ՀԱՅՐ ԿԱՐԱՊԵՏ ԳԼԸՆՃԵԱՆԻ ՔԱՀԱՆԱՅԱԿԱՆ ՁԵՌՆԱԴՐՈՒԹԻՒՆ ՀՌՈՄԻ ՄԷՋ

ՀԱՅՐ ԿԱՐԱՊԵՏ ԳԼԸՆՃԵԱՆԻ ՔԱՀԱՆԱՅԱԿԱՆ ՁԵՌՆԱԴՐՈՒԹԻՒՆ ՀՌՈՄԻ ՄԷՋ

ՌՈՊԵՐ ԱԹԹԱՐԵԱՆ

Ռատիօ Վատիկան – Vatican News

«Կը սիրե՞ս զիս… արածէ իմ ոչխարներս»… Յովհաննէս Աւետարանիչէն քաղուած Յիսուսին սոյն խօսքը ուղղուած Սուրբ Պետրոսին՝ ընտրուած է որպէս քահանայական ձեռնադրութեան նշանաբան նորօծ Քահանայ Հայր Կարապետ Գլընճեանին, որ Կիրակի, 16 Փետրուար 2020-ի առաւօտեան ժամը 10.30-ին, Հռոմի Մարոնիներու Ս. Մարուն եկեղեցւոյ մէջ Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Տ. Տ. Գրիգոր Պետրոս Ի. Կաթողիկոս Պատրիարքին նախագահութեամբ մատուցուած Հայրապետական Ս. Պատարագի ընթացքին ստացաւ Քահանայական Ձեռնադրութիւնը։

Մարոնիներու Եկեղեցին ընտրելու պատճառը այն է, որ Հռոմի հայկական Սուրբ Նիկողայոս Եկեղեցւոյ մէջ կը կատարուին վերաշինութեան աշխատանքներ։

Հայր Կարապետ Գըլընճեան, ծնած է 11 Մարտ 1991-ին, Հասաքէ: 2010-ին մտած է Զմմառու Պատրիարքական կղերի Միաբանութեան Դպրեվանք։ 2011-ին ընդունուած է Հռոմի Քահանայապետական Լեւոնեան Հայ Վարժարան եւ յաճախած է Յիսուսեան հայրերու Գրիգորեան Համալսարան հմտանալով իմաստասիրական ճիւղին մէջ:

Վերադառնալով Զմմառ, իր աստուածաբանական ուսումը շարունակած է Պօղոսեան հայրերու կաճառին մէջ։ Ապա մէկ տարի պատրաստողական շրջան մը անցնելէ ետք, 14 Սեպտեմբեր 2019-ին սարկաւագ կը ձեռնադրուի: Իսկ 16 Փետրուար 2020-ին, Հռոմի Ս. Մարուն եկեղեցւոյ մէջ, կուսակրօն քահանայ կը ձեռնադրուի, ձեռամբ` Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Տէր Տէր Գրիգոր Պետրոս Կաթողիկոս Պատրիարքի:

Ձեռնադրութեան առթիւ Հայր Կարապետ վերակոչելով Յիսուսին Խօսքը «Կը սիրե՞ս զիս» եւ Սուրբ Պետրոսին պատասխանը «Այո Տէր, դուն գիտես թէ կը սիրեմ քեզ» նշեց թէ ինք իննը տարիներ շարունակ կը պատասխանէր Տիրոջ Սուրբ Պետրոսին նման «Այո Տէր կը սիրեմ քեզ» ըսելով Յիսուսին։

«Ահաւասիկ եկաւ այն պահը ուր այդ «Այո»ն խօսքէ գործի վերածելու։ Այլեւս ես իմ անձիս համար չէ որ կ’ապրիմ, այլ կ’ապրիմ բոլոր անոնց որոնց հոգիները ինծի յանձնուած են։ Այսօրուընէ ես կամուրջ եւ միջնորդ կը դառնամ Աստուծոյ եւ իր ժողովուրդին միջեւ։ Կամուրջ՝ որ հաստատ եւ կայուն մնալու համար կարիքը ունի հիմնուելու մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի խօսքերուն վրայ։ Աղօթեցէք ինծի համար, որպէսզի կարենամ միշտ հաստատ մնալ կոչմանս մէջ, բոլորին ծառայել անխտիր եւ Աստուած փառաբանել մշտապէս» նշեց նորօծ Քահանայ Հայր Կարապետ Քլընճեան։

Իսկ սրբազան արարողութեան ընթացքին արտասանած իր քարոզին մէջ Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը խօսքը ուղղելով Քահանային ի մէջ այլոց ըսաւ. «Սիրելի Հայր Կարապետ 9 տարիներէ ի վեր կը պատրաստուիս ընդունելու համար այս մեծ շնորհքը՝ որուն համար Աստուած քեզ կոչեց։ Թէեւ բոլոր մկրտեալները կոչուած են մասնակցելու Յիսուսի Քահանայութեան, բայց Ան միայն մի քանիներ կ’ընտրէ՝ որպէսզի իր առաքելութիւնը շարունակեն։ Եւ Դուն անոնցմէ մէկն ես։ Մեծ ուրախութեամբ, մեծ գոհունակութեամբ եւ մեծ երախտագիտութեամբ անշուշտ կ’ընդունիս այս շնորհքը, որ պիտի ապրիս այսօրուընէ սկսեալ, հիմա որ ամբողջովին Քրիստոսի նուիրուած ես։

«Միակ վարդապետը, միակ Քահանան, միակ Հովիւը ինքն է ՝ Քրիստոս, եւ դուն քահանայական առաքելութիւնդ պէտք ես ապրիլ Քրիստոսով, Քրիստոսի խօսքը տարածելով ու հաւատարիմ մնալով այդ խօսքին։ Եղիր նման Քրիստոսի որ եկաւ ոչ թէ ծառայութիւն ընդունելու այլ ծառայելու, քեզի յանձնուած հօտին մէջ, աղքատին, հիւանդին, դիւրաբեկին մէջ տեսնելով նոյնինքն Քրիստոսը, եւ անոնց ճանչցնելով Քրիստոսին սիրտը ու անոր ողորմութիւնը»։

Գրիգոր Պետրոս Ի կաթողիկոս Պատրիարքը իր քարոզը աւարտեց մաղթելով որ նորօծ քահանան, որ Հայ ժողովուրդին Հովիւ պիտի դառնայ, երբեք յուսալքում չի ճանչնայ։ «Քաջութիւն քեզի, յարատեւութիւն, հաւատարմութիւն, եւ սէր» ըսաւ Հայրապետը։

Հոգեպարար արարողութեան ներկայ էին՝ Հայաստանի, Վրաստանի, Ռուսիոյ եւ Արեւելեան Եւրոպայի Հայ կաթողիկէ թեմի առաջնորդ՝ Արհի. Ռաֆայէլ Արք. Մինասեան, Բերիոյ եւ Բարձր Ճազիրէի Թեմերու առաջնորդ Արհի. Պետրոս Արք. Միրիաթեան, Ֆրանսայի թեմի վաստակաւոր առաջնորդ՝ Արհի. Յովհաննէս եպս. Թէյրուզեան, Զմմառու Կղերի Պատրիարքական Փոխանորդ եւ Զմմառու վանքի ընդհանուր մեծաւոր՝ Գերծ. Գաբրիէլ թ.ծ.վ. Մուրատեան, Ս. Աթոռի մօտ Հայաստանի դեսպան Տիար Կարէն Նազարեան, Արեւելեան եկեղեցիներու խորհուրդի անդամ Գեր. Մարգ վրդ. Թայար, Փանիկի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ ժողովրդապետ՝ Գերյ. Գառնիկ ծ.վ. Յովսէփեան, Երեւանի Սրբոց Հրեշտակապետաց Միացեալ Հոգեւոր Ճեմարանի մեծաւոր եւ Երեւանի Ս. Գրիգոր Նարեկացի եկեղեցւոյ ժողովրդապետ՝ Գեր. Մաշտոց վրդ. Զահթէրեան, Պոսթոնի Ս. Խաչ եկեղեցւոյ ժողովրդապետ Հայր Միքայէլ Պասալէ, Զմմառու կղերի Միաբանութեան դպրեվանքի փոխ-տեսուչ Գեր. Տիգրան վրդ. Փիլիպպոսեան եւ Պէյրութի Ս. Եղիա–Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Աթոռանիստ եկեղեցւոյ փոխ ժողովրդապետ՝ Գեր. Ղազար վրդ. Պետրոսեան, Գեր. Միքայէլ վրդ. Պասալէ, Անթիլիասի միաբան՝ Գեր. Պսակ վրդ. Դեբիրճեան, Հռոմի Անարատ Յղութեան քոյրերը, եւ հաւատացեալներ։