ՀԱՅՐ ՆԱՐԵԿ ՎՐԴ. ԼՈՒԻՍԵԱՆ
Ժողովրդապետ Քեսապի Ս. Միքայէլ եկեղեցւոյ
Վարդանանք ինկան բայց չմեռան: Անոնց մարմինները անտարակոյս հողին պիտի յանձնուէին օր մը: Սակայն անոնք իմացեալ մահով՝ անմահութեան դափնեկիրները եղան ու պիտի մնան դարէ դար:
Մեզմէ ով չի յիշեր տակաւին իր մանկութեան օրերուն, Վարդանի արժանաւոր թոռը ըլլալու հպա՛րտ արտայայտութիւնը, դողդոջ շրթներով արտասանած: «Հայ եմ ես, հայ եմ ես, սարսափեցէք իմ դէմքէս, Հայաստանը ազատող Քաջ Վարդանին թոռն եմ ես»:
Թէեւ աշխարհի ժողովուրդներու պատմութեան մէջ թիւով փոքր ածու ենք, սակայն ունեցած ենք հերոսական խոյանքներ ու աննկարագրելի սխրագործութիւններ:
Արդարեւ, Հայոց պատմութեան տխուր էջերը կը յուշեն նաե՛ւ պայծա՛ռ ու փառաւոր դրուագներ, որոնք արձանագրուած են հայոց երկնակամարի յաճախ ամպամած հորիզոնին ներքեւ:
Սակայն ինչո՛ւ էին հայութեան այսքան տառապանքն ու հերոսական պայքարները, Հայկով սկսած եւ բիւրաւոր այլ սխրանք-գոյամարտերով ու փոթորիկներով ալիքաւորուած Հայոց պատմութիւնը՝ մինչեւ Սարդարապատ ու Ղարաբաղ մեր նորօրեայ հայ մարտիկներու դիւցազնական խոյանքները, եւ տակաւին չենք գիտեր թէ վաղը ո՞ւր եւ ե՞րբ՝ մեր բռնախլուած մէկ իրաւունքը պաշտպանելու համար ինքնավստահ պահանջատէրի իրաւունքով պիտի ստիպուինք ազգովին մարտնչիլ:
Այո՛ Հայկէն մինչեւ Վարդանանք ու ասդին՝ Հայոց պատմութիւնը գոյամարտ մը եղաւ, ու վկայութիւն մը ի խնդիր հայկեան ինքնութեան ու ազգային արժանապատութեան պաշտպանութեան:
Հայոց թագաւորութիւնը հայրենիքին տուաւ մեծութիւն:
Քրիստոնէութիւնը՝ խղճի ու հոգիի ազատութիւն:
Ոսկեդարը՝ հայ մտքին ցաթեցուց երկնառաք շո՛ղը իմաստութեան, եւ գաղտնիքը անմահութեան:
Ահա թէ ինչո՛ւ Վարդանանք եւ վարդանանց սերո՛ւնդը, գիտակից հայութեան յաւերժութիւնը դարբնող հաւատքի, հայրենիքի եւ մշակոյթի անկորնչելի արժէքներուն՝ հերոսաբար բարձրացուցին ապստամբութեան դրօշը, որովհետեւ որպէս հայր դաւանեցան Ս. Աւետարանը եւ մայր՝ Ընդհանրական եւ Առաքելական Ս. Եկեղեցին: Քրիստոնէութիւնը որպէս մորթի գոյն եւ Մշակոյթը իրենց երակներուն արիւ՛ն ըրած՝ խրոխտաբար արհամարեցին իրենցմէ գերիվեր ուժերը: Բարձր գաղափարի իրենց ձգտումը սրբացուց իրենց կեանքը: Որովհետեւ գիտցան գաղտնիքը անմահութեան: Որովհետեւ, հաւատացին թէ իրենց մահը նոր էջ պիտի բանար Հայոց Պատմութեան երկնակամարին ներքեւ, յաւերժագրի էջը։
Վարդանանք քրիստոնէական հաւատքի ձուլարանէն ծնած ու հայրենիքի սէրէն վառուած՝ կարողացան «ո՛չ» ըսել՝ իրենց ինքնութիւնը եւ խղճի ազատութիւնը կաշկանդել փորձող ուժերուն: Անոնց համար Աւետարանի ճամբով քրիստոնէական հաւատքը այնպիսի համոզում մըն էր, որ չէր եղծանուեր կամ փոխարինուեր: Քրիստոնէական հաւատքը սրտի արեան ժայթք էր՝ Նախախնամութեան աներեւոյթ զօրութեամբ եւ կենարար շունչով զեղուն։
Աւարայրի դաշտի տղմուտ գետի ափին, Վարդանի հետեւորդ ազատամարտիկները ինկան վասն կրօնի եւ վասն հայրենեաց, որպէսզի մենք ապրինք որպէս հա՛յ եւ որպէս քրիստոնեայ ու տէ՛ր կանգնինք մեր ժառանգած սուրբ հողին՝ մեր մայր հայրենիքին ու մեր գիւղին`Քեսապին:
Փա՛ռք Վարդանանց հաւատամարտի դիւցազներուն:
Փա՛ռք հաւատքի եւ հայրենիքի սուրբ խորաններուն իրենց կեանքը անսակարկ նուիրաբերող նահատակներուն:
Փա՛ռք ուխտապահ եւ քաջ ֆէտայի զաւակներ ծնող հայ ժողովուրդին:
Փա՛ռք ու պատիւ մեր նորօրեայ ազատ եւ անկախ Հայաստանի, Ղարաբաղի եւ մեր Քեսապի անվտանգութեան եւ ազատութեան ի խնդիր մարտնչող հայորդիներուն, որոնք արդարացուցին իրենց Վարդանի թոռը ըլլալու կոչումը։
Հայ ժողովուրդը դարերու դիմաց դարերը կը մաշեցնէ սակայն ինքը կը մնայ անմաշ եւ անմահ, Վարդանի նման կ’երթայ միշտ յառաջ: