Տ. ՅՈՎՍԷՓ ԳԱԼՍՏԵԱՆ
Մեծ Սեպասարի, Բաւրայի, Սիզաւետի, Ղազանչիի հոգեւոր հովիւ
Իւրաքանչիւրդ պէտք է ըլլաք գաղափարներ ծնող եւ զարգացնող պարարտ հող, որոնց մէջ կայ կեա՛նք եւ այն միշտ կը խոստանայ աճիլ, զարգանալ` ճիշդ Երկնքի Արքայութեան սերմի նման, որ ինչպէս Յիսուս ըսաւ, սկիզբը մանանեխի հատիկի չափ է, բայց երբ կ’աճի, կը դառնայ մեծ ծառ մը, որուն ճիւղերուն կը հանգստանան թռչունները։
2020-ի Յունուար 27-ին Գիւմրիի Լոֆթ մշակութային-ժամանցային կեդրոնին մէջ կազմակերպեցինք 2-րդ զարգացողական սեմինարը` Աշոցքի հայ կաթողիկէ չորս համայնքներու` Մեծ Սեպասարի, Բաւրայի, Ղազանչիի եւ Սիզա- ւետի 35 պատանիներու եւ երիտասարդներու համար: Որպէս սեմինարի խորագիր ընտրեցինք «Երիտասարդները` Փոփոխութիւններու Առաջամարտիկներ», որ տրամաբանական շարունակութիւնն է նախորդ սեմինարի, որ կը կոչուէր «Երիտասարդները` Յոյսի Առաջամարտիկներ»: Սեմինարի կազմակերպման նպատակը երիտասարդներուն օգնելն է` ըլլալու իրենց համայնքներու մէջ դրական փոփոխութիւններու նախաձեռնողներ, գաղափարներ յղացողներ, խնդիրներու լուծումներու նոր ուղիներ որոնողներ, նոր զարգացողական ծրագիրներ մշակողներ եւ իրականացնողներ` ամենատարբեր ոլորտներու մէջ` առաջնորդուելով Աւետարանի սկզբունքներով եւ հաւատքով:
Սեմինարը վարելու համար հրաւիրած էինք նաեւ Քրիստինէ Մխիթարեանը, որ երիտասարդներու հետ աշխատանքի մեծ փորձ ունի եւ Հայկական Կարիտասի «Ծխական հասարակական խորհուրդներ», «Շահերու պաշտպանութիւն» ծրագիրներու ղեկավարն է:
Նախ այս սեմինարներու կազմակերպման իմ տեսլականի եւ յետագայ ընելիքներու մասին խօսեցայ հետեւեալը.
«Սիրելինե՛ր, այս երկրորդ սեմինարը կը շարունակէ նախորդի թեման: Տրամաբանութիւնն հետեւեալն է. դուք կոչուած էք ըլլալու եւ արդէն իսկ կը հանդիսանաք Եկեղեցւոյ եւ ձեր համայնքի յոյսը, եւ որպէս այդպիսին, կոչուած էք ըլլալու եւ արդէն իսկ սկսած էք ըլլալ Եկեղեցւոյ եւ համայնքին մէջ դրական փոփոխութիւններու կրողները կամ առաջամարտիկները: Նախ ի՞նչ կը նշանակէ այս բառը` «առաջամարտիկներ». առաջամարտիկներն այն զինուորներն են, որոնք մարտի դաշտին վրայ կ’երթան զօրքի առջեւէն եւ, ըստ էութեան, կ’առաջնորդեն բանակը: Դուք պէտք է ըլլաք այդպիսի զինուորներու նման` որպէս կենդանի յոյս Եկեղեցւոյ համար եւ համայնքին համար, ինչպէս որ ձեր ընտանիքներու յոյսն էք:
«Հաւատքի կենդանի ապրումը, զարգացումը հնարաւոր է` մշտապէս պահելով երիտասարդական աւիւնը, խանդավառութիւնը, նոր բարձունքներ նուաճելու կամքը, փափաքը, ապագայի վառ երազանքները, գաղափարներ, որոնք կը թուին շատ դժուար իրագործելու համար, բայց շարունակ կ’ոգեշնչեն եւ կը կանչեն դէպի նոր նուաճումներ, զարգացում, կատարելագործում: Դուք պէտք է մարդոց յո՛յս ներշնչէք ձեր եռանդով եւ ձեր շօշափելի գործերով, ծրագիրներով, համայնքի կեանքին մէջ բերելով դրական փոփոխութիւններ, որոնք բոլորի համար անվիճելի են եւ յուսադրող, որոնք կարողութիւն ունին փաստելու բոլորին, որ ամենաանյոյս պայմաններու մէջ նոյնիսկ հնարաւոր է եւ պէ՛տք է աշխատիլ` ելքեր գտնելու համար:
«Յոյսի մասին պատասխան տալ պէտք է մեր հաւատքի եւ սիրոյ վկայութեամբ, որ պէտք է արտայայտուի մեր գործերով: Այդ գործերը պարտադիր չէ, որ ըլլան մեծ ծրագիրներ, այլ պէտք է սկսին փոքրիկ քայլերով, որոնք սակայն, կը կատարուին մեծ սիրով, ինչպէս կ’ըսէ Սբ. Մայր Թերեզան: Միայն մէկ կարեւոր բան կայ. այդ փոքրիկ քայլերը պէտք է ըլլան անընդհատ եւ միշտ առաւել շատ, որակապէս աւելի բարձր:
«Պէտք է իւրաքանչիւրդ դուք ձեզ պատկերացնէք որպէս անընդհատ ստեղծագործող եւ երբեք կանգ չառնող ստեղծարարներ, գիւտարարներ, արուեստագէտներ, ճարտարապետներ` բայց ոչ նեղ մասնագիտական իմաստով: Իւրա- քանչիւրդ պէտք է ըլլաք գաղափարներ ծնող եւ զարգացնող պարարտ հող, որոնց մէջ կայ կեա՛նք եւ այն միշտ կը խոստանայ աճիլ, զարգանալ` ճիշդ Երկնքի Արքայութեան սերմի նման, որ ինչպէս Յիսուս կ’ըսէ, սկիզբը մանանեխի հատիկի չափ է, բայց երբ կ’աճի, կը դառնայ մեծ ծառ մը, որուն ճիւղերուն կը հանգստանան թռչունները: Այսպիսին պէտք է ըլլայ ձեր իւրաքանչիւր գաղափարը եւ ծրագիրը. նախ` փոքր կամ դեռեւս անորոշ, սաղմնային վիճակի մէջ, բայց երբ մտածէք իւրաքանչիւր քայլը, աշխատիք, փորձ ձեռք բերէք եւ, որ շատ կարեւոր է, աղօթէք այդ գաղափարներուն համար, անոնք կ’աճին, կը դառնան իսկական ծառեր եւ շատերու համար կ’ըլլան զարգացման, բարեկեցութեան, հոգեւոր մխիթարութեան հնարաւորութիւններ»:
Քրիստինէ Մխիթարեան իր կարեւոր նիւթը երիտասարդներուն ներկայացուց հետաքրքրական բացատրութիւններով եւ քննարկումներու միջոցով, լսելով երիտասարդներուն կարծիքները, անոնց առիթ տալով խորհրդածելու սեփական կարողութիւններու, տաղանդներու մասին, թէ ինչպէս կրնան զանոնք դրսեւորել եւ ինչպէս կրնան գաղափարներ յղանալ ու զարգացնել իրենց համայնքներուն մէջ: Ան շեշտեց, որ իւրաքանչիւր անձ կրնայ փոփոխութիւններ բերել իր իրականութեան մէջ` ջանալով ոչ թէ նախ փոխել իրականութեան պայմանները, այլ` նախ սեփական անձը, յաղթահարել վախերը, թերահաւատութիւնը, սահմանել նպատակներ, երազանքներ, ոգեշնչուիլ ու ջանք թափել զանոնք իրականութիւն դարձնելու համար` չվախնալով միջոցներու սահմանափակ ըլլալէ: Ան առաջարկեց երիտասարդներուն՝ մտածել «աշխարհը փոխելու 6 քայլերու մասին է, որոնք են`
- ոգեշնչուիլ,
- ըլլալ տեղեկացուած,
- բացայայտել սեփական տաղանդները, ուժեղ կողմերը,
- ըլլալ խիզախ եւ գործել` մանրամասն ծրագրելով իւրաքանչիւր քայլ,
- թոյլ կողմերը ամբողջացնել ուրիշներու օգնութեամբ, խմբային աշխատանքով, գտնել ճիշդ մարդկային աղբիւրներ,
- տօնել իւրաքանչիւր փոքր յաղթանակ` վստահ ըլլալով, որ կրցար դրական փոփոխութիւն բերել:
Հանդիպումը աւարտեցաւ միասնական աղօթքով եւ թեման յետագայ սեմինարներուն զարգացնելու մասին քննարկումներով, գաղափարային նոր առաջարկներով: