Պատրաստեց՝
ՆԱԶԵԼԻ ԷՊԷԵԱՆ ՆԱԼՊԱՆՏԵԱՆ
Հոկտեմբեր 15
Հրդեհներու ալիք մը կը կլանէ Լեռնալիբանանեան մեծ թիւով շրջաններ, որոնց հետեւանքով կ’արձանագրուի զոհ մը եւ 128 վիրաւոր։ Պետութիւնը անկարող կ’ըլլայ պէտք եղած ձեւով դիմագրաւելու այս աղէտը։
Հոկտեմբեր 17
2020 թուականի ամավարկին մէջ նկատի կ’առնուի բջիջայինի whatsapp յաւելուածի վրայ յաւելեալ տուրքի սահմանում, ինչ որ կացութիւնը բռնկեցնող համբերութեան բաժակի վերջին կաթիլը կ’ըլլայ։ Արդարեւ, երկու օր ետք, Հոկտեմբեր 17-ին, հարիւրաւոր քաղաքայիններ բողոքի կ’իջնեն կեդրոնական Պէյրութ։ Անոնց թիւը կ’աւելնայ գիշերը։ Անոնք կը փակեն գլխաւոր պողոտաները։ Բարձրագոյն կրթութեան նախարար Աքրամ Շհայէպի շքախումբը, որ կ’անցնէր ցուցարարներուն մէջէն, կ’ենթարկուի լուտանքներու, ինչ որ կը մղէ նախարարի թեկնապահներէն մէկը կրակելու օդը։ Ասիկա աւելի եւս կը զայրացնէ ամբոխը։ Աւելի մեծ թիւով ցուցարարներ կը սկսին հաւաքուիլ Նահատակաց հրապարակին, Նըժմէ հրապարակին եւ Համրա պողոտային վրայ, ինչպէս նաեւ լիբանանեան այլ շրջաններու մէջ։ Մինչ ցոյցերը աւելի մեծ թափ կը ստանան, յորջորջուելով «whatsapp-ի յեղափոխութիւն», վարչապետ Սաատ Հարիրի նախագահ Միշել Աունի խնդրանքով Հոկտեմբերի 18-ին կառավարութիւնը կը հրաւիրէ արտահերթ նիստի: Բարձրագոյն կրթութեան եւ գիտութեան նախարար Աքրամ Շհայէպ կը յայտարարէ, որ յաջորդ օրը բոլոր դպրոցներն ու համալսարանները, պետական կամ սեփական, կը մնան փակ: Մինչ այդ՝ հեռահաղորդակցութեան նախարար Մոհամատ Ֆնէյշ, ուշ երեկոյեան յետս կը կոչէ «WhatsApp-ի հարկ»ի առաջարկը:
Հոկտեմբեր 18
Նապաթիէի եւ Թրիփոլիի մէջ ցուցարարներ կը քանդեն Հըզպալլայի, Ամալ շարժումի եւ Ազգային Ազատ հոսանքի գրասենեակները, արտայայտելու համար իրենց հիասթափութիւնը կառավարութենէն՝ զոր կ’ամբաստանեն փտածութեամբ։ Պէյրութի մէջ, ցուցարարներ կը փորձեն ներխուժել վարչապետարան եւ խորհրդարան, սակայն կը սանձուին ապահովական ուժերուն կողմէ, որոնք կը գործածեն արցունքաբեր ռումբեր։ Ցուցարարներ՝ անիւներ եւ աղբամաններ այրելով կը սկսին պատնէշներ բարձրացնել գլխաւոր մայրուղիներուն վրայ։ Կառավարութեան նիստ մը, որ նախատեսուած էր յետմիջօրէին, կը յետաձգուի, երբ Լիբանանեան Ուժեր կուսակցութեան նախարարներ կը յայտարարեն որ պիտի չմասնակցին նիստին, իսկ կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժաաժա հրաժարելու կոչ կ’ուղղէ վարչապետ Սաատ Հարիրիին, նկատի առնելով որ ան ձախողած էր արգելակել երկրի տնտեսական իրավիճակի վատթարացումը։ Իր կարգին, Ընկերվար Յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար Ուալիտ Ժոմպլաթ կոչ կ’ուղղէ «հանդարտ եւ խաղաղ» շարժում կազմակերպելու ընդդէմ իշխանութեան եւ ցոյցերու կը հրաւիրէ Ալէյի, Պհամտունի եւ Պաաքլինի մէջ։ Երեկոյեան, վարչապետ Հարիրի պատկերասփռուած ելոյթով մը 72 ժամ պայմանաժամ կու տայ «կառավարութեան մէջ իր գործակիցներուն» զօրակցելու իր բարեկարգումներուն։
ԱՌԱՋԻՆ ՇԱԲԱԹ
19 Հոկտեմբեր. Լիբանանցի Հսէյն Ալ-Աթթար հրաձգութեան հետեւանքով կը զոհուի ցոյցի մը ընթացքին։ Միւս կողմէ, նախկին նախարար Մըսպահ էլ Ահտապի թիկնապահներ կրակ կը բանան ցուցարարներուն վրայ, որուն հետեւանքով կը վիրաւորուի 4 հոգի։ Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար Սայիտ Հասան Նասրալլա ժողովուրդին ուղղուած խօսքով մը հանդէս կու գայ, դէմ արտայայտուելով պարտադրուած տուրքերուն, սակայն իր համամտութիւնը չի յայտներ կառավարութեան հրաժարականի պահանջին եւ կոչ կ’ուղղէ քաղաքայիններուն, որ մեղադրանքները ուղղեն ոչ թէ Հարիրիի կառավարութեան, այլ անոր նախորդներուն։ Մինչ ցոյցերը կը շարունակուին, տեղեկութիւններ կը շրջին որ Ամալ շարժումի զինեալ խմբակներ նեղութիւն սկսած են տալ Սուրի ցուցարարներուն եւ կրակ բանալ անոնց վրայ։ Միաժամանակ, ցոյցեր տեղի կ’ունենան եւրոպական ոստաններուն, ինչպէս նաեւ Հիւսիսային Ամերիկայի եւ Աւստրալիոյ մէջ, զօրակցութիւն յայտնելու համար Լիբանանի ժողովրդային բողոքի շարժումին։ Ցուցարարներու ճնշումներուն տեղի տալով Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան չորս նախարարներ կը հրաժարին։
20 Հոկտեմբեր. Հարիւր հազարաւոր ցուցարարներ կը հաւաքուին երկրի տարբեր շրջաններուն մէջ՝ աննախընթաց դարձնելով ժողովրդային բողոքի շարժումը 2005-էն ի վեր: Երեկոյեան ժամը 6-ին, երկրի ամբողջ տարածքին ցուցարարներ միաբերան կը հնչեցնեն Լիբանանի քայլերգը։
21 Հոկտեմբեր. Ընդհանուր գործադուլ կը յայտարարուի երկրի ամբողջ տարածքին, տնտեսական ճգնաժամի լուծման պահանջով։ Կէսօրին, կառավարութեան արտահերթ նիստ տեղի կ’ունենայ, որմէ ետք վարչապետ Հարիրի մամլոյ ասուլիս մը տալով կը յայտարարէ տնտեսական բարեկարգումներ, ներառեալ երեսփոխաններու եւ նախարարներու ամսականներու կէսի իջեցումը, 2020-ի ամավարկի բացը նուազեցնելով 3.4 միլիառ տոլարով, օժանդակութեամբ Լիբանանի Կեդրոնական Դրամատան եւ դրամատնային մարզին, դրամական օգնութիւններ խոստանալով աղքատութեան մէջ ապրող ընտանիքներուն եւ 160 միլիոն տոլար տրամադրելով բնակարանային վարկերուն (փոխառութիւն)։ Սակայն այս առաջադրութիւնները անբաւարար կ’ըլլան մեղմացնելու համար ցոյցերուն թափը։
22 Հոկտեմբեր. Հարիրի հանդիպում կ’ունենայ Մ. Նահանգներու, Ռուսիոյ, Ֆրանսայի, Մեծն Բրիտանիոյ, Գերմանիոյ, Իտալիոյ եւ Եւրոպական Միութեան դեսպաններուն, ինչպէս նաեւ Չինաստանի եւ Արաբական Լիկայի ներկայացուցիչներուն հետ, որոնց հետ կը քննարկէ ծրագրուած բարեկարգումները։ Ներկայացուցիչները, որոնք մաս կը կազմեն Լիբանանին Օժանդակ խմբակի՝ Cédre խորհրդաժողովին, իրենց զօրակցութիւնը կը յայտնեն տնտեսական բարեկարգումներուն եւ կը շեշտեն ժողովրդային շարժման մասնակիցներուն ապահովութիւնը երաշխաւորելու անհրաժեշտութիւնը։ Անոնք կոչ կ’ուղղեն Լիբանանի պատասխանատուներուն՝ բաց երկխօսութիւն սկսելու քաղաքացիներուն հետ։
23 Հոկտեմբեր. Հարիրի հանդիպում կ’ունենայ ելեւմուտքի եւ տնտեսական բարեկարգումներու նախարարական յանձնախումբին հետ, քննարկելու համար պետութենէն կորզուած գումարները վերադարձնելու օրէնքի նախագիծ մը եւ պահանջելով այս նախագիծին շուրջ առաջարկներ Դատական Գերագոյն Խորհուրդին կողմէ։
24 Հոկտեմբեր. Նախագահ Միշել Աուն ուղերձ մը կը յղէ ժողովուրդին, իր պատրաստակամութիւնը յայտնելով երկխօսութիւն կատարելու ցուցարարներուն հետ, հասնելու համար լաւագոյն լուծման։ Ան իր զօրակցութիւնը կը յայտնէ Հարիրիի բարեկարգումներու առաջարկին եւ համաձայն կը գտնուի ներկայ կառավարութեան վերանայումին, բայց օրինական շրջագիծէն ներս եւ ոչ թէ ցոյցերու միջոցով։ Հարիրի կը զօրակցի այս կեցուածքին, սակայն ցուցարարներ կը մերժեն բանակցելու ամէն հրաւէր մինչեւ կառավարութեան հրաժարականը։
ԵՐԿՐՈՐԴ ՇԱԲԱԹ
25 Հոկտեմբեր. Հակառակ նախագահ Աունի երկխօսութեան կոչին, ցուցարարներ կը շարունակեն ճամբաներու փակումը։ Դրամատուները կը մնան փակ, ինչ որ իր բացասական անդրադարձները կ’ունենայ միջազգային ֆինանսական գործակալութիւններու մօտ (Standard & Poor’s եւ Moody’s) լիբանանեան տնտեսական վարկանիշին եւ վստահելիութեան չափանիշին վրայ։ Հըզպալլայի համակիրներ Կեդրոնական Պէյրութի մէջ դարձեալ բախում կ’ունենան ցուցարարներուն հետ, բարձրաձայնելով Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար Սայիտ Հասան Նասրալլային զօրակցող լոզունգներ։ Սակայն Նասրալլա՝ երեկոյեան հանդէս գալով ուղերձով մը, կոչ կ’ուղղէ իր համակիրներուն՝ հեռանալու փողոցներէն։ Ան նաեւ կ’արդարացնէ ցուցարարներուն տնտեսական բարեկարգումներու պահանջը, սակայն կը զգուշացնէ շարժումի շահագործումէն տեղացի թէ օտար գործակալներու կողմէ, քաղաքացիական պատերազմ հրահրելու նպատակով։ Նասրալլա համոզում կը յայտնէ նաեւ որ ցոյցերը իսրայէլեան եւ ամերիկեան դաւադրութիւն են։
26 Հոկտեմբեր. Աշխարհի աւելի քան 30 քաղաքներու եւ ոստաններու մէջ, ներառեալ Սիտնի, Փարիզ, Հիւսթըն եւ Լոնտոն, լիբանանցիներ կը համախմբուին Լիբանանի դեսպանատուներուն առջեւ, իրենց զօրակցութիւնը յայտնելու ընթացող ցոյցերուն։
27 Հոկտեմբեր. Տասնեակ հազարաւոր լիբանանցիներ կը կազմեն մարդկային շղթայ մը, որ կ’երկարի Հիւսիսային Լիբանանի Թրիփոլի քաղաքէն մինչեւ Հարաւային Սուր, ընդհանուր 171 քլմ. երկարութեամբ, ցոյց տալու համար լիբանանցիներու միասնականութիւնը։ Մարոնիներու Պշարա Ռաաի Պատրիարքը կիրակնօրեայ իր քարոզին մէջ նկատել կու տայ, որ լիբանանցիներ կ’ապրին իրենց դրական եւ բարեկարգչական յեղափոխութիւնը։ Իր կարգին, Ֆրանչիսկոս Պապը ուղերձ մը կը յղէ լիբանանցիներուն, որոնք կը պայքարին երկրի ընկերային, բարոյական եւ տնտեսական ճգնաժամերուն դէմ, աղօթք բարձրացնելով առ Աստուած որ Լիբանան շարունակէ մնալ խաղաղ համակեցութեան երկիրը եւ կոչ ուղղելով լիբանանեան կառավարութեան՝ ականջ տալու իր ժողովուրդի մտահոգութիւններուն։
29 Հոկտեմբեր. Հըզպալլայի եւ Ամալ շարժումի սեւազգեստ համակիրներ կը յարձակին Կեդրոնական Պէյրութի ցուցարարներու հաւաքավայրերուն վրայ, հրկիզելով անոնց լարած վրանները։ Անոնք նաեւ կը յարձակին MTV (Lebanon) եւ Al Jadeed պատկերասփիւռի կայաններու անձնակազմերուն վրայ, ջարդելով անոնց նկարչական սարքաւորումները։ Աւելի ուշ, վարչապետ Սաատ Հարիրի պատկերասփռուած յատուկ ուղերձով մը կը յայտարարէ իր հրաժարականը, ինչ որ դրական արձագանգի կ’արժանանայ ցուցարարներուն կողմէ, սակայն այս անգամ Մուսթաքպալ հոսանքի համակիրներ իրենց բողոքը կ’արտայայտեն, փակելով Թարիք Ժտիտէի մայրուղին։
31 Հոկտեմբեր. Նախագահ Աուն հանդէս կու գայ ելոյթով մը, որուն մէջ ան կը խօսի Լիբանանի տնտեսական և ֆինանսական ճգնաժամի մասին, նաեւ փտածութեան դէմ պայքարին, քաղաքական կայունութեան ապահովման, ահաբեկիչներու վերացման և սուրիացի փախստականներու տուն-դարձի մասին: Ան կը խոստանայ նոր կառավարութեան կազմութիւնը մասնագէտներէ եւ ոչ՝ քաղաքական կուսակցութիւններու ներկայացուցիչներէ: Սակայն նախագահի ելոյթէն անմիջապէս յետոյ, բողոքի ցոյցերը կը շարունակուին՝ պահանջելով արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւններ և թեքնոքրատ կառավարութեան կազմութիւն։
ԵՐՐՈՐԴ ՇԱԲԱԹ
1 Նոյեմբեր. Լիբանանեան դրամատուները կը վերաբանան իրենց դռները, երկու շաբաթ փակ մնալէ յետոյ: Դրամատնային ընդհանուր գործունէութիւնը խիստ սահմանափակումներու կ’ենթարկուի, և Լիբանանէն միջազգային դրամատնային փոխանցումները կը դադրեցուին գրեթէ ամբողջութեամբ։ Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար Հասան Նասրալլա հրապարակային ելոյթով մը կը զգուշացնէ կառավարութեան հրաժարումին հետեւանքներէն։ Լիբանանի դպրոցներն ու համալսարանները փակ կը մնան բողոքի ցոյցերու հետեւանքով։
3 Նոյեմբեր. Լիբանանեան Ազգային Ազատ հոսանք շարժումի հազարաւոր համակիրներ ցոյց մը կը կազմակերպեն Պաապտայի պալատին մօտ, առ ի զօրակցութիւն շարժման հիմնադիր, երկրի նախագահ զօրավար Միշել Աունի։ Ցոյցի ընթացքին, արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Ժըպրան Պասիլ 13 օրէ ի վեր առաջին անգամ ըլլալով ուղերձ մը կը յղէ, կոչ ընելով ճամբաները փակելու բոլոր այն նախարարներուն դիմաց, որոնք կը խոչընդոտեն փտածութեան դէմ պայքարը, այն քաղաքական դէմքերուն դէմ որոնք փախուստ կու տան հաշուետուութենէ եւ այն դատաւորներուն դէմ որոնք չեն գործադրեր օրէնքը։ Պասիլ նաեւ կը պահանջէ գաղտնազերծել քաղաքական բոլոր պետական պաշտօնեաներու դրամատնային հաշիւները, պետութեան վերադարձնելով կորզուած կամ մսխուած պետական գումարները։ Նոյն օրը տասնեակ հազարաւոր հակակառավարական ցուցարարներ կ’ողողեն փողոցները «Միասնութեան Կիրակի» խորագրին տակ, փակելով ճամբաները, հակառակ կառավարամէտ ուժերու սպառնալիքներուն։ Դարձեալ շիի երկեակի համակիրներ յարձակումներ կը կատարեն Կեդրոնական Պէյրութի եւ իրենց հակակշռին տակ գտնուող շրջաններուն մէջ։
4 Նոյեմբեր. Մոմավառութիւն տեղի կ’ունենայ Պաալպէքի մէջ, ի յիշատակ բոլոր անոնց որոնք զոհուեցան ցոյցերու ընթացքին։
5 Նոյեմբեր. Պէյրութի Ամերիկեան համալսարանի Գիտութեան եւ Արհեստագիտութեան մասնաճիւղի ուսանողներու ցոյցերը բիրտ հակադարձութեան կ’արժանանան լիբանանեան ապահովական ուժերուն կողմէ։ Նապաթիէի մէջ ցուցարարներ կը փակեն OGERO-ի, Liban Post-ի, Լիբանանեան Կեդրոնական Դրամատան եւ շարք մը այլ դրամատուներու շէնքերը՝ հակառակ իրենց վրայ բանեցուած ճնշումներուն եւ բռնարարքներուն։ Ցուցարարներ կը հաւաքուին նաեւ ելեկտրականութեան ընկերութեան շէնքին առջեւ, բողոքելու համար տասնամեակներ շարունակուած ելեկտրական հոսանքի անջատումներուն դէմ։
6 Նոյեմբեր. Հազարաւոր ուսանողներ ամբողջ Լիբանանի տարածքին բողոքի ցոյց կ’իրականացնեն համալսարաններու և դպրոցներու առջեւ՝ մերժելով դասապահերուն ներկայ գտնուիլ, մինչեւ իրենց պահանջներուն գոհացումը՝ պետական վարժարաններու իրավիճակի եւ ուսման մակարդակի բարձրացում, Լիբանանեան պետական համալսարանի ֆինանսաւորում եւ բարելաւում, ուսման վճարումները տոլարէն լիբանանեանի անցում, համալսարաններու մէջ ուսանողական անկախ խորհուրդներու կազմութիւն: Ընդհանուր առմամբ ուսանողներ կը պահանջեն ընկերային, քաղաքական և տնտեսական բարեփոխումներ՝ յուսալով որ ուսումը աւարտելէ յետոյ կը կարողանան յարգարժան եւ արժանապատիւ աշխատանք գտնել՝ առանց ծանօթի միջնորդութեան կամ համայնքային կողմնակալութեան: Ցուցարարներ կը պահանջեն նաև տարիքային թոշակի և կենսաթոշակային ծրագիրներ, ինչպէս նաև պատշաճ բժշկական ծառայութիւններ: Բազմահազար ցուցարարներ կը սկսին հաւաքուիլ հիմնականին մէջ պետական և կարգ մը սեփական հաստատութիւններու դիմաց, ստիպելով անոնց փակելու իրենց դռները:
ՉՈՐՐՈՐԴ ՇԱԲԱԹ
9 Նոյեմբեր. Լիբանանեան դրամատուներուն կողմէ սահմանուած տոլարի փոխանակման արժէքի քաղաքականութիւնը կը սկսի պատճառ դառնալ պենզինի, սննդեղէնի և այլ կենսական նշանակութիւն ունեցող պէտքերու սուր պակասի և գիներու բարձրացումի: Լիբանանի սեփական հիւանդանոցներու սենտիքայի նախագահ Սլէյման Հարուն կ’ահազանգէ որ բժշկական միայն մէկ ամսուան պաշար կայ: Շաբաթավերջին, շշուկներ կը տարածուին որ Նոյեմբեր 12-ին կը նախատեսուի խորհրդարանական օրէնսդրական նիստ մը գումարել, ուր պիտի առաջադրուի համաներման մասին օրէնք մը, որ կրնայ յետագային հետապնդումներէ զերծ կացուցել պետական ներկայի և անցեալի անդամներ՝ փտածութեան եւ պետական միջոցները չարաշահելու ամբաստանութիւններէն: Ի պատասխան՝ ցուցարարները ընդհանուր գործադուլ կը յայտարարեն եւ կը ներկայացնեն պահանջներու ցանկ մը, որ կը ներառէ արագ դատավարութեան խթանման եւ դատական համակարգի անկախութեան երաշխիքներ, պետական միջոցներու չարաշահման շուրջ հետաքննութիւններ եւ տնտեսական ճգնաժամի լուծման ուղղութեամբ ջանքերու աշխուժացում։
11 Նոյեմբեր. Լիբանանեան դրամատուներու պաշտօնեաներու սենտիքաներու համադաշնակցութիւնը աննախադէպ քայլով մը գործադուլ կը յայտարարէ, մտահոգութիւն յայտնելով իր 11,000 անդամներու ապահովութեան մասին։ Կեդրոնական Դրամատան կառավարիչ Ռիատ Սալամէ մամլոյ ասուլիսով մը կը հերքէ լիբանանեան տնտեսութեան վրայ դրամագլուխներու վերահսկողութեան հաստատումը՝ վստահեցնելով, որ մեծ գումարներու արտահոսք հնարաւոր չէ։ Ան անգամ մը եւս հաւաստիացնելով որ Կեդրոնական Դրամատան առաջնահերթութիւնը կը մնայ տնտեսական կայունութիւնը և լիբանանեան դրամանիշի նկատմամբ վստահութիւնը: Սալամէի մամուլի ասուլիսէն քանի մը վայրկեան անց, խորհրդարանի նախագահ Նապիհ Պըրրի ուղիղ եթերով կը յայտարարէ յաջորդ օրուան խորհրդարանական նիստի յետաձգումին մասին մինչեւ Նոյեմբեր 19-ը, հաւանաբար տեղի տալով ընդհանուր համաներման օրինագծի դէմ բռնկած բողոքի ցոյցերուն: Պըրրի սակայն կը պնդէ, որ յետաձգումը «անվտանգութեան նկատառումներով է»: Յետմիջօրէին Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար Հասան Նասրալլա հանդէս կու գայ ելոյթով մը, ուր ան յստակ առաջարկ կը ներկայացնէ Լիբանանի դատական համակարգին ղեկավարութեամբ փտածութեան դէմ պայքարի հետաքննութիւններուն մասին, վստահեցնելով Հըզպալլայի ամբողջական համագործակցութիւնը և կոչ ուղղելով ստեղծելու հզօր, անկախ դատական համակարգ, որ անվերապահօրէն հետաքննէ լիբանանեան բոլոր կողմերը անխտիր։ Նասրալլա նաև կոչ կ’ուղղէ վերացնելու դրամատնային գաղտնապահութիւնը եւ չեղեալ կացուցանելու համաներումի նախագիծը պետական բոլոր ներկայացուցիչներուն համար։
12 Նոյեմբեր. Նախագահ Միշել Աուն երեկոյեան ուղիղ եթերով սփռուած հարցազրոյցով մը կը մերժէ ամբողջութեամբ թեքնոքրատներէ անկախ կառավարութիւն մը կազմելու կոչերը, զգուշացնելով դրամատնային գումարներու արտահոսքէն, որ աւելի եւս կը վնասէ տնտեսական մարզին։ Ան նաեւ կոչ կ’ուղղէ անմիջապէս դադրեցնելու ցոյցերը՝ կանխելու համար աղէտ մը։ Աւելին՝ Աուն կը մեղադրէ ցուցարարները, որ թիկունքէն կը հարուածեն պետութիւնը եւ կը խախտեն միջազգային օրէնքները՝ ճամբաները փակելով։ Ան նաեւ յստակօրէն կը յայտարարէ որ «ոեւէ մէկը որ չի վստահիր Լիբանանի այժմու կառավարութեան, կրնայ լքել երկիրը եւ երթալ ուրիշ տեղ ապրիլ»։ Աունի հարցազրոյցէն ետք ցուցարարներ աւելի մեծ թափով կը սկսին փակել ճամբաներն ու մայրուղիները։
Նոյն օրը՝ Խալտէի մէջ տեղի ունեցող ցոյցերու ընթացքին ազգայնական Ալա Ապու Ֆախր, որ իր կնոջ եւ երեխային հետ կը մասնակցէր ցոյցերուն, կ’ենթարկուի հրաձգութեան եւ կը մահանայ։ Լիբանանեան բանակը հաղորդագրութեամբ մը կը հաւաստիացնէ որ անոր մահը արկած էր, երբ զինուոր մը օդը կրակած էր ցրուելու համար ամբոխը, եւ թէ զինուորը յանձնուած է զինուորական ատեանին։ Աւելի ուշ տեսագրութիւն մը կը տարածուի, ուր ոչ զինուորական զգեստով անձ մը քաղաքացիական ինքնաշարժով կը յառաջանայ եւ մօտիկէն կը հարուածէ Ապու Ֆախրը։ Նկատի առնելով որ Ապու Ֆախր Շուայֆաթի քաղաքապետարանի անդամ էր եւ ներկայացուցիչը Ընկերվար Յառաջդիմական կուսակցութեան, կանխելու համար բողոքի ալիքի բարձրացումը լիբանանեան բանակին դէմ, կուսակցութեան ղեկավար Ուալիտ Ժոմպլաթ ներկայանալով ցուցարարներուն անձամբ կոչ կ’ուղղէ ինքնազսպումի։ Ապու Ֆախր կը նկատուի յեղափոխութեան նահատակը։
13 Նոյեմբեր. Առաւօտեան կանուխ ժամերէն ցուցարարներ կը սկսին հաւաքուիլ Պաապտայի նախագահական պալատին շրջակայքը, իրենց դժգոհութիւնը յայտնելու համար նախագահ Աունի ուղերձէն։ Միաժամանակ, Լիբանանեան բանակը կը յայտարարէ որ ձերբակալած է Ալաա Ապու Ֆախրի սպանութիւնը իրականացուցած առաջին սպայ Շարպել Հժէյլը, որ կ’ենթարկուի հարցաքննութեան եւ ապա պիտի ներկայանայ զինուորական ատեանի դատին։ Մեծ թիւով ցուցարարներ կը մասնակցին Ապու Ֆախրի յուղարկաւորութեան։
ՀԻՆԳԵՐՈՐԴ ՇԱԲԱԹ
15 Նոյեմբեր. Լիբանանի սեփական հիւանդանոցներու սենտիքայի նախագահ Սլէյման Հարուն կը սպառնայ հիւանդանոցային ծառայութիւններու դադրեցում, բացի երիկամներու լուացման, քիմոթերափիի եւ շտապ օգնութեան պարագաներէն, եթէ իշխանութիւնները անհրաժեշտ քայլերը չձեռնարկեն հիւանդանոցային անհրաժեշտ բուժամիջոցները ապահովելու համար, որոնք սպառած են։ Ան կը մատնանշէ, որ գործադուլները ոչ մէկ առնչութիւն ունին այս վիճակին հետ, այլ կառավարութեան վճարումներու ուշացումն է պատճառը. ասոնց գումարը 2011-էն ի վեր հասած է 1.3 միլիառ տոլարի, մինչ 2019-ի սկիզբէն հիւանդանոցներ ամսավճարներ չեն վճարած իրենց պաշտօնեաներուն։ Որեւէ պատասխան չստանալով, Մեթնի, Աքքարի եւ Նապաթիէի հիւանդանոցները գործադուլ կը յայտարարեն եւ բժիշկներն ու հիւանդանոցային անձնակազմերը կ’իջնեն փողոց։
17 Նոյեմբեր. Պէյրութի փաստաբաններու միութեան ընտրութիւններուն մեծամասնութեան ձայներով (2,341 քուէ) կը յաղթէ անկախ թեկնածուն՝ Մըլհեմ Խալաֆ, հանդիսանալով առաջին անկախ թեկնածուն, որ տասնամեակներէ ի վեր կը յաղթէ քաղաքական հոսանքներու դաշնակից թեկնածուներուն դէմ։
19 Նոյեմբեր. Առաւօտեան խորհրդարանին մէջ նախատեսուած էր երկու նիստ, մէկը՝ օրէնսդիր, որուն դէմ արտայայտուած էին ցուցարարները, օրակարգին վրայ գտնուող համաներման վիճայարոյց օրէնքին պատճառով, որ քաղաքական դասին կողմէ կատարուած յանցագործութիւններու՝ ինչպէս պետական միջոցներու իւրացումի եւ մսխումի, կամ փտածութեան դէպքերու հնարաւոր համաներում շնորհելու նպատակով էր: Նիստերը նախապէս ծրագրուած էին Նոյեմբեր 12-ին, բայց բողոքներու պատճառով արդէն մէկ անգամ յետաձգուած էին: Խորհրդարանի 128 անդամներէն 58-ը կը պոյքոթեն նիստը, բայց այդ թիւը բաւարար չէր քուէարկութիւնը կանխարգիլելու համար: Լիբանանի Խորհրդարանի շրջակայքը առաւօտեան կանուխ ժամերէն կը կազմուի մարդկային ցանց մը, որպէսզի Խորհրդարանի անդամները անկարող ըլլան մուտք գործելու խորհրդարան, ստիպելով նիստի յետաձգում: Կարգ մը երեսփոխաններու թիկնապահներ կ’ըսուի թէ ճամբայ բանալու նպատակով կրակ բացած են, որուն հետեւանքով ցուցարարներէն շատերը ծանրօրէն վիրաւորուած են: Ի վերջոյ, կէսօրէ քիչ առաջ Լիբանանի խորհրդարանի ընդհանուր քարտուղար Ատնան Տահեր կը յայտարարէ, որ խորհրդարանի երկու նիստերն ալ յետաձգուած են անորոշ ժամանակով: Ցուցարարներուն կողմէ ասիկա կ’ընկալուի որպէս յաղթանակ: Լիբանանի դրամատուները իրենց կարգին կը վերաբանան իրենց դռները Նոյեմբեր 11-էն ի վեր առաջին անգամ ըլլալով:
21 Նոյեմբեր. Նախագահ Միշել Աուն ուղերձ մը կ’ուղղէ Լիբանանի անկախութեան նախօրէին, կոչ ընելով վերջ տալու ցոյցերուն, ատելավառ լոզունգներուն եւ արտայայտութիւններուն, խոստանալով փտածութեան դէմ պայքարող խորհուրդի կազմութիւն։ Ցուցարարներ սակայն իրենց դժգոհութիւնը կը յայտնեն այս ուղերձին նկատմամբ եւ կը շարունակեն ցոյցերն ու ճամբաներու փակումը։
ՎԵՑԵՐՈՐԴ ՇԱԲԱԹ
22 Նոյեմբեր. Լիբանանի անկախութեան 76-րդ ամեակն է։ Աւանդական կարգ մը երեւոյթներ տեղի կու տան եւ Լիբանան համաժողովրդային մակարդակով աննախադէպ քաղաքացիական տողանցքով արժանաւորապէս կը նշէ իր անկախութիւնը։ Ժողովուրդը կ’ուզէ ցոյց տալ որ ինք աւելի հզօր է, քան հզօր դիրքերու վրայ գտնուող իշխանութեան ներկայացուցիչները։
Լիբանանի Պաշտպանութեան նախարարութեան Եարզէի կեդրոնատեղիին մէջ առաւօտեան տեղի կ’ունենայ զինուորական խորհրդանշական տողանցք, նուիրուած Լիբանանի անկախութեան 76-ամեակին, ներկայութեամբ Հանրապետութեան երեք պետերուն, լիբանանցի եւ օտարազգի անձնաւորութիւններու եւ դիւանագէտներու։ Պէյրութի Նահատակաց հրապարակին վրայ տեղի կ’ունենայ համաժողովրդային շքերթ, ուր կը տողանցեն հասարակութեան եւ աշխատանքային բոլոր խաւերը, իրենց յատուկ ջոկատներով։ Այնտեղ են հայրերու եւ մայրերու, երեխաներու եւ ուսանողներու, բժիշկներու եւ դեղագործներու, ստեղծագործներու, արուեստագէտներու եւ ճարտարապետներու, հողամշակներու եւ արդիւնաբերողներու, ուսուցիչներու եւ աշխատաւորներու, հեծելանուորդներու եւ երթեւեկային միջոցներու, լրատուամիջոցներու եւ քայլարշաւորդներու, կենսոլորտային պահապաններու եւ փաստաբաններու, զինուորական վեթերաններու, կիներու իրաւանց պաշտպաններու, եւ Լիբանանի 5 մարզերու, ընդհանուր 41 ջոկատ, որոնք հպարտօրէն կը տողանցեն հրապարակին վրայ, ապա տեղի կ’ունենայ յեղափոխութեան խորհրդանիշ, դէպի երկինք խոյացող բռունցքի մետաղեայ մեծածաւալ կերտուածքի վերականգնումի արարողութիւն։ Կերտուածքը Ուրբաթ առաւօտեան անծանօթ պատճառներով հրոյ ճարակ դարձած էր։ Բացի Նահատակաց հրապարակի վրայ տեղի ունեցող ժողովրդային հաւաքէն, Թրիփոլիի Նուր եւ Սայտայի Էլիա հրապարակները նոյնպէս ականատես կ’ըլլան մեծածաւալ ժողովրդային հաւաքներու, մինչ օդակայանէն MTV-ի լրագրողը կը հաստատէ որ արտերկրի մէջ բնակող մեծ թիւով լիբանանցիներ վերադարձած էին հայրենիք, մաս կազմելու համար այս պատմական օրուան իրադարձութիւններուն։ Կ’արժէ նշել որ Տուպայի Պուրժ Խալիֆան, լիբանանցիներուն ի պատիւ եւ Լիբանանի անկախութեան առթիւ լուսաւորուած էր Լիբանանի դրօշակի տեսքով։
23 Նոյեմբեր. 5 անչափահաս, 12 եւ 15 տարեկան պատանիներ կը ձերբակալուին բանակի գաղտնի սպասարկութիւններուն կողմէ Ազգային Ազատ հոսանքի որմազդ մը վար առնելնուն պատճառով։ Լրատուամիջոցներ լայնօրէն կ’արձագանգեն այս եղելութեան եւ պատանիները ազատ կ’արձակուին կէս գիշերէն ետք, կամաւոր փաստաբաններու միջնորդութեամբ։
24 Նոյեմբեր. Ցոյց մը տեղի կ’ունենայ Լիբանանի մօտ ԱՄՆի դեսպանատան դիմաց, բողոքելու համար Լիբանանի ներքին հարցերուն Ուաշինկթընի միջամտութիւններուն դէմ, յատկապէս երբ Հըզպալլա ԱՄՆ-ը կը մեղադրէ Լիբանանի կառավարութեան կազմութիւնը ուշացնելու յանցանքով։ Կէսօրին, այլ ցոյց մը տեղի կ’ունենայ լիբանանեան ծովեզերեայ շրջաններուն մէջ՝ ուշադրութիւն կեդրոնացնելու նպատակով կենսոլորտային բարձր մակարդակներու հասած ապականումին վրայ։ Նոյն օրը, կէս գիշերէն առաջ Հըզպալլայի եւ Ամալ շարժման համակիրներ դարձեալ կը յարձակին Ռինկի եւ Ժալ էլ-Տիպի ցուցարարներուն վրայ, պահանջելով վերջ տալ ճամբաներու փակումին։ Բախումներու հետեւանքով նիւթական մեծ վնասներ կ’արձանագրուին։ Բանակը արցունքաբեր կազերով կը ցրուէ հակամարտող կողմերը։
25 Նոյեմբեր. Հսէյն Շալհուպ եւ Սանա Ժունտի կ’ենթարկուին արկածի մը, Ժիյէի մայրուղիին վրայ հաստատուած պատնէշէն խուսափիլ փորձելու պատճառով։ Ասիկա լարուածութիւն կը ստեղծէ ցուցարարներու եւ Հըզպալլայի ու Ամալ շարժումի համակիրներուն միջեւ, որոնք աւելի ուշ, շարժանիւներով կը սկսին շրջագայիլ Պէյրութի, Սուրի եւ այլ շրջաններու մէջ, սպառնալիքներ արձակելով եւ բախումներ հրահրելով կարգ մը շրջաններուն մէջ։
26 Նոյեմբեր. Հրաժարեալ վարչապետ Սաատ Հարիրի կը յայտարարէ որ կրկին պիտի չառաջադրուի վարչապետի պաշտօնին։ Մինչ այդ գործարար Սամիր Խաթիպ իր պատրաստակամութիւնը կը յայտնէ կառավարութիւն կազմելու, նկատելով որ կը վայելէ քաղաքական որոշ ուժերու զօրակցութիւնը։ Նախագահ Աուն Նոյեմբեր 28-ը կը նշանակէ որպէս վարչապետի նշանակման երեսփոխանական պարտադիր խորհրդակցութիւններու սկիզբ։ Գիշերը, բախումներ կ’արձանագրուին Պաալպէքի եւ Պեքաայի մէջ։ Առաջինը՝ Հըզպալլայի եւ Ամալ շարժման համակիրներուն կողմէ, իսկ երկրորդը Ազգային Ազատ հոսանքի եւ Փաղանգաւոր կուսակցութեան համակիրներուն միջեւ։ Բախումներ կ’արձանագրուին նաեւ Շիահի եւ Այն Ռըմմանէի մէջ։
27 Նոյեմբեր. Լիբանանի պենզինի կայարաններու սեփականատէրերու սենտիքան կը յայտարարէ, որ Նոյեմբեր 28-ին կը սկսին բաց գործադուլ՝ լիբանանեան շուկային վրայ տոլարի փոխանակման երկու տարբեր արժոյթներու հետեւանքով վառելանիւթերու ոլորտի կրած ծանր կորուստներուն պատճառով։ Միւս կողմէ, լիբանանցի հարիւրաւոր մայրեր Շիահի մէջ երթ կը կազմակերպեն՝ բողոքելու համար համայնքային բռնութիւններուն դէմ, որոնք տեղի ունեցած էին Նոյեմբեր 26-ին։
28 Նոյեմբեր. Ցոյց մը տեղի կ’ունենայ Լիբանանի Կեդրոնական Դրամատան առջեւ, ինչպէս նաեւ կառավարական վարչական եւ դատական կեդրոններու առջեւ։ Արաբական Լիկայի դեսպան Հուսամ Զաքի ցոյցերու բռնկումէն ետք առաջին անգամ ըլլալով Լիկայի պատրաստակամութիւնը կը յայտնէ օժանդակելու Լիբանանի քաղաքական եւ տնտեսական ճգնաժամի լուծման։
ԵՕԹԵՐՈՐԴ ՇԱԲԱԹ
29 Նոյեմբեր. Ցոյցերը կը շարունակուին Լիբանանի Կեդրոնական Դրամատան, ինչպէս նաեւ կառավարական վարչական եւ դատական կեդրոններու առջեւ, խափանելու համար հասարակական մարզի պաշտօնեաներու մուտքը տուեալ հաստատութիւններ։
ՈՒԹԵՐՈՐԴ ՇԱԲԱԹ
