Ս. Սարգիս զօրավար իր որդի` Մարտիրոսի եւ 14 քաջ մարտիկներուն հետ կը նահատակուի յանուն քրիստոնէական հաւատքի։ Ս. Սարգիս զօրավարի տօնը աւանդաբար հռչակուած է Երիտասարդներու օրհնութեան օր: Տօնին թուականը շարժական է եւ այս տարի (2020) ան կը նշուի Փետրուար 8-ին:
Արիութեան համար Սբ. Սարգիսը Մեծն Կոստանդիանոս կայսրին (285-337) կողմէ կը կարգուի իշխան եւ սպարապետ` Հայաստանի սահմանակից Կապադովկիոյ մէջ: Ան ոչ միայն գերազանց սպարապետ էր, այլեւ հիանալի քարոզիչ: Օգտուելով կայսրի յօժարութենէն` իր իշխանութեան տակ գտնուող քաղաքներուն մէջ ան կը քանդէ մեհեանները, կը կառուցէ եկեղեցիներ, կը տարածէ քրիստոնէութիւնը: Երբ Յուլիանոս Ուրացողի թագաւորութեան օրօք (360-363) կը սկսին Քրիստոսի եկեղեցւոյ հալածանքները, Ս. Սարգիս, աստուածային յայտնութեամբ հրաման կ’առնէ հեռանալու կայսրութեան սահմաններէն եւ իր որդի Մարտիրոսի հետ կու գայ ու կ’ապաստանի քրիստոնեայ Հայաստան, ուր կը թագաւորէր Տիրան արքան` Մեծն Տրդատի թոռը` Խոսրովի որդին: Տեղեկանալով որ Յուլիանոսը մեծ զօրքով կը շարժի Պարսկաստանի վրայ, Հայոց արքան, ձգտելով իր երկիրը զերծ պահել յարձակման վտանգէն, կը յորդորէ Սարգիսին՝ ծառայութեան անցնիլ պարսից Շապուհ արքայի մօտ: Շապուհը սիրով կ’ընդունի Ս. Սարգիսը եւ զայն կը նշանակէ զօրագունդերու հրամանատար: Զօրականներէն շատեր, տեսնելով փայլուն զօրավարի բարեպաշտութիւնն ու վարքով վկայուած նուիրումը առ Աստուած, անոր աղօթքներով Տիրոջ գործած հրաշքները, կը հրաժարէին հեթանոսութենէն եւ կը դառնային քրիստոնեայ:
Սակայն Շապուհ կը պահանջէ Ս. Սարգիսէն պաշտել կրակը եւ զոհ մատուցել: Զօրավարը անմիջապէս կը մերժէ` ըսելով. «Երկրպագելի է մէկ Աստուած` Ամենասուրբ Երրորդութիւնը, ով ստեղծած է երկինքն ու երկիրը: Իսկ կրակը կամ կուռքերը ի բնէ աստուածներ չեն, հողեղէն մարդը զանոնք կրնայ փճացնել»: Այդ խօսքերէն յետոյ Ս. Սարգիս կը կործանէ բագինը:
Զայրացած ամբոխը կը յարձակի Ս. Սարգիսի եւ անոր որդիին վրայ: Առաջինը նահատակութեան պսակը կ’ընդունի անոր որդին` Մարտիրոսը: Ս. Սարգիս կը բանտարկուի եւ աներեր մնալով իր հաւատքին վրայ` կը գլխատուի: Նահատակուելէն յետոյ Ս. Սարգիսի մարմնին վրայ լոյս կը ծագի: Քրիստոնէական հաւատքի համար կը նահատակուին նաեւ Ս. Սարգիսին հաւատարիմ տասնչորս զինուորները: Հաւատացեալները նահատակներուն մարմինները կ’ամփոփեն Համիան քաղաքին մէջ: Ս. Մեսրոպ Մաշտոց վարդապետը Ս. Սարգիսի մասունքները կը բերէ Կարբի (Աշտարակի շրջան)` եւ անոնց վրայ կը կառուցէ Ուշիի Սբ. Սարգիս եկեղեցին և համանուն վանքը։
Առաջաւորաց պահք
Ս. Սարգիսի տօնին կը նախորդէ Ս. Գրիգոր Լուսաւորչի կողմէ հաստատուած Առաջաւորաց պահքը: Պահքը կը տեւէ հինգ օր:
Ս. ՍԱՐԳԻՍ` ԵՐԻՏԱՍԱՐԴՆԵՐՈՒ ԵՒ ՍԻՐՈՅ ԲԱՐԵԽՕՍ
