու մեծամեծ իշխանութիւններ հարուստին ու նախարարին։
Չնահանջեցին ու տոկացին տնտեսական ճնշումներուն, որոնց տարողութեան մասին լսեցէք անզուգական պատմիչին՝ Եղիշէի վկայութիւնը.– «Տուրքեր նշանակուած էին նոյնիսկ լեռներու, դաշտերու եւ անտառներու վրայ։ Հակառակ ասոր՝ պարսիկները կը զարմանային, թէ ինչպէս տակաւին շէն կը մնար Հայոց Աշխարհը այսքան գանձ տալէ ետք»։
Հալածուեցան, զրկուեցան, տառապեցան տնտեսապէս, եղան հայ ժողովուրդի դիմադրութեան ոգիի առաջին արտայայտիչները, որովհետեւ իրենց մտքէն ու հոգիէն երբեք չհեռացուցին տեսիլքը ազատ ու անկախ Հայաստանին ու ասոր առաջնորդող յաղթանակներու, որոնց առաջին հանգրուանը եղաւ Նուարսակի դաշինքը, Աւարայրի ճակատամարտէն 33 տարի ետք, Վահան Մամիկոնեանի առաջնորդութեամբ։
Մեր պատմութիւնը ամբողջ՝ մեռնիլ չուզող ժողովուրդի մը արժանավայել կեանքով մը ապրելու ձգտումին վկայութիւնը հանդիսացող Վարդանանք մըն է։
Հաւաքական նահատակութիւն «Վասն Կրօնի եւ Հայրենեաց»։
Վարդանանց հերոսամարտը կը շարունակուի նաեւ այսօր մեր ժողովուրդի ազգային գոյութեան բոլոր տղմուտներուն վրայ։ Փոխուած են ժամանակները, պարագաներն ու պայմանները։ Չեն փոխուած միայն մեզ շրջապատող հարեւաններուն չարակամ դիտաւորութիւնները։
Որքան աւելցած է սակայն մեր ազգային գոյութեան սպառնացող վտանգը, այնքան հզօրացած է Հայուն դիմադրական կամքը։ Դժբախտաբար սակայն, այն ինչ որ չեն յաջողած ընել բռնութիւնը, հալածանքն ու տառապանքը, երբեմն առանց դժուարութեան կրցած են ընել դիւրակեաց ու քաղքենիացած կեանքի պայմանները, որոնց որոնումը նահանջի ու դասալքութեան առաջնորդած է մեզմէ շատեր, եսակեդրոն, գաղափարազուրկ ու ապաքաղաքանակացած շատեր. այսպիսիներ անձնական բարեկեցութեան զոհած են իրենց արմատները, փորձելով պատուաստուիլ օտար արեամբ, զոր կը մերժէ հայու իրենց սիրտը, ուշ կամ կանուխ դադրելով բաբախելէ հայ մարդու ապրումներուն կենարար կշռոյթով։
Բարեբախտաբար քիչ չէ թիւը Վարդանի հարազատ ժառանգորդներուն, որոնք Հայաստանը դարձուցած են իրենց սեւեռակէտը, կը դիմադրեն այլասերման բազմատեսակ ճակատներուն վրայ եւ ձեռք կը մեկնեն թշնամիին դիմաց արթուն կանգնած իրենց եղբայրներուն, որոնք ապացոյցը տուին որ իրենց երակներուն մէջ կը հոսի Վարդաններու արիւնը եւ իրե՛նք ալ գիտեն ի հարկին մեռնիլ կեանք պարգեւելու համար իրենց ժողովուրդին, յաղթել՝ մեռնելով։
Ժամանակն է սակայն շրջելու այս իրողութիւնը, այնպէս ինչպէս կը պատգամէ անզուգական Էմինը.– «Դարեր շարունակ – Արա Գեղեցիկէն մինչեւ Աւարայր ու Սարդարապատ – մենք մեռնելով ենք յաղթել, եւ հաւատում ենք որ կարելի՛ է եւ պէ՛տք է այսուհետեւ ՅԱՂԹԵԼ՝ ԱՊՐԵԼՈՎ»։
Եւ պիտի յաղթէ՛ այսուհետեւ Հայը՝ ԱՊՐԵԼՈ՛Վ։
Որովհետեւ Յազկերտներէն ու Սուլթաններէն աւելի բախտաւոր պիտի չըլլան բոլոր անոնք, որոնք կը յուսան կամազրկել, ազատազրկել ու տկարացնել մեզ, այնքան ատեն որ գիտենք պահպանել մեր միասնութիւնը, ըլլալ մէ՛կ, միաբռունցք, վառ պահել մեր մէջ ազատութեան տենչը, հզօրացնել մեր դիմադրականութիւնը եւ առաջնորդուիլ հրեղէն պատգամովը Վարդանի.– «Վասն Կրօնի եւ Հայրենեաց, յառա՛ջ»։