3 Դեկտեմբեր. Տարբեր շրջաններու մէջ ցուցարարներ իրենց ընդդիմութիւնը կը յայտնեն գործարար Սամիր Խաթիպի վարչապետ հաւանական թեկնածութեան։ Անձնասպանութեան դէպքեր կը նկատուին տնտեսական քայքայուող պայմաններուն որպէս հետեւանք, որոնցմէ ամենայատկանշականը՝ 40 տարեկան Նաժի Ֆլայթիի անձնասպանութիւնն էր Արսալի մէջ՝ աշխատանքի կորուստին հետեւանքով։ Անոր անձնասպանութիւնը զայրոյթի մեծ ալիք կը յառաջացնէ յատկապէս ընկերային ցանցերու վրայ։
7 Դեկտեմբեր. Հազարաւոր ցուցարարներ կը մասնակցին սեռային ոտնձգութիւններու դէմ երթի մը Պէյրութի մէջ։ Ընդհանրապէս կիներու եւ ի մասնաւորի լրագրողուհիներու թէ հաղորդավարուհիներու դէմ կատարուած անարգանքներն ու ոտնձգութիւնները կ’արժանանան մեծ արձագանգի։
8 Դեկտեմբեր. Սամիր Խաթիպ յետս կը կոչէ վարչապետութեան իր թեկնածութեան առաջադրանքը, սիւննի երեսփոխաններուն կողմէ բաւարար աջակցութիւն չստանալէ ետք։ Փաղանգաւոր կուսակցութեան հեռացումէն ետք, Սաատ Հարիրի դարձեալ կը ներկայանայ որպէս վարչապետի միակ թեկնածու։ Ցուցարարներ կտրականապէս կը մերժեն Հարիրիի թեկնածութիւնը։
ԻՆՆԵՐՈՐԴ ՇԱԲԱԹ
10 Դեկտեմբեր. Թրիփոլիի մէջ սաստիկ անձրեւներու հետեւանքով բնակարանի մը տանիքի փլուզման պատճառով կը մահանան պատանի մը եւ անոր քոյրը։ Ցուցարարներ զայն կը վերագրեն քաղաքապետարանի անհոգութեան եւ կը ներխուժեն Թրիփոլիի քաղաքապետարան, նստացոյց կատարելով քաղաքապետի բնակարանին առջեւ։ Անոնք կը ջարդեն քաղաքապետարանի ապակիները, կը հրկիզեն սենեակ մը եւ ինքնաշարժ մը։ Պէյրութի մէջ ցուցարարներ նստացոյցեր կը կատարեն նախկին եւ ներկայ քաղաքական դէմքերու բնակարաններուն առջեւ։ Ներքին ապահովութեան ուժերու միջամտութեան հետեւանքով կ’արձանագրուին վիրաւորներ, ներառեալ լրագրողուհի Փոլա Նաուֆալ, որոնք կը տեղափոխուին հիւանդանոց։ Քաղաքապետութեան շարք մը անդամներ կը հրաժարին եւ կոչ կ’ուղղեն քաղաքապետին հրաժարելու։
14 Դեկտեմբեր. Հակախռովարար ուժեր արցունքաբեր կազերով կը ցրուեն Կեդրոնական Պէյրութի ցուցարարներու վրաններուն վրայ յարձակած սեւազգեստները։ Երեկոյեան, ցուցարարներ կը փորձեն հասնիլ Նըժմէ հրապարակ, լոզունգներ արձակելով վարչապետ Սաատ Հարիրիի եւ ԱԳՆ Ժըպրան Պասիլի դէմ, սակայն ներքին ապահովութեան ուժեր անոնց երթը կը խափանեն ռետինէ փամփուշտներով եւ արցունքաբեր ռումբերով։ 46 հոգի կը վիրաւորուին։
ՏԱՍՆԵՐՈՐԴ ՇԱԲԱԹ
15 Դեկտեմբեր. Ցուցարարներ դարձեալ բախումներ կ’ունենան ապահովական ուժերուն հետ Նըժմէ հրապարակին վրայ։ Հակացուցարարներու խմբակ մը, Հըզպալլայի եւ Ամալ շարժումի համակիրներ, դարձեալ բախում կ’ունենան ցուցարարներուն հետ։
16 Դեկտեմբեր. Քրիստոնէական համախմբումներու զօրակցութիւնը ստացած չըլլալուն հետեւանքով, Սաատ Հարիրիի վարչապետ առաջադրելու շուրջ խորհրդարանական պարտադիր խորհրդակցութիւնները կը յետաձգուին նախագահ Աունի կողմէ։ Ցուցարարներ դարձեալ ցոյցեր կը կատարեն մերժելով Հարիրիի վարչապետ առաջադրումը։
18 Դեկտեմբեր. Գործող վարչապետ Սաատ Հարիրի Թուիթըրի իր էջով պաշտօնապէս կը յայտարարէ որ չ’ուզեր վարչապետ վերանշանակուիլ, կոչ ուղղելով նախագահին նոր անուն մը առաջադրել։ Լրատուամիջոցներու կողմէ շրջագայութեան մէջ կը յայտնուին Թամմամ Սալամի (նախապէս վարչապետ 2014–2016), իրաւաբան Նաուաֆ Սալամի (նախապէս Լիբանանի ներկայացուցիչ ՄԱԿի մօտ) եւ ակադեմական Հասսան Տիապի (նախապէս կրթութեան նախարար, 2011–2014) անունները։ Վերջինս կը վայելէ Հըզպալլայի եւ Ամալ շարժման զօրակցութիւնը։ Ցոյցերը կը շարունակուին Նապաթիէի եւ Քֆար Ռըմմանի մէջ, հակառակ Հըզպալլայի եւ Ամալ շարժման համակիրներու սպառնալիքներուն։ Պատնէշներ կը բարձրացուին Կեդրոնական Պէյրութի մէջ, փակելով Ռիատ Սոլհ հրապարակը եւ խորհրդարան տանող ճամբաները։
19 Դեկտեմբեր. Խորհրդարանական խորհրդակցութիւններ տեղի կ’ունենան եւ Հասսան Տիապ կը նշանակուի վարչապետ։ Ցոյցեր տեղի կ’ունենան Տիապի դէմ։
ՏԱՍՆՄԷԿԵՐՈՐԴ ՇԱԲԱԹ
23 Դեկտեմբեր. Պէյրութի մէջ ցոյցերը կը շարունակուին աւելի մեղմ թափով։ Աւելի ուշ, Նահատակաց հրապարակին վրայ հարիւրաւորներ մաս կը կազմեն Սուրբ Ծննդեան ընթրիքին, օգնելու համար աղքատ եւ չքաւոր ընտանիքներուն։
24 Դեկտեմբեր. Կը յայտարարուի որ զբօսաշրջութիւնը 80% անկում կրած է ցոյցերուն պատճառով։ Աւելին՝ 265 ճաշարան եւ սրճարան փակած են իրենց դռները վերջին երկու ամսուան ընթացքին։
28 Դեկտեմբեր. Հարիրիի համակիրներ ցոյց մը կը կազմակերպեն վարչապետի թեկնածու Հասսան Տիապի բնակարանին առջեւ, կոչ ուղղելով որ վերջինս յետս կոչէ իր թեկնածութիւնը։