Ս. Սարգիս Զօրավարի տօնը Հայաստանի մէջ ընդունուած է նշել ոչ միայն եկեղեցական ծէսով, աղօթքով, այլեւ ժողովրդական սովորոյթներով, որ դարձած է նուիրական աւանդոյթ: Ս. Սարգիս զօրավարը երիտասարդներու արագահաս բարեխօսն է: Անոր միջնորդութեամբ հրաշքներ տեղի կ’ունենան: Այդ օրը երիտասարդներ կ’աղօթեն Սուրբին, որ իրենց աղօթքները հասցնէ առ Աստուած: Ս. Սարգիսը սիրոյ երազանքը իրականացնող Սուրբն է: Ս. Սարգիսի մասին բազմաթիւ աւանդապատումներ կան: Ահաւասիկ անոնցմէ մէկը:
Աղքատ Աշուղ Ղարիբը կը սիրէ մեծահարուստի մը աղջիկը` Շահ-Սանամը: Վերջինս եւս կը սիրէ անոր, բայց Աշուղը աղքատ էր, եւ աղջկան հայրը կ’արգիլէ անոնց ամուսնանալ, քանի որ մտադրած էր աղջիկը կնութեան տալ մեծահարուստի մը: Աշուղ Ղարիբ կ’որոշէ մեծ կարողութիւն կուտակելու համար երթալ օտարութիւն` աշխատելու: Սակայն մինչեւ այդ՝ Աշուղ Ղարիբ իր սիրած էակէն խոստում կ’առնէ` եօթ տարի սպասել իրեն: Պայման կը դնէ, որ եթէ ուշանայ անգամ մէկ օր, աղջիկը թող ամուսնանայ հօր ցանկութեամբ: Այդ եօթ տարիները շատ դժուար կ’անցնին Աշուղ Ղարիբի համար: Ան զրկուած էր իր գեղեցկուհին տեսնելու հնարաւորութենէն, որեւէ լուր չունէր անոր մասին, սակայն չէր յուսահատեր, այլ կարօտով կը սպասէր այն օրուան, երբ անոնք կը հանդիպին, ընտանիք կը կազմեն եւ ամբողջ կեանքը կ’ապրին միասին: Եօթ տարի շարունակ գիշեր ու զօր աշխատելով` Աշուղ Ղարիբ կարողութիւն կը ստեղծէ եւ տուն դարձի ճամբան կը բռնէ: Ճամբան լի էր փորձանքերով եւ խոչընդոտներով: Կը թուէր, թէ Աշուղ Ղարիբ իր յոյսը պէտք է կորսնցնէ, չհասնի իր սիրած էակին: Այդ ամէնէն դրդուած՝ ան ազնիւ սրտով եւ արդար մտքով կ’աղօթէ Ս. Սարգիսին` հայցելով արագահաս Սուրբին օգնութիւնը: Ս. Սարգիս, լսելով սիրահարուած Աշուղի աղօթքը, իր արագահաս ճերմակ նժոյգով՝ բարձրացուցած մրրիկի մէջ իսկոյն կը յայտնուի, Աշուղ Ղարիբին կը նստեցնէ ձիու գաւակին եւ մէկ ակնթարթի մէջ կը հասցնէ Շահ-Սանամէի մօտ: Աղջկան հայրը տեսնելով Աշուղ Ղարիբի կամքը, կատարուած հրաշքը, անոնց անկեղծ սէրն ու նուիրուածութիւնը, կ’օրհնէ երկուքին միութիւնը:
Ժողովրդական սովորութիւններէն է նաեւ Ս. Սարգիսի տօնին նախորդող գիշերը երիտասարդներուն` աղի բլիթ ուտելը, որուն հետ անոնք կը կապեն իրենց փեսացուի կամ հարսնցուի երազայայտնութիւնը: Այդ օրը յիշատակելի սովորութիւններէն է փոխինդով ափսէն դնել տան տանիքը կամ պատշգամբին եւ սպասել Ս. Սարգիս զօրավարի ձիու պայտի հետքին: Ըստ աւանդոյթի` Ս. Սարգիսը պէտք է հրեշտակներուն ուղեկցութեամբ անցնի եւ ափսէին մէջ դրուած ալիւրի կամ փոխինդի մէջ ձգէ մաքրութիւն եւ անաղարտութիւն խորհրդանշող սպիտակ ձիու պայտի հետքը։ Այն երիտասարդը, որուն դրած ափսէին մէջ կ’երեւի պայտին հետքը, ապա այդ տարի կ’իրականանայ անոր երազանքը: Սիրահարուած երիտասարդները տօնին առթիւ զիրար բացիկներ եւ քաղցրաւենիք կը նուիրեն:
Քաղուած՝
qahana.am կայքէն