ՎԱՐԴԱՆԱՇՈՒՆՉ ՏՕՆԱՀԱՆԴԷՍ ՍՐԲՈՑ ՎԱՐԴԱՆԱՆՑ ԶՕՐԱՎԱՐԱՑ ՊՈՒՐՃ ՀԱՄՈՒՏԻ ՄԷՋ

ՎԱՐԴԱՆԱՇՈՒՆՉ ՏՕՆԱՀԱՆԴԷՍ ՍՐԲՈՑ ՎԱՐԴԱՆԱՆՑ ԶՕՐԱՎԱՐԱՑ ՊՈՒՐՃ ՀԱՄՈՒՏԻ ՄԷՋ

Նախագահութեամբ Պէյրութի պատրիարքական թեմի օգնական եպիսկոպոս Արհիապատիւ Տ. Գէորգ Եպս. Ասատուրեանի եւ կազմակերպութեամբ Հայ Կաթողիկէ Ս. Փրկիչ եկեղեցւոյ, Չորեքշաբթի, 19 Փետրուար 2020-ի երեկոյեան ժամը 8:00-ին, Պուրճ Համուտի Յովհաննէս Պօղոսեան թատերասրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Տօնահանդէս Սրբոց Վարդանանց Զօրավարաց», պատգամախօսութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի քարոզիչ՝ Հ. Անանիա ծ. վրդ. Գուճանեանի, եւ գեղարուեստական յայտագրին մասնակցութեամբ տուտուկահար՝ Րաֆֆի Չիլինկիրեանի, ջութակահար՝ Խաժակ Խաչատուրեանի եւ Մարինէ Հալլաճեանի, քանոնահար՝ Սալբի Քէօշկէրեանի, կիթառահար՝ Կասիա Էճիտեանի, դաշնամուրի վրայ՝ Ռիթա Գարամանուկեանի, սրինգի՝ Նարեկ Չերչեանի, դպրապետ՝ Գէորգ Պէպէճեանի եւ ասմունքող՝ Քրիսթինա Սրապոնեանի, ինչպէս նաեւ Ս. Փրկիչ եկեղեցւոյ շեփորախումբին։

Ներկայ էին սրբազան, գերյարգելի եւ գերապատիւ հայրեր, ինչպէս նաեւ արժանապատիւ քահանայ հայրեր, Անարատ Յղութեան հայ քոյրեր, դիւանագէտներ, թաղապետներ, վարժարաններու տնօրէններ, հայկական կազմակերպութիւններու եւ միութիւններու ղեկավար ազգայիններ, ինչպէս նաեւ խուռներամ բազմութիւն մը:

Տօնահանդէսը սկիզբ առաւ Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգներով՝ կատարողութեամբ Ս. Փրկիչ Եկեղեցւոյ շեփորախումբին, որմէ ետք Տիկ. Մարալ Հարպոյեան արտասանեց բացման խօսք, որուն յաջորդեց իմաստալից երեկոյին առաջին մասը ուր նուագուեցաւ կոմիտասեան եղանակներու շարան մը՝ ջութակով ու քանոնով, ինչպէս նաեւ ներկաները ունկնդրեցին «Վարդանածին Հայը» ասմունքը՝ կատարողութեամբ Քրիսթինա Սրապոնեանի։

Այնուհետեւ օրուան պատգամը փոխանցելու համար բեմ բարձրացաւ Լիբանանի Հայոց թեմի քարոզիչ՝ Հ. Անանիա ծ. վրդ. Գուճանեան։

Հայր սուրբը՝ այս իւրայատուկ եւ հայկական շունչով լեցուն տօնին առթիւ իր պատգամը փոխանցեց ներկաներուն ըսելով, թէ Հայ ազգը բնաւ երբեք պարտուած չէ պարսիկներէն, այլ ընդհակառակը, ան յաղթած է ոչ թէ միայն բարոյապէս՝ այլ նաեւ ֆիզիքապէս, որովհետեւ այսօր հայը կը գոյատեւէ, ունի իր ազատ ու անկախ երկիրը եւ հողերը, եւ մանաւանդ կը խաչակնքէ ու կ’աղօթէ ամենայն ազատութեամբ. Հայր սուրբը իր խօսքը շարունակեց ըսելով թէ այո մենք պարսիկներուն դէմ մեծ յաղթանակ տարինք զանազան ձեւերով, բայց Հայը այսօր, եւ դժբախտաբար, կը նահանջէ իր Ինքնութեան մէջ՝ երբ կը նախընտրէ օտարինը քան իր հարազատինը՝ որուն մէջ կայ պայքար եւ նահատակութիւն։ Հայր սուրբը իր պատգամը աւարտեց կոչ ընելով ներկաներուն իրենց ինքնութիւնը ուրանալով չնմանիլ եւ չըլլալ մէկական վասակներ, այլ ըլլալ մէկական Հայ՛ Քրիստոնեաներ։

Օրուան պատգամին յաջորդեց տօնահանդէսին երկրորդ բաժինը՝ ուր բեմ բարձրացան չորս երիտասարդ եւ երիտասարդուհիներ որոնք կազմելով քառեակ մը՝ ներկաներուն հրամցուցին երեք եղանակներ՝ «Հիմի էլ լռենք», «Երազ իմ երկիր» եւ «Զարթիր Լաօ» ։ Քառեակի ելոյթէն ետք տեղի ունեցաւ երեք երգերու կատարում՝ «Լռեց ամպերն», «Բամբ Որոտան» եւ Կոմիտասի «Հայաստան»ը եւ տուտուկի կատարողութեամբ հնչեցին երեք եղանակներ « Ծաղկած բալենի», «Արի իմ սոխակ» եւ «Սուրբ Սուրբ»։

Թատերասրահին մթնոլորտը ջերմ էր ու ներկաները տոգորուած էին հայկականութեամբ երբ բեմ բարձրացաւ Տ. Գէորգ Եպս. Ասատուրեան՝ Հայ ազգի որդիներուն փոխանցելու համար իր հայրական պատգամը: Գերապայծառ Տէրը իր խօսքը սկսաւ նախ շնորհակալութիւն յայտնելով Ս. Փրկիչ եկեղեցւոյ ժողովրդապետութեան եւ ինչպէս նաեւ տօնահանդէսի գեղարուեստական յայտագրի մասնակիցներուն, ապա ըսաւ որ այս տօնահանդէսին միջոցաւ ներկաները առիթը ունեցան վերապրելու 451 թուականը:

Գերապայծառ Տէրը իր խօսքը աւարտեց ներկաներուն մաղթելով որ միշտ յանձնառու ըլլան Վարդանանց ճակատամարտի պատգամին՝ պահելով իրենց հաւատքն ու մշակոյթը:

Վարդանաշունչ տօնահանդէսի աւարտին, բեմ բարձրացաւ օրուան պատգամախօս Հայր սուրբը ինչպէս նաեւ կղերական դասը, որպէսզի այս յիշատակելի երեկոն փակեն պատմական լուսանկարով մը:

«ՄԱՀ ՈՉ ԻՄԱՑԵԱԼ՝ՄԱՀ Է

ՄԱՀ ԻՄԱՑԵԱԼ՝ ԱՆՄԱՀՈՒԹԻՒՆ Է»:

ՀԱՅ ԿԱԹՈՂԻԿԷ

Ս. ՓՐԿԻՉ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԺՈՂՈՎՐԴԱՊԵՏՈՒԹԻՒՆ