29 Դեկտեմբեր. Հակառակ իր դէմ շարունակուող ցոյցերուն Տիապ կը շարունակէ հանդիպումներն ու խորհրդակցութիւնները կառավարութեան կազմութեան շուրջ՝ ամէն ջանք ի գործ դնելով կառավարութեան կազմը յայտարարելու համար ամանորէն առաջ։ Ան կառչած կը մնայ առաւելագոյնը 18 նախարարներէ բաղկացած թեքնոքրաթ կառավարութեան մը կազմութեան։ Միաժամանակ տոլարի փոխանակման սակագինը կը շարունակէ սանձարձակ վերելք արձանագրել լումայափոխներուն մօտ, մինչ պաշտօնական սակագինը կը մնայ նոյնը։
ՏԱՍՆԵՐԿՐՈՐԴ ՇԱԲԱԹ
31 Դեկտեմբեր. Ցոյցերը կը շարունակուին «թիրախային» կեդրոններու առջեւ, ինչպէս ելեկտրականութեան ընկերութեան, Կեդրոնական Դրամատան եւ ղեկավար հեղինակութիւններու բնակարաններուն առջեւ։ Ամանորի գիշերը Պէյրութի Նահատակաց հրապարակը կը հանդիսանայ ժողովրդային տօնական հաւաքավայր։
10 Յունուար. ՄԱԿ կը յայտարարէ որ յետայսու Լիբանան իրաւունք չունի քուէարկելու ՄԱԿ-ի բանաձևերուն, քանի որ երկու տարիէ ի վեր չէ կատարած իր վճարումները։
14 Յունուար. Կառավարութեան կազմութեան ձգձգումին, կազմութեամբ զբաղող քաղաքական ուժերու անհոգութեան, ելեւմտական ու տնտեսական վիճակի յաւելեալ վատթարացումի լոյսին տակ, քաղաքացիական բողոքի շարժումները նոր թափ կը ստանան «Ցասումի շաբաթ» խորագրի տակ, սակայն միաժամանակ դուրս կու գան նաեւ իրենց խաղաղ բնոյթէն: Ցուցարարներ գրեթէ միաժամանակ կը փակեն Պէյրութի եւ լիբանանեան զանազան շրջաններու մայրուղիները։ Հրատապ կ’ըլլայ յատկապէս Համրա պողոտային իրավիճակը, ուր ցուցարարներ կը փակեն Կեդրոնական Դրամատան մուտքերը եւ ուր բախումներ տեղի կ’ունենան ցուցարարներուն եւ ապահովական ուժերուն միջեւ, որոնք կը գործածեն արցունքաբեր ռումբեր։ Իրավիճակը աւելի կը բարդանայ եւ շրջանը կը վերածուի պատերազմի դաշտի, ուր կը ջարդուին դրամատուներու ապակիները եւ մեծ վնասներ կը կրեն հասարակական եւ սեփական ունեցուածքները։ Ըստ Կարմիր Խաչի տուեալներուն, շուրջ 20 հոգի կը վիրաւորուին այս բախումներուն հետեւանքով։
18 Յունուար. «Մենք պիտի չվճարենք գինը»։ Այսպէս կը յանկերգեն ցուցարարներ Լիբանանի 87 միլիառ տոլարի հասնող պարտքին ակնարկելով։ Բախումները կը ստանան արիւնալի բնոյթ, յատկապէս Կեդրոնական Դրամատան առջեւ եւ Կեդրոնական Պէյրութի դրամատուներու թաղամասին շուրջ։ Բախումներուն հետեւանքով կ’արձանագրուի 220 վիրաւոր, ցուցարարներու եւ ապահովական ուժերու շարքերէն։
21 Յունուար. Երկարատեւ բանակցութիւններէ ետք նշանակեալ վարչապետ Հասսան Տիապ կը կազմէ 20 հոգինոց եւ «միագոյն» յորջորջուած կառավարութիւն մը, որ ոմանց կողմէ կը կրէ «Հըզպալլայի կառավարութիւն» պիտակը։ Տիապ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի հետ կ’այցելէ Պաապտայի նախագահական պալատ, ուր նախագահ Միշել Աուն կը հաստատէ նոր կառավարութեան կազմը.
- Վարչապետ՝ Հասսան Տիապ
- Փոխվարչապետ եւ պաշտպանութեան նախարար՝ Զէյնա Աքար
- Ելեւմուտքի նախարար՝ Ղազի Ուազնի
- Ներքին գործոց եւ քաղաքապետութեանց նախարար՝ Մոհամմէտ Ֆահմի
- Արտաքին գործոց նախարար՝ Նասիֆ Հաթթի
- Առողջապահութեան նախարար՝ Համատ Հասան
- Ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարար՝ Ռէմոն Ղաժար
- Տնտեսութեան եւ առեւտուրի նախարար՝ Ռաուլ Նաամէ
- Աշխատանքի նախարար՝ Լամիա Եմին Տուէյհի
- Երկրագործութեան եւ մշակոյթի նախարար՝ Ապպէս Մուրթատա
- Արդարադատութեան նախարար՝ Մարի Քլոտ Նաժըմ
- Կրթութեան եւ բարձրագոյն ուսումի նախարար՝ Թարէք Մաժզուպ
- Մարմնակրթութեան ու երիտասարդութեան նախարար՝ Վարդինէ Օհանեան
- Արդիւնաբերութեան նախարար՝ Իմատ Հուպալլա
- Տեղեկատուութեան նախարար՝ Մանալ Ապտէլ Սամատ
- Հանրօգուտ աշխատանքներու նախարար՝ Միշէլ Նաժժար
- Ընկերային հարցերու եւ զբօսաշրջութեան նախարար՝ Ռամզի Մշարաֆիէ
- Կենսոլորտի եւ Վարչական բարգաւաճումի պետական նախարար՝ Տըմիանոս Քաթթար
- Գաղթականաց հարցերու նախարար՝ Ղատա Շրէմ
- Հաղորդակցութեան միջոցներու նախարար՝ Թալալ Հաուաթ
11 Փետրուար. Ոչ այնքան զգալի աջակցութեամբ եւ ոմանց կարծիքով մինչեւ իսկ սահմանադրական խախտումներով, Հասսան Տիապի գլխաւորած կառավարութիւնը 63 թեր, 20 դէմ եւ մէկ ձեռնպահ ձայներով կը ստանայ Խորհրդարանի վստահութեան քուէն։ Քուէարկութեան օրը, կեդրոնական Պէյրութի, եւ մասնաւորաբար պատնէշապատուած խորհրդարանի շէնքին յարակից փողոցները առաւօտեան ժամերէն սկսեալ թատերաբեմ կը դառնան բուռն բախումներու՝ ապահովական ուժերուն եւ ցուցարարներուն միջեւ, որոնք կը փորձեն խոչընդոտել խորհրդարանի նիստը։