Տ. ՅՈՎՍԷՓ ԳԱԼՍՏԵԱՆ
Armenianchurchco.com
2020-ի Փետրուար 7-9 Հայաստանի հայ կաթողիկէ համայնքներու ընտանիքներու համար կազմակերպուեցաւ հոգեւոր կրթութիւն Երեւանի Սբ. Գրիգոր Նարեկացի ժողովրդապետութեան մէջ, փոխ ժողովրդապետ Տ. Կոմիտաս քհնյ. Դաւէյեանի նախաձեռնութեամբ եւ ջանքերով: Այս կարեւոր միջոցառումը իր տեսակով երկրորդն էր, առաջինը կազմակերպուեցաւ 2019 Յուլիս 11-13՝ «Աղաճանեան կեդրոն»ի մէջ, Տ. Գրիգոր քհնյ. Մկրտչեանի նախաձեռնութեամբ եւ այլ քահանաներու, աշխարհականներու հետ միասնական ջանքերով:
Եռօրեայ հոգեւոր կրթութեան օրակարգը շատ յագեցած էր եւ բաղկացած դասախօսութիւններէ, խմբային քննարկումներէ, Սուրբ Պատարագի եւ աղօթքի պահերով, խորհրդածութեան առիթներով: Հիմնական դասընթացավարը Լեհաստանէն ժամանած աստուածաբան, ընտանիքի հարցերով Եկեղեցւոյ ուսմունքի մասնագէտ Եուրեկ Տեմսկին էր:
Նախ մասնակից զոյգերուն ողջոյնի խօսքով դիմեց Առաջնորդ Արհի. Տ. Ռաֆայէլ Արքեպս. Մինասեան, որ յայտնեց իր հայրական բերկրանքը եւ օրհնութիւնը այսպիսի յոյժ կարեւոր ձեռնարկի մը կազմակերպումին համար եւ, մանաւանդ, ընտանիքներուն՝ իրենց ջերմեռանդ մասնակցութեան համար: Անոր խօսքով, այսպիսի հանդիպումները առիթ են Տիրոջ ներկայութիւնը մեր հայ ընտանիքներու մէջ առաւել գործուն ձեւով զգալու եւ փափաքելու համար:
Փետրուար 8-ին հոգեւոր կրթութեան մասնակիցներուն համար Սուրբ Պատարագ մատուցանեց Տ. Կոմիտաս քհնյ. Դաւէյեան: Ան իր քարոզին մէջ շեշտեց, որ «այն մարդը, որ ընդունած է Քրիստոսը, պարտաւոր է Քրիստոսը կիսել նաեւ դիմացինի հետ: Զոյգերն ալ, որոնք ընդունած են Քրիստոսը, պարտաւոր են չմեկուսանալ իրենց «ես»-ին մէջ, այլ զիրար հետ կիսել Քրիստոսի լոյսը, սէրը, Աստուծոյ Խօսքը եւ միասնաբար ընթանալ դէպի սրբութիւն»:
Դասախօսութեան ժամանակ Եուրեկ Տեմսկիի հիմնական շեշտադրութիւնը այն էր, որ որքան զոյգերը իրար հետ մտերիմ ըլլան, այնքան կը կարողանան միասին քալել սրբութեան ճամբով եւ առաւել մօտենալ Աստուծոյ: Ան ներկայացուց հոգեւոր կեանքի չորս կանոնները.
- գիտակցիլ, որ Աստուած իւրաքանչիւրիս անհատապէս կը սիրէ անսահմանօրէն,
- գիտակցիլ մեր մեղաւորութիւնը, որովհետեւ մեղքը անդունդ կը յառաջացնէ մարդու եւ Աստուծոյ միջեւ,
- այդ անդունդը կարելի է յաղթահարել միայն Քրիստոսի միջոցով, Անոր Խաչով,
- Քրիստոսն է ճշմարտութիւնը եւ ճանապարհը, որպէսզի վերականգնուի մարդու եւ Աստուծոյ միջեւ միութիւնը, հաղորդութիւնը: Զոյգերը պէտք է իրենց կեանքին մէջ տեղ բանան Քրիստոսի համար՝ Զայն դարձնելով իրենց կեանքի առանցքը եւ ոչ թէ՝ սեփական «ես»-ը եւ շահը: Այդպիսով կը սկսի մարդկային եւ ամուսնական կեանքի հոգեւոր վերածնունդը:
Եուրեկ խօսեցաւ նաեւ կին-ամուսին յարաբերութիւններու մասին, յղում կատարեց Աւետարաններէն եւ Պօղոս առաքեալի թուղթերէն՝ փաստելով, որ ամուսինը միշտ կ’ուզէ ընտանիքին մէջ ըլլալ յարգուած, իսկ կինը՝ սիրուած: Միշտ ամուսինն է գլուխը ընտանիքին, ան է պատասխանատու ընտանիքի խաղաղութեան, մարդկային յարաբերութիւններու, երեխաներու դաստիարակութեան թերացումներու մէջ: Ադամի եւ Եւայի մեղսագործութեան պարագային եւս Ադամի պատասխանատուութիւնը աւելի մեծ է, քան Եւայինը:
Ան խօսեցաւ ամուսիններու միջեւ երկխօսութեան զարգացման մասին, որ տարակարծութիւններու յաղթահարման միակ եւ գիտակցուած ճանապարհն է:
Ընտանիքներու հոգեւոր կրթութիւնը աւարտեցաւ կիրակնօրեայ միասնական Սուրբ Պատարագով, որ մատուցուեցաւ դարձեալ ձեռամբ Տ. Կոմիտաս քհնյ. Դաւէյեանի: